Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հիմնադիր ղեկավար Քամալ Ճոմպլաթի ահաբեկման 48-րդ տարելիցին առիթով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Կիրակի, 16 Մարտ 2025-ին, այցելեց Մուխթարա, ուր Ճոմպլաթ ընտանիքի պալատի շրջափակին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Քամալ Ճոմպլաթի յիշատակի ոգեկոչումի հանդիսութեան։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանը եւ Լիբանանի շրջանի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։
Ոգեկոչումի պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի անդամ ընկերները Մուխթարայի պալատին մէջ կարճ տեսակցութիւն ունեցան Ընկերվար յառաջդիմական Կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթի հետ, ներկայութեամբ նախկին կուսակցապետ Ուալիտ Ճոմպլաթի:
ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի ատենապետը այս առիթով ըսաւ. «Մեր այսօրուայ այցելութեան նպատակը ուսուցիչ Քամալ Ճոմպլաթի գաղափարներուն վերանորոգումն է՝ մեր յարգանքը յայտնելու անոր անմահ յիշատակին։ Նահատակ ուսուցիչին հռչակը տարածուած էր լեռնալիբանանէն հասնելով մինչեւ համաշխարհային հարթակներ: Ան ընկերային արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ յանուն մարդկութեան համար պայքարող նախամարտիկ մըն էր»։
Տեսակցութեան աւարտին կողմերը վերահաստատեցին յաճախակի գործնական այցելութիւններու կարեւորութիւնը՝ ամրապնդելու համար երկկողմանի պատմական կապերը։ Ապա, ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ մը զետեղեց նահատակ ուսուցիչ Քամալ Ճոմպլաթի շիրիմին։