Հայ գրականութեան հանճարեղ որդիին ծննդեան տարեդարձն է այսօր: Կարսի զաւակ Եղիշէ Սողոմոնեանը երկնառաք պարգեւ մըն էր հայութեան, որ դեռ երիտասարդ տարիքին ապացուցեց թէ այնպիսի օժտեալ մըն էր ի վերուստ՝ որ իր խօսքով կրնայ ճեղքել դարեր ու սերունդներ, որ իր պատգամով եւ գրական ժառանգութեամբ կրնայ ուղղորդել ազգն ու հայրենիքը, որ իր յախուռն նկարագիրով ապշեցնել իրմով հմայուած յետնորդները: Լոկ քառասուն տարիներ եղան իրը, բայց մնաց կրանիթեայ ներկայութիւն հայ մարդուն միտքին մէջ. իր անշուք արտաքինով եւ վերիվայրումներով լի կեանքով խնդրայարոյց տիպար ըլլալէ անդին՝ անվիճարկելի հանճար մըն էր՝ իր խօսքով ու գրիչով կաղապարներ սասանող ու երերող: Անպեղելի ընդերքի կը նմանի իր գրական վաստակը՝ քանզի հոն կան միտքերու կողքին գաղափարներ, իւրայատուկ լեզու եւ ոճ, ուղղակի եւ անուղղակի սլաքներ, ճշմարիտ ու կծու ակնարկներ: Չարենց հանճարը անհանգստութեան եւ խանդի պատճառ էր իր թոյլ մրցակիցներուն, փոքրոգի յաւակնորդներու եւ չարակամներու, որոնք ի վերջոյ, զրպարտանքներէ ետք, կարողացան ֆիզիքապէս վերացնել հայ գրականութեան Գանգրահեր Տղան՝ 1937 Նոյեմբեր 27-ին, շիրմազուրկ թողելով զինք անպատկառօրէն:
Մարդ էակը անձկութեան պահուն թէ ծանր հոգեվիճակի մէջ կը ջանայ փարիլ յոյսին կամ լոյսի նշոյլին: Նոյնպէս ալ ժողովուրդներ, ճգնաժամային պահերու կը դիմեն մեծերու, կ’ոգեկոչեն նախնեաց յիշատակները, կը վերաթարմանան յաւերժի ճամբան բռնած առաջնորդներու խօսքերով կամ յորդորներով:
Այս առումով, Ե. Չարենցի կտակած բանաստեղծութիւններուն մէջ բազմաթիւ են թանկագին եւ իմաստալից խօսքեր, որոնք կրնան պեղել հայը, հայուն նկարագիրը, մեր պատմութիւնը՝ իր խարխափումներով եւ յուսավառութիւններով: Գիտնական պատմաբան մը չէր ան, բայց խորապէս գիտակ էր հայու հոգեկերտուածքին եւ անոր անցեալի հոգեբանական ծալքերուն, խռովքներուն եւ այն անհրաժեշտին, որուն կարիքն ունեցած է հայը բոլոր ժամանակներուն:
Առանց տարածուելու ընդարձակ կալուածներու մէջ, վերցնենք երկու քերթուածներ միայն, որոնք կը ներկայացնեն այն՝ ինչ որ պիտի գրուէր հազարաւոր էջերով եւ պիտի վերլուծուէր հաստափոր գիրքերով: Կարդանք «Յարդգողի ճամբորդները» կամ «Պատմութեան քառուղիներով» քերթուածները, ակամայ կը դեգերինք մեր երէկի հնադարեան ուղիներով կամ կ’ապրինք նոյնինքն՝ այսօրը:
Ահա քաղուածքներ առաջին քերթուածէն.-
Յարդգողի ճամբորդներ ենք մենք երկու՝
Երկու ճամբորդ պատառոտած շորերով:
Կարծէք հայրենիքն ու սփիւռքն ըլլային: Իսկ տարտամ անցեալն ու հեռանկարները՝
Ու սիրում ենք առաւօտից-իրիկուն
Ճամբայ երթալ – ու յաւիտեան երազել:
Աչքերիս մէջ մենք պահել ենք երկնային
Ճամբաների հեռուները դիւթական-
Ու անցնում ենք ուղիներով երկրային,
Ուր բի՜ւր մարդիկ երազեցին ու չկան:
Ու հեռացանք: Ու չենք դառնայ կրկին տուն:
Լո՜ւռ հեռացանք ու քայլեցինք անդադրում,
Երազելով յաւերժական հեռուներ:
Կեանքը դարձաւ յաւերժական մի փնտռում-
Մութ, անհեթեթ, տարօրինակ կեանքը մեր:
Ինչպիսի՜ նմանութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան թէ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ, ահաւասիկ՝
Չէ՞ որ կեանքում չհասկացաւ ոչ ոք մեզ,-
Ու խնդացին լուսաւո՛ր մեր աչքերին,
Բութ հեգնեցին մեր կարօտները հրկէզ-
Ու հեռացան: Ու ո՛չ մի լոյս չբերին:
Քոյրը խնդաց, բարեկամը ծիծաղեց,
Օտար մարդիկ հայհոյեցին ու անցան:
Միայն պոռնիկը մշուշում համբուրեց,
Եւ խելագարը բարեւեց կիսաձայն:
Անցնինք երկրորդ քերթուածին՝ որ կարելի է համարել խտացեալ պատմութիւն հայոց.-
Պատմութեան քառուղիներով մենք քայլել ենք երկար՝
Անղեկ, ցաքուցրիւ, անգաղափար:
Բայց ուղին մեր եղել է մի՛շտ մթին,
Եղել է անստգիւտ ու անփառունակ,
Տարածուել է անբոց ու անժպիտ՝
Ուրիշների փայլով շարունակ:
Իսկ ժողովո՞ւրդը, որ եղել է հանճարեղ,
Եղել է որմնադիր, եղել է կառուցող,
Քաղաքներ է շինել, պարիսպներ է շարել,
Կամուրջներ է գցել կոր գծով,-
Որ դարերի միջով մինչեւ այգն այս հասած՝
Կրել է մէջքի վրայ իր,
Օ՜, եղկելի տէրեր, զազիր ու բազմազան
Ձեր բռնութիւնը բիրտ…
Ունի՞ արդեօք թէկուզ մի աննշան մասնիկ
Վաստակներում ձեր այս անքանքար-
Խիստ բայց իրապաշտ է Չարենցի դատավճիռը.-
Եւ այսպէս – պատմութեան քառուղիներով
Անցել ենք մենք անղեկ ու անգաղափար,
Շառագունուած անվերջ ուրիշների հրով,-
Եւ մեր ճանապարհը անփայլ
Եղել է ճանապարհ ունայնութեան, մահի-
Եւ չե՛նք կարող այսօր ձեզ մեծարել
Օ, նախնինե՛ր մեր խեղճ, առաջնորդնե՛ր մեր հին,-
Ա՛յսքան բիրտ իրականութեան դիմաց Ե. Չարենց ունի՞ առաջարկ-դարման: Ունի՛: Միասնականութեան եւ հաւաքական ոյժի հանրածանօթ պատգամը ի հարկէ: Մեր իմաստուն նախահայրերն ալ նոյն մաղթանքն են կատարած՝ լաւապէս ճանչնալով թերութիւնն ու բաց վէրքը ազգին: Ահա անոնց առ Աստուած ուղղուած թախանձանքը՝ «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր միութիւն»:
Սէր ու միութիւն, որ այս օրերուն պարզուեցաւ, որ իրօք շա՜տ-շա՜տ հեռու է իրականութիւն դառնալէ: Համազօր է երազի: Եւ ուրեմն վերադառնանք ճշմարտախօս մարգարէ-կարմիր պոէտ-բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցին՝
-Մենք կը ժպտանք, գո՜հ կը ժպտանք մեռնելիս,
Որ երազում երազեցինք ու անցանք…
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ