«Ermenihaber»-ը կը գրէ․ Թրքական «T24» լրատուական կայքը եութուպեան ալիքով հրապարակածէ լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Պինանչ Եալչընի հետ հարցազրոյցը, ուր Եալչըն ներկայացուցած ու ամփոփած է Հայաստան կատարած այցն ու կիսուած է տպաւորութիւններով։
«Հայաստանէն ոչ-աւանդական ուղերձներ Անքարային» վերնագրով հարցազրոյցին մէջ Եինանչ լրագրողներու Հայաստան կատարած այցը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հարցազրոյցը որակած է պատմական։
Հաղորդման տարբեր հատուածներուն մէջ ՀՀ վարչապետին քաղաքականութիւնը որակուած է «թապուներ կոտրող», իսկ կառավարման մեթոտները՝ «ոչ-աւանդական»՝ նկատի ունենալով վարչապետին հրապարակումները, յայտարարութիւնները, հանրային փոխադրամիջոցէն օգտուիլը։
Լրագրողը քանի մը անգամ նշած է, որ ՀՀ վարչապետը յառաջ քաշած է «իրական Հայաստան» հայեցակարգը, որով կը փորձէ ըսել՝ ՀՀ-ն այս տարածաշրջանին մէջ յստակ սահմաններով երկիր է։ Բացի անկէ, ըստ անոր, այս նոր մօտեցմամբ Փաշինեան Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու հարցով ուղերձներ կը յղէ թէ՛ իր հանրութեան, թէ՛ Թուրքիոյ։
Եինանչ նշած է, որ Հայաստան անընդհատ քայլեր կ’ընէ թէ՛ Անքարայի եւ թէ՛ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, սակայն անոնք իրական արդիւնք չեն տուած։ Ան ընդգծած է, որ իր տպաւորութեամբ արդիւնքի բացակայութիւնը մեծ հիասթափութիւն կ’առաջացնէ Հայաստանի մէջ։
Եինանչ քննադատական գնահատականներ հնչեցուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ մօտեցման վերաբերեալ՝ չափազանցուած համարելով 3 միլիոննոց Հայաստանէն տարածքային պահանջներու մասին թրքական կողմին պնդումները։
Ան ընդգծած է, որ սահմաններու բացումը պիտի աշխուժացնէ սահմանային շրջաններուն մէջ առեւտուրը, զբօսաշրջութիւնը, իսկ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային գուցէ նաեւ Սփիւռքի դիրքորոշման մեղմացում ըլլայ։
Ան նշած է, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի բացակայութեան հարցով մեծ է Ատրպէյճանի գործօնը։ Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Թուրքիան նոյնիսկ նուազագոյն քայլ չկատարէ, քանի դեռ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր չէ կնքուած։ Այդպիսով՝ Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հզօրի դիրքերէն հանդէս կու գայ եւ անընդհատ նոր պայմաններ կը ներկայացնէ։ Հայ պաշտօնեաները կ’ըսեն, որ Ատրպէյճանի պատճառով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու արգելափակումը, իրականութեան մէջ կը բարդացնէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։