Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

March 15, 2025
in Հայաստան
0
ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ  ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

Հին դարերէն սկսեալ Լիբանան հաստատուած են հայեր, որոնք գոյատեւելով կը շարունակեն իրենց կեցութիւնն ու գործունէութիւնները։ Սկիզբը Լիբանան եկած հայոց կը միանան ժամանակ առ ժամանակ նոր հասնողներ ։ Հռովմէացի պատմիչներ կ՛ըսեն, թէ Ք․ Ա․ Դ․ եւ Գ․ դարերուն հայ առեւտրականներ Սիդոնի-Սայտայի եւ Տիւրոսի-Սուրի  մէջ նոր շուկաներ բանալով վաճառած են Հայաստանի արտադրութիւններն ու Եւրոպայէն ներածած ապրանքներ։

Հայաստանի (Ք․ Ա․ 95-55) մեծ աշխարհակալ հայ թագաւորը հայեր վերաբնակեցուցած է Փիւնիկէի եւ Ասորիքի զանազան վայրերուն մէջ։ Միջին դարերուն Սելճուքեան արշաւանքներու ժամանակ,  ԺԱ․ ԺԲ․ դարերուն, հայերը Հայաստանէն հազար առ հազար գաղթականներով եկած ու հաստատուած են Կիլիկիա, Ասորեստան եւ նաեւ Լիբանան։ Կիկիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք բազմահազար հայեր գաղթելով հաստատուած են Լիբանանի Թրիփոլի եւ Սայտա նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ։

Խաչակիրները Լեռնալիբանանի մէջ ականատես եղած են հայկական կառոյցներու գոյութեան եւ հայերու, որոնք սակայն ժամանակի ընթացքին ձուլուած են տեղւոյն մարոնիթ համայնքին մէջ։

Բազմահազար հայեր  ընդունած ըլլալով կաթոլիկութիւնը եւ հալածուելով Հայ Առաքելական եկեղեցիէն, 18-րդ դարի առաջին կէսին հաստատուած են Լեռնալիբանանի կարգ մը  շրջաններուն մէջ եւ ժամանակի ընթացքին ձուլուած են մարոնիներու մէջ։

Հայերու գաղթը Լիբանան զօրացած է ԺԷ. դարուն  կէսերէն, երբ տեղւոյն տրուզ իշխանապետներն ու մարոնական աւատատէրերը, ձգտելով ամրապնդելու կիսանկախութեան իրենց հենարանները, ապաստան տուած են  օսմանեան լուծէն փախչող քրիստոնեաներուն։ 1721-ին հայ կաթոլիկեան նորաստեղծ Անտոնեան միաբանութիւնը Ղոսթա գիւղի մօտերը կառուցած  է Քրէյմի Ամենափրկիչ վանքը, իսկ աւելի ուշ, Ղազիր գիւղէն ոչ-հեռու՝ Պէյթ Խաշպոյի վանքերը, որոնք գործած են մինչեւ ԺԹ․ դարու  կէսերը։

Սկզբնական տարիներուն Քրէյմի մէջ իր նստավայրը հաստատած է 1742-ին Հռոմի պապէն պաշտօնական ճանաչումի արժանացած հայ կաթոլիկ առաջին պատրիարք-կաթողիկոսը Աբրահամ Պետրոս Ա․ Արծիւեանը ( 1742-1749)։ Անոր հրամանով 1749-ին կառուցուած է Զմմառի հայ կաթողիկէ վանքը, որ մինչեւ 1866 ծառայած է որպվս հայ կաթոլիկ պատրիարք-կաթողիկոսի նստավայր։

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

 

(Շարունակելի)

 

 

 

Share70Tweet44
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Next Post

Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Next Post
Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Ո՞Վ ՅԱՆՁՆԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.