Կը հաւատա՛մ պատէն կախուած լուսանկարներու ներգործութեան՝ մեր հոգեբանութեան, մտածական աշխարհին ու խիղճին վրայ։ Երանի՜ թէ այդ լուսանկարներուն թիւը աւելցնենք։ Երանի՜ թէ մեր հայկական վարժարաններուն իւրաքանչիւր դասարանի պատէն կախենք գրողի մը, ազգային նուիրեալ դէմքի մը, վաստակաւոր ու բարեհամբաւ տնօրէնի մը կամ դաստիարակի մը լուսանկարը. տեղ մը՝ Ալիշան ու Խրիմեան Հայրիկ, ուրիշ տեղ մը՝ Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարուժան, այլ տեղ մը՝ Մեծն Տիգրան ու Հայկ Նահապետ, անդին՝ Ծառուկեան մը, Սիմոն Սիմոնեան մը, Սայաթ Նովա մը, զօրավար Անդրանիկ մը, Մարտիրոս Սարեան մը, Աճառեան մը, Կոմիտաս մը, Արամ Խաչատրեան մը…։
Անոնք բարոյապէս ուղեցո՛յց կրնան ըլլալ մեզի ու մեր զաւակներուն։
Լուսանկարը կենդանի ու շօշափելի կը դարձնէ անհետացած դէմքերուն յիշատակը։ Լուսանկարը «կը կենդանացնէ» մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հարազատներուն կամ ծանօթներուն ոգին…։ Առանց լուսանկարի՝ տարտամութիւնն ու մշո՛ւշն է որ կը պատէ այդ ննջեցեալներուն մասին մեր պատկերացումները…։
Այս մասին ցնցիչ անդրադարձում մը ունեցեր էի տարիներ առաջ, երբ այցելեր էի Պոլիս՝ արեւմտահայ մեր մշակոյթին երբեմնի օրրանը։
Բարեկամներս զիս ազնուօրէն առաջնորդեր էին նախ Գումգաբու, հայոց Ազգ. Պատրիարքարանը, այնուհետեւ՝ Ետիգուլէ, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց։
Պատրիարքարանի մայր դահլիճին պատերէն կախուած երբեմնի պատրիարքներուն խոշոր լուսանկարները խորապէս տպաւորած էին զիս։ Ներսէս Վարժապետեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Իզմիրլեան, Եղիշէ Դուրեան, Մեսրոպ Նարոյեան, Գարեգին Խաչատուրեան-Տրապիզոնի, Շնորհք պատրիարք իրենց ծանր շուքը կը ձգէին կարծէք իմ վրայ՝ ապակեայ շրջանակեալ իրենց լուսանկարներուն ընդմէջէն։
Աւելի հիները, ԺԹ. դարու պատրիարքները, բոլորովին նոր դիմագիծեր կը բերէին ինծի։
— Հա՜, ա՞յս էր ուրեմն Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքը, ա՞յս էր Գէորգ Քէրէսթէճեանը (յետոյ՝ Էջմիածնայ գահակալ), ա՞յս էր պրուսացի Պօղոս Թաքթաքեանը, ա՞յս էր Խորէն Աշըգեանը,– հարց կու տայի ես ինծի։
Նոյն պատկերը պիտի կրկուէր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին երդիքին տակ եւս, սակայն քիչ մը տարբեր անդրադարձումով։
Հոս, բժշկապետութեան ժողովասենեակին մէջ, շատ բծախնդիր դասաւորումով, պատերուն վրայ քով-քովի շարուած էին շրջանակեալ լուսանկարները հիւանդանոցի նախկին բոլո՜ր բժշկապետերուն։ Քանի որ հայոց հիւանդանոցը հիմնուած էր 1832-ին («Գազազ» Արթին ամիրա Պէզճեանի նախաձեռնութեամբ), ուրեմն, շուրջ 170 տարիներու իրերայաջորդ հայ բժշկապետերու լուսանկարներն էին որ կը տողանցէին պատերուն վրայ…։ Հոն կը տեսնէի տոքթ. Գրիգոր Մոզեանը, տոքթ. Միքայէլ Խորասանճեանը, տոքթ. Վիչէն Օրմանեանը (Օրմանեան սրբազանին եղբայրը), տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանը (Մեծ Եղեռնի զոհերէն), տոքթ. Գրիգոր Դաւիթեանը, տոքթ. Սարգիս Նահապետեանը, տոքթ. Հրանդ Փէշտիմալճեանը, տոքթ. Հայրօ Հայրապետեանը եւ այլն, եւ այլն։
Բայց կէտ մը կար, որ զարմացուցած էր զիս։ Լուսանկարներու շարքին մէջ կային նաեւ 6-7… դատարկ շրջանակներ։ Այո՛, ապակեպատ դատարկ շրջանակներ, առանց լուսանկարի, այլ միայն անունի նշումով։ Հասկնալի էր. հին շրջաններու կարգ մը բժշկապետերու լուսանկարները կարելի չէր եղած գտնել եւ ուստի այդ «անբախտ»-ները տեղ գտած էին իրենց բախտաւոր պաշտօնակիցներուն կողքին՝ լոկ անունով…։
Այդ պահուն է ահաւասիկ, որ զգացի լուսանկարի մը արժէքը։ Բախտաւոր բժշկապետերը իրենց հայեացքով, դիմագիծով, հագուածքով կը դրոշմուէին իմ մտքին մէջ, մինչդեռ միւսները՝ լուսանկար չունեցող «անբախտ»-ները, չէին յաջողեր դոյզն զգացում մը արթնցնել իմ ներսիդին…։
*
Երկու պատկեր եւս։
ա) Դպրոցին մէջն եմ, եւ հայոց լեզուի ամսական քննութեան պահն է։ Սովորութիւն է քննութեան ատեն աշակերտները հաւաքել վարժարանի գրադարանին մէջ, որ ընդարձակ յարմարաւէտ դահլիճ մըն է՝ գիրքերով բեռնաւոր դարաններով։ Դահլիճին պատերն ալ զարդարուած են մեր ամէնէն համբաւաւոր գրողներուն խոշոր դիմանկարներով. Սիլվա Կապուտիկեան, Յովհաննէս Շիրազ, Սիամանթօ, Գուրգէն Մահարի, Պարոյր Սեւակ, Գամառ-Քաթիպա եւ այլն։
Պահ մը, խթանելու համար տղաքը, քիչ մըն ալ կատակով՝ ըսի իրենց.
— Տղա՛ք, տեսէ՛ք, Մեծարենցն ու Ռուբէն Զարդարեանը պատէն ձեզ կը դիտեն ու… կ’օրհնեն։ Անսխալ ու կատարեա՛լ պատասխանեցէք քննութեան հարցումներուն։
Տղաքը, բոլորը մէկ, իրենց նայուածքը դարձուցին դէպի պատը ու այս անգամ, քննութիւնը մոռցած, սկսան հարցնել թէ ո՞րն էր Մեծարենցը, ո՞րն էր Զարդարեանը, անոնց կողքին կախուած լուսանկարները որո՞նց կը պատկանէին…։
Բան մը շարժե՞ց այս անդրադարձումը մեր պատանի տղոց ներսիդին,– չեմ գիտեր։ Բայց թերեւս, այսուհետեւ, այդ տղոցմէ ոմանք ամէն անգամ որ գրադարանի դահլիճը մտնեն հերթական գրաւոր քննութեան համար, պահ մը իրենց հայեացքը սեւեռեն պատերուն ու աչք-աչքի գան Մեծարենցին, Թումանեանին ու Իսահակեանին հետ։ Ու վստահ եմ որ այդ մեծերը իրենց երկնային օրհնութիւնը չեն զլանար անոնց…։
բ) Քանի մը սիրուն լուսանկարներ հասան ինծի Թաւրիզէն։
Թաւրիզը Իրանի հիւսիսային քաղաքներէն մէկն է, պատմական Ատրպատականի հռչակաւոր ոստանը։ Հոն, առ այսօր, ունինք նօսրացած բայց աշխոյժ գաղութ մը, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ նաեւ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ։ Այստեղ, մղիչ ուժ մըն է անշուշտ թեմին գրասէր ու մտաւորական առաջնորդը՝ մեր սիրեցեալ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանը։
Այս ցուցահանդէսները կը սարքուին տեղւոյն Ազգ. վարժարանի գրադարանին մէջ, որուն պատերը, դատելով նկարներէն, գեղեցկօրէն զարդարուած են ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ։
Պատկերը հմայիչ է։ Գիրքերով ծանրաբեռնուած դարաննե՜ր, ցուցադրուած կամ վաճառքի հանուած գոյնզգոյն գիրքե՜ր եւ պատէն կախուած գրողներու դիմանկարնե՜ր, որոնք օրհնութիւն կը ցօղեն այցելուներու գլխուն…։
Լ. Շ.