Ապահովական դրութիւնը փխրուն էր նաեւ Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ, ուր Արեւմտեան Պեքաայի հարաւային Հումա-Լըպպայա գիւղը ենթարկուեցաւ օդային հարուածի, կրելով նիւթական վնաս: Կարճ ժամանակ ետք թիրախաւորուեցաւ մերձակայ Զըլլայա գիւղին բարձունքները: Երեկոյեան ուղղուելով աւելի հիւսիս, իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց պատմական Շքիֆ Արնուն ամրոցին շրջակայքը:
Կ’ակնկալուի, որ զինադադարին հետեւող հինգակողմ յանձնախումբի պատուիրակութիւնը այսօր տեսակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ՝ քննարկելու համար հարաւային ու ներքին ապահովական զարգացումները: Չէ բացառուած նաեւ, որ իսրայէլեան կողմը Լիբանան վերադարձնէ զինուոր մը, որ 9 Մարտին գերեվարուած էր սահմանային Քֆարշուպայի մէջ քաղաքացիական զգեստով շրջագայած ատեն: