Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ դրական եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ: Ըստ Թրամփի, մեծ է հաւանականութիւնը, որ շուտով վերջ դրուի Ուքրանիոյ արիւնալի եւ ահաւոր պատերազմին: Այլ գիծի վրայ, Թրամփ անգամ մը եւս հաւանական համարեց, որ Միացեալ Նահանգներ ապագային տիրապետէ Գանատայի մերձակայ Կրինլէնտի տարածքին, որ կը պատկանի Դանիոյ: