Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւս հետեւեցաւ Սուրիոյ հետ սահմանային զարգացումներուն եւ իր այցելուներուն հետ կատարած քննարկումներուն ընթացքին շեշտեց, թէ լիբանանեան բանակը պէտք է ըլլայ լիբանանեան սահմանի հիմնական պահապանը:
Իսկ նախկին նախագահ Միշէլ Աուն կոչ ուղղեց անյապաղ գումարելու Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը՝ դիմակայելու համար Լիբանանի դէմ ցցուած վտանգները: