Հարաւի մէջ տիրող ապահովական տակաւին անկայուն կացութեան զուգահեռ, լիբանանցիները այժմ կը դիմագրաւեն նոր վտանգ մը՝ արեւելեան ճակատին վրայ: Հրաձգութիւնները երէկ շարունակուեցան Հըրմէլ գաւառի սահմանային գիւղերուն ուղղութեամբ, կեդրոնանալով մանաւանդ լիբանանեան Քասր գիւղին եւ անոր մերձակայ շրջաններուն վրայ, հասնելով մինչեւ Մուշրիֆէ եւ պատճառելով յաւելեալ վնաս: Քասրի քաղաքապետը աւելի ուշ յայտնեց, թէ ոտնձգութիւնները դադրած են լիբանանեան բանակին միջամտութեամբ, խոստանալով միշտ աջակցիլ զինուորներուն: Ըստ ապահովական տուեալներուն, չորս զինեալներ՝ ներառեալ երկու սուրիացի Ըտլիպէն եւ մէկ չեչէն վարձկան, փորձած են մուտք գործել Լիբանան, սակայն անոնց դէմ-յանդիման ելած են շրջանի լիբանանեան ցեղախումբերուն զինուած խմբաւորումները: Երէկ առաւօտեան հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ սահմանային մերձակայ շրջանի մը մէջ յայտնաբերուած է երկու լիբանանցիի մարմին: Ըստ նախնական տուեալներուն, անոնք լիբանանեան Ֆատիլիէ գիւղէն առեւանգուած էին Սուրիայէն ժամանած զինեալներու ձեռամբ եւ սպաննուած՝ Մաթրապա շրջանին մէջ: Սակայն աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ սուրիացի զինեալները չեն ներթափանցած լիբանանեան շրջաններուն մէջ, այլ առեւանգումը եւ սպանութիւնը կատարած են սահմանային Հաուշ Սեյիտ Ալի գիւղի սուրիական հատուածէն: Լիբանանեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ լիբանանեան սահմանային գիւղեր կրակոցներու ենթարկուած են սուրիական հողերէն, իսկ այդ շրջանին մէջ տեղակայուած զինուորական դիրքերը հակադարձած են կրակակէտերուն՝ հակակշիռի տակ առնելով դրութիւնը: