Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

March 15, 2025
in Յօդուածներ
0
Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

 

 

Քոչարեանի եւ Սարգսեանի կողմնակիցներուն միջեւ անհանդուրժողութիւնը մակերես դուրս գալով այժմ վերածուած է լիարժէք պատերազմի ու կողմերը հրապարակաւ զիրար կ՛ամբաստանեն իշխանութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին «յանձնելու» մէջ:

Այս լեզուակռիւը ծայր առաւ երբ Ռոպերթ Քոչարեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ իր կողմնակիցները չեն ընդունիր Սերժ Սարգսեանը, իսկ Սարգսեանի կողմնակիցները չեն ընդունիր՝ զինք: Նման խօսք հրապարակ նետելով Քոչարեան կանաչ լոյս բացաւ իր կողմնակիցներուն առջեւ, որպէսզի յարձակումի անցնին ու Սերժ Սարգսեանը վարկաբեկեն ընդդիմադիր զանգուածի աչքին: Քոչարեան համոզուած է, որ ինք աւելի ուժեղն է եւ նախքան յաջորդ տարի նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է հրապարակէն հեռացնել Սարգսեանը՝ դառնալու համար ընդդիմադրութեան միանձնեայ ղեկավարը: Սարգսեանի կողմնակիցները, իրենց կարգին, կը մեղադրեն քոչարեանականները՝ 2018-ի իրադարձութիւններուն ընթացքին Փաշինեանի շարժումին սատարելու մէջ:

Ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը իշխանութիւնը կամովին յանձնեցին ոեւէ մէկուն: Իշխանութիւնը յանձնողը անոնց քսանամեայ կառավարման արատաւոր երեւոյթներն էին: Քրէա-օլիկարխիկ համակարգը իր բոլոր դրսեւորումներով, տնտեսական մենաշնորհները, համատարած կաշառակերութիւնը, ազատութիւններու կաշկանդումը, կեղծուած ընտրութիւնները, ժողովուրդի կենսամակարդակի տրուէ-տարի անկումը երկիրը հասցուցին փլուզումի եզրին: Ասոնց վրայ աւելցուցած՝ Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտի 1-ի սպանդները եղան գլխաւոր պատճառը ժողովուրդի պոռթկումին եւ կուտակուելով լեցուցին անոր համբերութեան բաժակը:

Երբ Նիկոլ Փաշինեան իր սակաւաթիւ համախոհներով 2018-ի Մարտին սկսաւ Կիւմրիէն իր ոտքով երթը դէպի Երեւան, ոչ ոք գիտէր թէ ինչպիսի աւարտ պիտի ունենայ այդ: Սակայն, հայ հասարակութիւնը սկսաւ կամաց-կամաց միանալ երթին ու երբ ան հասաւ Հանրապետութեան հրապարակը ու կաթուածահար եղաւ ամբողջ քաղաքը, ժողովրդային յեղափոխութեան դրօշը պարզուած էր եւ Ո՛չ Սերժ Սարգսեանը եւ ո՛չ ալ Ռոպերթ Քոչարեանը կրնային կասեցնել անոր յաղթական երթը եւ կամ փոխել պատմութեան ընթացքը: Այդ երկուքը իրենց ձախողումներով ու անճարակ կառավարումով ստիպուած եղան իշխանութիւնը յանձնել ժողովուրդին, իսկ նոյն այդ ժողովուրդը իշխանութիւնը ազատ ընտրութիւններով վստահեցաւ Փաշինեանին, իսկ ան պատերազմի պարտութենէն ետք իսկ վերընտրուեցաւ նոյնքան ազատ քուէարկութեան միջոցաւ:

Փողոցային պայքարի միջոցաւ իշխանութեան հասնելու փորձերը ձախողութեան մատնուելէ ետք, ընդդիմութեան երկու թեւերն ալ այժմ յոյսեր կը կապեն խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւններուն հետ եւ կը խորհին թէ Փաշինեանի վարկանիշի նուազումը դուռ կը բանայ իրենց առջեւ՝ վերադառնալու իշխանութեան: Սակայն, անոնց միջեւ ծագած վէճերը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, թէ անոնք դասեր չեն քաղած իրենց անցեալի սխալներէն ու փոխանակ առողջ ու անկեղծ երկխօսութեան մէջ մտնելու լայն հասարակութեան հետ՝ շտկելու համար անցեալի իրենց գործած սխալները, լծուած են զիրար յօշոտելու աշխատանքին, որպէսզի յետոյ ալ իրենց մաղձը ուղղեն ժողովուրդին դէմ:

Քոչարեանն ու Սարգսեանը նոյն դրամին երկու կողմերն են, որոնց համար իշխանութիւնը հարստանալու համար է եւ ոչ թէ ժողովուրդին ծառայելու միջոց: Յաջորդ ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանի ժողովուրդի ուսերուն կ՛իյնայ լուրջ պարտականութիւն: Ո՛չ քոչարեանականներուն եւ ո՛չ ալ սերժականներուն արտօնել, որ անգամ մը եւս իրենց ձեռքերուն մէջ առնեն Հայաստանի պետութեան լծակները ու շարունակեն իրենց կիսատ ձգած կործանարար գործունէութիւնը:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎3 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post
ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎3  (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎3 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.