Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ահազանգեց, թէ Պաքուի մէջ ամէն օր կը խօսին հակամարտութեան լեզուով եւ կը սպառնան ուժի դիմել, ինչ որ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի գոյութիւնը: «Ես կ’ուզեմ չհամաձայնիլ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն չ’երեւիր», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ խաղաղութեան շատ կարեւոր սիւներ դրուած են երկու կողմերուն միջեւ՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումին առումով: Ըստ վարչապետին, համաձայնութեան պայմանագրին մէջ նշուած է, որ տարածքային փոխադարձ պահանջներ չկան եւ ապագային կարելի չէ որ ըլլան: «Ատրպէյճանը արեւմտեան Ատրպէյճան կ’անուանէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին 60-70 առ հարիւրը, իսկ այդ հարցը մեզի համար քննարկելի չէ: Մեզի համար անընդունելի է Զանգեզուրի միջանցք արտայայտութիւնը եւ կը համարուի տարածքային նկրտում», շեշտեց վարչապետը: Խօսելով Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, Փաշինեան կարծիք յայտնեց, որ Անքարա տարածաշրջանին մէջ հանդէս կու գայ կայունութեան օգտին: «Պէտք է սահմանագծում կատարել պատմութեան եւ ներկային միջեւ», առաջարկեց