Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ի ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՊԱՐՈՆ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆԻՆ

March 18, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

 

Մեծայարգ Պարոն Շառոյեան,

Յարգանքս մե՜ծ է ձեր գրիչին եւ հետեւաբար ալ ձեր անձնաւորութեան հանդէպ:

Առիթը, պատեհութիւնն ու պատիւը չեմ ունեցած ձեզ անձամբ ճանչնալու, սակայն անկարելի է որ ձեր գրութիւնները չկարդամ, «ՊԱՅՔԱՐ», «ԱՐԱՐԱՏ» եւ այլն: Շատ յաճախ կը պատահի, որ թերթերուն լման բովանդակութիւնը չկարդամ կամ չկարենամ կարդալ, սակայն երբ նկատեմ ձեր ստորագրութիւնը, անպայման կը կարդամ (Լ.Շ. տարերը ներառեալ) եւ այն ալ մե՜ծ հաճոյքով: Որպէս «Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան» երկար տարիներու նախկին ատենապետ, առանց ոլորմաշար մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու կ’ուզեմ արագ պատասխան մը տալ տեղին եղած, շինիչ եւ գնահատելի ձեր հարցումին, տալով իմ անձնական կարծիքը:

Հայրենակցական միութիւնները մեծ մասամբ կորսնցուցած են իրենց հեղինակութիւնը եւ կարեւորութիւնը, որովհետեւ աւանդական կուսակցութիւնները չեն հանդուրժեր իրենց ազդեցութեան գօտիէն դուրս բանող կամ իրենց հետ զուգահեռ գործող անկախ կազմակերպութիւններ, միութիւններ կամ շարժումներ:

Ամէնքն ալ (շարժում, միութիւն թէ այլ) պէտք է սղկուած եւ սեղմուած ըլլան իրենց հովանիին տակ: Մէկ խօսքով, «ԱՊԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑԱԾ», անկախ միութիւնները արտօնելի չեն: Մեղմ ըսելու համար, «քաջալերելի» չեն կամ իրենց ներկայութիւնը «հաճելի» չէ:

Բիւ՜ր յարգանք բոլոր քաղաքական հոսանքներուն եւ իրենց տարած աշխատանքին: Դժբախտաբար, սակայն, կարծէք բոլորն ալ կ’անտեսեն, կը մոռնան կամ մոռնալ կը ձեւացնեն թէ՝

  • Միջկուսակցական,
  • Ներկուսակցական,

– Անձնական շահերէ եւ անհատական ատելութիւններէ եկած սուր պայքարները դժգոհութեան հսկայ ալիք մը ստեղծած են հայ զանգուածին եւ մեծամասնութեան մօտ: Այդ բոլորը բաւարար պատճառներ են որ հայ անհատը հեռանայ հայ իրականութէնէն: Մոռնալու չենք նաեւ օտար ամուսնութիւնները եւ օտար վարժարաններ յաճախողներուն ստուար թիւը: Այս բոլոր արդէն իսկ ԱՒԵՐ գործած են հայ իրականութեան մէջ:

«Հայը հայութէնէն հեռանալուն» մտահոգութեամբ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին, քովնտի ակնարկեցինք թէ՝ «բա՛ւ է, ով որ կուսակցական չէ՛, հայ չէ համարուի»: Ապա, ընդհանուրին ներկայութեան շեփորեցինք՝ ըսելով. «ինչպէս 1920-ական թուականներուն հայրենակցական միութիւնները շա՜տ ԱՆԵԼԻՔ ունէին», (արժանավայել կերպով ալ ըրին), «այսօ՛ր ալ ԱՊԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ միութիւնները շատ կարեւոր ԸՆԵԼԻՔ(ներ) ունին: Ոեւէ հայրենակից կրնայ քաղաքական հոսանքի մը չպատկանիլ, օտար ամուսնութիւն կնքած ըլլալ կամ զաւակները օտար դպրոց առաջնորդել, բայց արմատները ԵՐԲԵ՛Ք չի կրնար մոռնալ կամ ուրանալ»:

Շեշտը դնելէ ետք «ԱՊԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ»-ին վրայ, շարունակեցինք՝ ըսելով. «թոյլ տուէք որ հայկականութենէ հեռացող հայրենակիցներու զանգուածները հայրենակցական միութիւններու հովանիին տակ վերադառնան իրենց արմատներուն»:

«Ձայն բարբառոյ, յանապատի»:

Տարիները փաստեցին, որ մեր տեսլականն ու մօտեցումը ճիշդն էր: Բացատրեմ:

2007-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ «Լիբանանի Հայրենակցական Միութիւններու Համախմբում» մը:

Գլխաւոր նպատակ՝

1.- Իրար նեցուկ կանգնելով զօրացնել կամ վերակենդանացնել հայրենակցական միութիւնները:

2.- Նիւթական օժանդակութիւն ապահովել համալսարանական հայրենակիցներուն:

 

Պատկերը շա՜տ գեղեցիկ էր եւ շինիչ:

Ատենապետ՝ Հ.Յ.Դ.

Փոխատենապետ՝ ոչ-կուսակցական

Ատենադպիր՝ Ս.Դ.Հ.Կ.

Գանձապահ, հաշուապահ եւ այլ վարչականներ զանազան հոսանքներէ եւ յարանուանութիւններէ: Ո՛չ մէկ խտրականութիւն:

Վարչական կրկնակի եւ երկարաշունչ ժողովներէ ետք, Ծրագիր-կանոնագիրն անգամ ամբողջացած էր, բա՜յց… բա՛յց, յանկարծ դադրեցան ժողովները: «Ինչո՞ւ»-ին ճիշդ պատասխանը չունիմ, չեմ գիտեր, միայն կրնամ կռահել:

Իմ գուշակութեամբ՝ երեւի՝ 22-23 հայրենակցական միութիւններու կազմակերպուած միասնականութիւնը ահազանգ հնչեցուց «շատերու» մօտ: Ես շատերու ըսեմ՝ դուք «ոմանց» հասկցէք:

Վերջին 12-15 տարիներուն ընթացքին, աւանդական կուսակցութիւնները (գլխաւորաբար մին) քանի-քանի անգամ լուրջ փորձեր կատարեցին իրենց հովանիին տակ համախմբումը կազմելու: Ո՛չ մէկ գործնական արդիւնք:

Կրկնելու գնով ըսեմ. Յարգանքս բոլորին եւ իրենց տարած աշխատանքին, սակայն երկար տարիներու փորձառութիւն մը, համեստիս թոյլ կու տայ ըսելու.

«Ժամն է որ բոլորը (բոլորս) գիտակցինք, թէ գոյութիւն ունի մեծ թիւով հայ զանգուած մը, որ կուսակցական պիտակաւորում չ’ուզեր ունենալ: Եթէ պատահի որ անտեսենք այս իրականութիւնը եւ հակառակը պնդենք (կամ ստիպենք), զանոնք աւելի ու աւելի կը հեռացնենք հայութենէն»:

Առայժմ այսքան:

Ամենայն բարի՛ք բոլորին:

 

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Share67Tweet42
Previous Post

ՊԱՏԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵ՞Ն ՄԵԶ – 2

Next Post

Հ.Մ.Մ.-ԹՈՄԱՐԶԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ

Next Post
Հ.Մ.Մ.-ԹՈՄԱՐԶԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ

Հ.Մ.Մ.-ԹՈՄԱՐԶԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.