Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն անընդունելի համարեց լիբանանեւսուրիական սահմանային գօտիին վրայ վերջին շրջանին սրած լարուածութիւնը, հաւաստիացնելով որ անհրաժեշտ ցուցմունքները տուած է լիբանանեան բանակին՝ հակադարձելու սուրիական կրակակէտերուն: Աուն այս հարցով հաղորդակցեցաւ Պրիւքսէլ գտնուող արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժիի հետ՝ պահանջելով խորհրդակցիլ «Սուրիոյ ապագային զօրակցող 9-րդ համագումար»-ին մասնակցող սուրիական պատուիրակութեան հետ ու պահանջել սահմանային խնդիրներու անյապաղ լուծում, որպէսզի հետագային չկրկնուին վերջին օրերուն միջադէպերը:
Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս վստահեցուց, որ լիբանանեան բանակը պիտի հակադարձէ բոլոր խախտումներուն, մինչեւ սուրիական կողմէն կատարուուղ հրաձգութեան ամբողջական դադրեցումը: Նախարարին համաձայն, իրավիճակը վատթարացած էր նախանցեալ օր սուրիացի երեք մաքսանենգողներու սպանութեան լոյսին տակ: «Պիտի խստացնենք սահմանային վերահսկողութիւնը եւ կ’առաջարկենք սուրիական կողմին հետ կազմել սահմանային դիտարկումի յանձնախումբ», ըսաւ նախարարը՝ յստակացնելով, որ Լիբանան ոչ թէ կը ռմբակոծէ սուրիական հողերը, այլ պարզապէս կը հակադարձէ խախտումներուն: Ան յիշեցուց նաեւ, որ սպաննուած սուրիացի մաքասանենգողներուն մարմինները Կարմիր Խաչին միջոցաւ յանձնուած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն: Կառավարութիւնը պահանջած է սերտացնել համադրումը լիբանանեան եւ սուրիական համապատասխան կառոյցներուն միջեւ՝ կանխելու համար միջադէպերու կրկնութիւնը: