Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶՕՐԱՎԱՐ ՌՈՒՏՈԼՖ ՀԱՅՔԱԼ՝ ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ

March 15, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶՕՐԱՎԱՐ ՌՈՒՏՈԼՖ ՀԱՅՔԱԼ՝ ԲԱՆԱԿԻ ՆՈՐ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ

 

Լիբանանի պետական եւ զինուորական-ապահովական կառոյցները արագօրէն վերականգնելու ջանքերու ծիրին մէջ, կառավարութիւնը նախանցեալ օր իր գումարած նիստին ընթացքին ամբողջացուց զինուորական եւ ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն նշանակումը: Տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մըրքոս յայտնեց, թէ զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ նշանակուած է լիբանանեան բանակի հրամանատար, Ռաէտ Ապտալլա՝ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, զօրավար Էտկար Լաոնտոս՝ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն եւ զօրավար Հասա Շուքէյր՝ Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէն: Կառավարութիւնը համաձայնած է նաեւ բանակին համար զինուորագրել 4500  նոր կամաւոր: Նիստին ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտած է, որ մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն եւ լիբանանեան սահմանային շրջաններուն ցցուած վտանգներուն: Խօսելով բարեկարգումներուն մասին, հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը մտադրէ վաւերացնել բարեկարգումները, յիշեցնելով որ երկրին մէջ որոշումներ կայացնելու պարտականութիւնը վերապահուած է կառավարութեան, ոչ թէ կուսակցութիւններուն կամ յարանուանութիւններուն:

Share62Tweet39
Previous Post

«ՈՐ ԵՐԱԶՈՒՄ ԵՐԱԶԵՑԻՆՔ ՈՒ ԱՆՑԱՆՔ…» (ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.