Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

March 15, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
Ս.Դ.Հ.Կ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

 

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2025-ին , Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ մարմինը, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Ընկեր Տագէսեան նորընտիր վարիչ մարմինի կազմը ներկայացուց Վեհափառ հօր։

Ս.Դ.Հ.Կ.-ի պատուիրակութիւնը լսելէ ետք Վեհափառ հօր յորդորները, քննարկեց Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերը, մանաւանդ յառաջիկային  տեղական ինքնակառավարման եւ պետական երեսփոխանական ընտրութիւններու լոյսին տակ: Արամ Ա. կաթողիկոս ցանկութիւն յայտնեց, որ հայ համայնքը միացեալ իր իրաւունքները լիովին ձեռք բերած դուրս գայ այս ընտրութիւններէն։

Տարաբնոյթ հարցերու շարքին շեշտուեցաւ մարդուժի կարեւորութիւնը, ընդգծելով Վեհափառին հռչակած «աւանդութիւններու կենսագործման» անհրաժեշտութիւնը:            Վեհափառ Հայրապետն ու Վարիչ մարմինի անդամները համոզում յայտնեցին, որ Լիբանանի նոր նախագահ Ժոզէֆ Աունի ընտրութիւնն ու նոր վարչապետ Նաուաֆ Սալամի նշանակումը դրական ազդեցութիւն թողած են ընդհանուր վիճակին վրայ եւ դրական լիցք մը տուած են Լիբանանի ժողովուրդին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելէ ետք,  յաջողութիւն մաղթեց  Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ մարմինի անդամներուն եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց անոր՝ գալիք երկամեայ գործունէութեան:

Share66Tweet41
Previous Post

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ 60 ՏԱՐԵԿԱՆ

Next Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

Next Post
ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ  ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.