Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԱԾ ԵՆ

March 15, 2025
in Հայաստան
0
ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԱԾ ԵՆ

 

 

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցով տարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ անցնող օրերուն եղաւ կարեւոր զարգացում: Յայտարարուեցաւ, թէ երկու կողմերը ամբողջացուցած են պայմանագրի յօդուածներուն շուրջ բանակցութիւնները, սակայն տակաւին չէ յայտարարուած պայմանագիրը ստորագրելու թուականի կամ վայրի մասին: Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց համաձայնագրի մշակումին եւ այդ առումով բանակցութիւններու եզրափակումին մասին, աւելցնելով որ Երեւան այժմ պատրաստ է քննարկելու պայմանագիրը ստորագրելու ժամկէտերն ու վայրը: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան վստահեցուց, որ համաձայնութեան մէջ ոչինչ կը խօսուի Զանգեզուրի միջանցքի մասին: Ան շեշտեց նաեւ, թէ համաձայնագրին մէջ չկայ դրոյթ, որ երկու երկիրներուն տարածքները լքած մարդիկ պէտք է վերադառնան իրենց տուները: Ըստ Միրզոյեանի, տեղի ունեցող հոլովոյթը յոյս կու տայ, որ շուտով լուծուին հայկական բռնագրաւեալ տարածքներուն՝ ընդ որում Ջերմուկի մերձակայ դիրքերու վերադարձի հարցը: Խօսելով գերիներու ազատ արձակումի հաւանականութեան մասին, Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ համաձայնութենէն ետք գուցէ աւելի իրատեսական հնարաւորութիւն կ’ըլլայ գերիներու վերադարձին համար: «Գերիներուն ազատ արձակումը եւ տունդարձը մեզի համար կարեւոր բաղադրիչ է Պաքուի հետ խնդիրներու համակարփակ կարգաւորումին համար», հաւաստիացուց Միրզոյեան: Նախարարը խօսեցաւ տարածաշրջանային փոխադրութիւններու եւ հաղորդակցութիւններու կապերու վերաբացումին մասին եւ նշեց, որ խաղաղութեան կնքումէն ետք Երեւան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Նախիջեւանի տարածքը գործածելու՝ բեռները հարաւ ուղարկելու համար: Արտաքին գործերու նախարարը, սակայն, մտավախութիւն յայտնեց, որ ատրպէյճանական նախապայմաններուն պատճառով պայմանագրին ստորագրումը կրնայ ձգձգուիլ: «Արցախի հարցը մենք չենք փակեր: Լեռնային Ղարաբաղը լուծարելու մասին փաստաթուղթը ես չեմ ստորագրած», ըսաւ նախարարը: Այն ինչ կը վերաբերի արցախահայութեան տունդարձին, Միրզոյեան կարծիք յայտնեց, թէ այժմ անվտանգ վերադարձին եւ այնտեղ ապահով ապրելու առումով պայմաններ տակաւին չկան: Անդրադառնալով անցեալին արցախեան հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ճակատագրին, ապա Միրզոյեան դիտել տուաւ, թէ խմբակը պիտի լուծարուի խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն ետք: Այլ հարցով, Միրզոյեան նշեց, որ յառաջիկային դրական զարգացումներ կը սպասուին հայ-ամերիկեան ռազմավարական յարաբերութիւններու մշակումին առնչութեամբ:

 

Share69Tweet43
Previous Post

ԴՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐԺԵԼԻ Է ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՄԵՐԺԵԼԻ Է ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.