Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎3 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

March 15, 2025
in Այլազան
0
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎3  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

 

   

    «ԱՐԱՐԱՏ», 2-7 Մարտ 1970

Այս շաբաթ դա՛րձեալ կը յիշատակեմ Մարտիրոս Սարեանը, որուն ծննդեան 90-ամեակին առիթով սիրուն գրութիւն մը ստորագրեր է հայրենի լրագրող Վանիկ Սանթրեան։ «Արարատ» այդ գրութիւնը տպեր է երկու յաջորդական թիւերով։ Սանթրեան կը պատմէ որ Հայաստանի մեծանուն գեղանկարիչը իր աչքերը լոյսին բացեր էր Նոր Նախիջեւանի մէջ, 28 Փետրուար 1880-ին, ուստի՝ 1970-ը անոր ծննդեան 90-ամեակն էր։ Իր 90-րդ տարեդարձին օրը, երբ Սարեան արթնցաւ՝ ականատես դարձաւ ամէն կողմէ տեղացող շնորհաւորանքներու։ Բնակարանը լեցուեցաւ ծաղիկներով։ Հեռախօսազանգերը դադար չունեցան։ Կինը (որ Ղազարոս Աղայեանի դուստրն էր), զաւակներն ու թոռները շրջապատեցին զինք գորովով։ Բազմաթիւ երեւելի դէմքեր այցելեցին իրեն։ Մինչեւ իսկ Մոսկուայէն պետական դէմքեր (ի միջի այլոց՝ վարչապետ Ալեքսէյ Քոսիկին) հեռագրով ողջունեցին զինք։ Այս բոլորին դիմաց, Սարեան սա՛պէս արտայայտուեցաւ.

— Ես ինիսուն տարեկան եմ, սակայն ինձ թւում է, թէ այդքան չկամ։ Ի՜նչ արագ է անցնում կեանքը։ …Իմ կեանքում մի միտք չի լքել ինձ։ Ես համոզուած եմ, որ բնութիւնը ծնում է մարդուն, որպէսզի նա նայի իրեն ու հիանայ նրա անվախճան գեղեցկութեամբ։ Իսկ մարդը իր կեանքով, իր աշխատանքով, իր հաւատքով պէտք է արդարացնի այն պարգեւը, որ ինքը ստացել է բնութիւնից։ Եթէ իմ ստեղծագործութեամբ ես թէկուզ մի կաթիլ կարողացայ հարստացնել մարդկանց աշխարհը, ապա ես երջանիկ եմ…։

    Սարեան այս աշխարհէն պիտի հեռանար 90-ամեակի իր տարեդարձէն շուրջ երկու տարի անց՝ 5 Մայիս 1972-ին։ Անմա՜հ վարպետ։

Վահրամ Փափազեան դա՛րձեալ գրեր է Ամերիկայէն։ Ան տեւաբար դժգոհութիւններ ունի։ Այս անգամ ալ կը գանգատի ԱՆՉԱ-էն ու Ճորճ Մարտիկեանէն։ Ծանօթ անուններ են ասոնք՝ այդ թուականներու ժամանակակիցներուն համար։ ԱՆՉԱ Միջին Արեւելքէն ու արեւելեան Եւրոպայէն մեծաթիւ հայեր կը փոխադրէր Ամերիկա, իսկ Ճ. Մարտիկեան կը հովանաւորէր այդ աշխատանքը Սան Ֆրանսիսքոյի իր նստավայրէն…։

Հ.Բ.Ը.Միութեան «Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամ»-ը, որ հիմնուած էր 1967-ին, զեկոյցով մը բացատրեր է իր նպատակը։ Անիկա նպաստ պիտի յատկացնէ եղեր տարեց ու վաստակաւոր ազգայիններու, պիտի հրատարակէ գիրքեր (մրցանակով), պիտի օժանդակէ երիտասարդական ու մշակութային կազմակերպութիւններու։ 1970-71 տարեշրջաններուն համար նկատի առնուեր է հարիւր հազար տոլար։ Հիմնադրամին վարչական կազմը կը բաղկանայ եղեր հետեւեալ անձերէն. Ալեք Մանուկեան (պատուոյ նախագահ), փրոՖ. Տենիս Փափազեան, Զարեհ Մելքոնեան, փրոՖ. Էմմանուէլ Վարդանեան, Արշաւիր Կէօնճեան եւ Միսաք Հայկենց։ (Ի դէպ, մի՛շտ անխուսափելի է հարցումը. ինչո՞ւ Հ.Բ.Ը.Մ. չտեւականացուց բարերար Ալեք Մանուկեանի անունը անմահացնող այդ երախտարժան հիմնադրամը ու դադրեցուց անոր գործունէութիւնը…)։

Ուրիշ ի՞նչ յօդուածներ կը տեսնենք այս շաբաթ։

Տոքթ. Եր. Սերոբեան բժշկագիտական իր սիւնակին մէջ կը խօսի մեր «Ինքնաշխատ սիրտ»-ին մասին։ Ան կը հաստատէ, որ սրտին անդադար գործունէութիւնը մինչեւ մեր կեանքին վերջին րոպէն «մէկն է կենդանական օրկանիզմի ներդաշնակութեան հրաշալիքներէն»։

    Մինաս Գանգրունի հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ այն նորատիպ հրատարակութիւնները, որոնք լոյս տեսան Երեւան, Կոմիտասի 100-ամեակին առիթով։ Ասոնց մէջ են Ցիցիլիա Բրուտեանի, Իզապէլլա Եոլեանի, Ռոբերտ Աթայեանի եւ Գէորգ Գոթակեանի երաժշտագիտական ուսումնասիրութիւնները։

Կարօ Գրիգորեան, ինչպէս միշտ, ներկայացուցեր է «Այս շաբթուան Ֆիլմերը» (մտահան չընել այն պարագան, թէ այդ տարիներուն դեռ ընդհանրացած չէր պատկերասփիւռը մեր բնակարաններէն ներս։ Մարդիկ յաճախ սինեմա կ՛երթային՝ զբօսնելու ու նոր Ֆիլմեր դիտելու համար)։

Ս.Ն. (հաւանաբար՝ Սարգիս Նաճարեան) արագ քաղուածք մը կատարեր է լիբանանեան մամուլէն՝ Ֆրանսայի նախագահին Ամերիկա այցին վերաբերեալ։ Իր «պեղած» թերթերն են «Ալ-Շաապ»-ը, «Պէյրութ Մէսէ»–ն, «Ալ-Պայրաք»-ը, «Ալ-Անուար»-ը, «Սաութ էլ Ուրուպա»-ն եւ «Ալ-Մուհարրէր»–ը։ Այս թերթերէն մէկն ու մէկը կը գոյատեւէ՞ առ այսօր…։

Հայաստանէն լուր մը կայ. հրատարակուեր է պատմաբան Վրէժ Վարդանեանի մէկ աշխատասիրութիւնը, որ մանրամասն կը խօսի եղեր Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան աւելի քան մէկ դարու պատմութեան մասին (908-1021)։ Այս պատմագիրքին պատրաստութեան համար հեղինակը օգտագործեր է եղեր հայ թէ օտար 150 սկզբնաղբիւր։

Սփիւռքեան լուր մըն է Գրիգոր Շմաւոնեանի մահուան գոյժը։ Ողբացեալը փարիզեան շրջանի «հնչակեան հաւատարիմ ուխտեալ» մըն է եղեր, ծնեալ՝ 1898-ին, Պրուսայի Սէօլէօզ գիւղը (Յակոբ Օշականն ալ այդտեղէն էր – Լ.)։ Դագաղին վրայ դամբանախօսութիւն կատարեր է իր գաղափարի ընկերներէն Նազարէթ Պշտիկեան։

Թերթին յղուած սեփական թղթակցութիւն մըն ալ ներայացուցեր է «Ազգային կեանքը Գանատայի մէջ»։ Հոն կը կարդանք. «Ս. Էջմիածնի հոգեւոր գերակայութիւնը ճանչցողներս կ՛աշխատինք ունենալ մեր եկեղեցին եւ հաւաքավայրը։ Անթիլիասականներն ալ կ՛աշխատին մեզի նման խոշոր եկեղեցի ունենալ։ Երկու կողմերն ալ իրենց ապագայ եկեղեցիին, հաւաքավայրին եւ մարզարանի հողը ունին, իսկ շինութիւնը ամէն մէկուն պիտի արժէ մօտ 650 հազարական տոլար…։ Մրցումի մէջ ենք անթիլիասականներուն հետ, սակայն մրցումը մե՛նք պիտի շահինք…» եւ այլն, եւ այլն։

Տեղական լուրերէն մին այն է, թէ «Լիբանան եւս հանդիսաւորապէս կը նշէ Լենինի ծննդեան 100-ամեակը» (լուրին խորագիրն է)։ Հրապարակային մայր ձեռնարկէ մը զատ՝ պիտի ցուցադրուին եղեր ֆիլմեր, հրատարակուին գրքոյկներ, պիտի կայանայ նկարահանդէս։

Շահէ Տատուրեան՝ Երեւանի ռատիոյի արտասահմանեան հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիրը, որ միամսեայ այց մը կատարեր էր Պէյրութ, վերադարձեր է Երեւան։

Սամօ (Սարգիսեան) թղթակցութիւն մը ստորագրեր է Ն.Ս.Մ.Մ.-ի գրական այն ձեռնարկին մասին, որ նուիրուեր էր հայաստանցի երեք բանաստեղծներու յիսնամեակին (26 Փետրուար, Հ.Մ.Մ.-ի Տուն)։ Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը կատարեր է Յարութիւն Աբարտեան։ Սիլվա Կապուտիկեանի մասին խօսեր է օրդ. Շուշանիկ Մոլոյեան (որուն ելոյթին պատճէնը տեղ գտած է շաբթուան «Գրական էջ»–ին մէջ), Հրաչեայ Յովհաննիսեանի մասին՝ Պէպօ Սիմոնեան, իսկ Գէորգ Էմինի մասին՝ Վահէ-Վահեան։ Եզրափակիչ խօսք արտասաներ է Շահէ Տատուրեան (Երեւանէն)։

Ազգային-միութենական ծանուցումները զիրար կը հրմշտկեն այս շաբաթ.

— Հաճնոյ Հայրենակցական ու Երիտասարդական զոյգ միութիւնները իրենց տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի սարքեն եղեր 11 Ապրիլին։ Բայց անկէ առաջ, 8   Մարտին, Երիտասարդականը ձիւնագնացութիւն մը կազմակերպեր է եղեր դէպի Լաքլուք։

— Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Տխրունի ուսանողական միութիւնը դասախօսութեան մը հրաւիրեր է իր համակիրները, 9  Մարտին, Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի սրահը։ Պիտի դասախօսէ եղեր ընկ. Հրանդ Գանգրունի, նիւթ ունենալով «Իթթիհատ եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը»։

— «Բանուորական մեծ հաւաքոյթ» մը կազմակերպեր է եղեր Ատաղձագործ բանուորներու սենտիքան, 8   Մարտին, Սինէ Ռիվիերայի մէջ (Նահր պողոտայ, երկաթէ կամուրջին կից)։ Խօսք առնողներուն մէջ կայ նաեւ հայ մը՝ Յարութիւն Պավուկեան։

— Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի «Տիկնանց օժանդակ մարմին»-ի նախաձեռնած տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր14  Մարտին, Էնթէրնասիոնալ պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Գէորգ Կարմիրեանի։

— Լիբանանահայ գեղարուեստասիրաց միութիւնը պիտի հովանաւորէ եղեր ջութակահար Մանուկ Բարիքեանի նուագահանդէսը, 13 Մարտին, Էսեմպլի Հոլի մէջ։ Ջութակահարին պիտի ընկերակցի եղեր մեթր Միշէլ ՉեսքինոՖ՝ դաշնակով։

 

 

*

Այսօրուան սիւնակը եկէ՛ք փակենք քերականական նշումով մը, որ մասամբ… երգիծական է։

Ուրեմն, 3 Մարտ 1970-ի իր թիւով «Արարատ» կը խորագրէ. «Ընկերվարականները յաղթական Աւստրիոյ ընտրութեանց մէջ»։

    Ի՞նչ հասկնալ այս նախադասութենէն։ «Յաղթական»-ը ընկերվարականնե՞րն են, թէ՞ Աւստրիան։ Շփոթը կամ երկմտանքը գլուխ կը ցցէ փոքրի՜կ ու աննշան բութի մը բացակայութեան պատճառով։ Բո՛ւթ մը աւելցուցէք «յաղթական» բառին վրայ ու ամէ՜ն ինչ կը յստականայ։ «Ընկերվարականները յաղթական՝ Աւստրիոյ ընտրութեանց մէջ»։ Այստեղ, բութը փոխարինեց զեղչուած ստորոգիչը։ Այսինքն, փոխանակ ըսելու «Ընկերվարականները յաղթական ԴԱՐՁԱՆ Աւստրիոյ ընտրութեանց մէջ», բութով մը կրճատեցինք նախադասութիւնը։ Եւ այս մէկը շատ ընթացիկ ու խրախուսելի գրելաձեւ է։

Թերթին միեւնոյն թիւին մէջ (եւ միշտ Ա. էջին վրայ) ահա՛ խորագիր մըն ալ. «Մեղմացնելու համար Ֆրանսայի նախագահին ԹԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ Նիքսըն ներողութիւն խնդրեց Փոմբիտուէն» (ընդգծումը՝ իմ կողմէ)։ Այդ տարիներուն, Նիքսըն Միացեալ Նահանգներու նախագահն էր, իսկ Փոմբիտու՝ Ֆրանսայի։ Այս վերջինը Ամերիկա կատարած իր այցելութեան ընթացքին թիրախ դարձեր է հրեայ ցուցարարներու բողոքին։ Հիւրընկալ երկրին նախագահն ալ ներողութիւն խնդրեր է անկէ։ Եւ սակայն, ի՞նչ կը նշանակէ «մեղմացնել…թարմութիւնը»։ Ակնբախ է, որ այստեղ գործածուեր է սխալ ու անհեթեթ բառ մը, ցաւալի վրէպի մը հետեւանքով։

Կ՛առաջարկեմ հեռացնել այդ «թարմութիւն»-ը ու զայն փոխարինել «դառնութիւն» գոյականով։ «Մեղմացնելու համար Ֆրանսայի նախագահին ԴԱՌՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ Նիքսըն ներողութիւն խնդրեց Փոմբիտուէն»։ Այո՛, հիմա «քարերը նստան իրենց տեղերը»…։ Փոմբիտու դառնացեր էր իր դէմ եղած ցոյցերէն, Նիքսընն ալ ուզեր էր մեղմացնել իր հիւրին դառնութիւնը…

 

                                                                                                                                 ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

                                                                                                                                       (Հալէպ)

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Next Post

ԱՊԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

Next Post
ԱՊԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

ԱՊԱԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԷՆ ԱՐԵՒԵԼՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.