Լիբանանեան բանակի նորանշանակ հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ զինուորականներուն հրապարակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ խոր հպարտանք արտայայտեց այս զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնը վարելու եւ նախարարներուն վստահութեան արժանանալու համար: «Վստահութիւնը կ’ենթադրէ մեծ պատախանատուութիւն, ուստի այս դժուարին օրերուն առաւելագոյն ջանք պիտի թափեմ՝ պատուով պահպանելու համար Լիբանանի անվտանգութիւնը», յայտնեց զօրավար Հայքալ:
Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան նորանշանակ ընդհանուր տնօրէն զօրավար Հասան Շուքէյր պաշտօնը ստանձնելու արարողութեան ընթացքին պաստրաստակամութիւն յայնտեց զարգացնելու Լիբանանի միջազգային յարաբերութիւններն ու ապահովական համագործակցութիւնը, յանձնառութիւն յայտնելով միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ սերտ յարաբերութիւններու մշակումին՝ փոխանակելու համար կարեւոր տեղեկութիւններ եւ փորձառութիւն: