Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ հարաւային որոշ դիրքերու իսրայէլեան բռնագրաւումը կը համարուի Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն եւ 1701 բանաձեւի խախտում: «Կը պահանջենք, որ գործադրուին նշեալ բանաձեւին բոլոր յօդուածները: Մեր առաջնահերթութիւնն է պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը յանձնել պետութեան, յանձնառու ենք նաեւ արմատական բարեկարգումներու գործադրութեան, որպէսզի վերականգնենք պետութեան նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը», շեշտեց վարչապետ Սալամ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն քաշուիլ Լիբանանի սահմանային հինգ բարձունքներէն, ուր տակաւին դիրքաւորուած են իսրայէլեան ուժերը: