Այսօր՝ 15 Մարտ 2025, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Արարատ» օրաթերթի 1994-2000 թ. պատասխանատու խմբագիր Աւետիս Փօշօղլեանի (Ռազմիկ) ծննդեան 60-րդ տարեդարձն է:
Յարգարժան խմբագիրը անդրանիկ զաւակն է բանաստեղծ Սարգիս Արմէնի: Նախակրթութիւնը ստացած է Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի, ապա՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի եւ հուսկ՝ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի մէջ: Վկայուած է Երեւանի Պետական համասարանի պատմութեան բաժանմունքէն: Խմբագրական աշխատանքներուն զուգահեռ պաշտօնավարած է Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճէն ներս, իսկ 2002-էն մինչեւ 2005՝ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթ. հաստատութեան մէջ:
Ատենապետն է Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Վարիչ մարմինին եւ անդամ՝ Կիպրոսի Ազգային Երեսփոխանական ժողովին:
Աշխատակցած է «Ազգային Մշակոյթ», «Կանչ», «Փարոս», «Ազատ Ձայն», «Պայքար» թերթերուն:
Իր հիւթեղ եւ անաչառ խմբագրականներն ու առաջնորդող յօդուածները ցայսօր յափշտակութեամբ կ’ընթերցուին ինչպէս «Արարատ»ի, այնպէս ալ հայրենի եւ սփիւռքեան գրասէրներու կողմէ:
Աւետիս Ռազմիկի ծննդեան 60-ամեակին առիթով «Արարատ»-ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը շնորհաւորական սրտագին մաղթանքներով, ստուարաթիւ խաղաղ գարուններու կեանք կը մաղթեն յարգարժան պաշտօնակիցին ու գարնանային դալարագեղ յարատեւում՝ անոր գրիչին: