Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ ՔՈՒՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՆԴԱԿԸ ՊԻՏԻ ԶԱՐԴԱՐԷ ՊԻՔՖԱՅԱՆ

March 13, 2025
in Մշակութային, Յօդուածներ
0
ՀԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ ՔՈՒՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒ ՔԱՆԴԱԿԸ ՊԻՏԻ ԶԱՐԴԱՐԷ ՊԻՔՖԱՅԱՆ

Երկու օր վերջ, 15 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Պիքֆայա գիւղաքաղաքի քաղաքապետարանի հանդիպակաց այգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատկանշական քանդակի մը բացման արարողութիւնը, ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար տիար Ղասսան Սալամէի, նախկին նախագահ Ամին Ճըմայէլի, քաղաքական եւ մշակութային դէմքերու:

«Liaison» (Կցում) խորագիրը կրող քանդակը կը վայելէ Պիքֆայա-Մուհայտասա վարչական շրջանի քաղաքապետ տիկին Նիքոլ Ճըմայէլի հովանաւորութիւնը: Անոր համահեղինակներն են հայր եւ որդի Քուքեճեանները: Հայրը՝ Փիեր Քուքճեան քանդակին ճարտարապետական մշակման ծրագրաւորողն է, իսկ որդին՝ Սեդրիկը՝ զայն իրագործողը:

Արուեստագէտներուն հետ ունեցած կարճ զրոյցով մը իմացանք այժմ ծածկոյթով քօղարկուած արուեստի գործին ծնունդ տուող պատճառն ու մանրամասնութիւնները: Ամէն ինչ սկիզբ առած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերէն, երբ հայր ու որդի որոշած են իրենց կարելի միջոցներով օժանդակել Լիբանան հայրենիքին: Ի վերջոյ յարմար տեսնուած է տարբեր քանդակներ ձօնել, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլար՝ Պիքֆայայինը: Ի դէպ, ընտրուած վայրը պատահական չէ: Փիեր Քուքճեանը Պիքֆայա շրջանի ծնունդ է եւ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է այնտեղ, հոն տակաւին ունի բազմաթիւ ծանօթներ ու բարեկամներ:

Ինչո՞ւ «Liaison» (Կցում), ինչպէ՞ս իմաստաւորել քանդակը: Հանրութեան եւ ապագայ սերունդներուն ներկայացուելիք աշխատանքը կը յիշեցնէ մեր հայ իրականութեան դրօշներուն վրայի յայտնի՝ «շղթան», սակայն, ըստ բացատրուածին, հոս՝ տարբեր իմաստով: Միտքը յառաջ եկած է Սեդրիկէն: Թէեւ իրենց կեդրոնատեղին Ժընեւն է, սակայն հայր ու որդի երկար տարիներ շատ ու շատ լիբանանցիներու նման ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ՝ Հոնկ-Քոնկ, Թայլենտ, Գերմանիա, Փարիզ, Անգլիա, Մատրիտ եւ այլն, մտովին մնալով Լիբանանի եւ Հայաստանի երազներով ստեղծագործած են ներկայ գործը: «Թափառաշրջիկ չենք», կ’ըսէ Փիեր, «սակայն պայմաններու բերումով ամէն մէկս տեղ մըն ենք: Ամէն մէկ սփիւռք՝ օղակ մըն է, իսկ օղակ-օղակի վրայ կը դառնայ շղթայ՝ իրար հետ կցումը իմաստաւորող»:

Իսկ ինչպէ՞ս իրագործուեցաւ քանդակը: Արդեօք դժուարութիւններու հանդիպեցա՞ն: Փիեր ու Սեդրիկ Քուքճեանները խօսեցան այսպէս.- «Օգտուեցանք չինական 2000-ամեայ փորձէն: Ժամանակին անոնք թանկարժէք խճաքարերու վրայ փորագրութեամբ փոքրիկ նմոյշներ կը ստեղծէին: Մենք աշխատեցանք աւելի ծաւալուն ժայռի վրայ, զայն փորագրելով վերածեցինք բազմօղակ շղթայի: Բնական է, որ մեր աշխատանքի ժամանակ ունենայինք դժուար պահեր: Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ քանդակին օղակները միալար պէտք է մնային, առանց զիրար կպցուելու: Պէտք չէր աճապարել: Մեր երկարատեւ համբերատար ճիգը այս գործին գլխաւոր յաջողութիւնն էր»:

Արուեստագէտ Փիեր Քուքճեանը այժմ Ժընեւի իր արուեստանոցին մէջ կը դասախօսէ աշխարհի տարբեր շրջաններէն, յատկապէս Փարիզի INSEEC եւ GALILEO համալսարաններէն ներկայացող արուեստասէր ուսանողներուն: Աշակերտած է Լիբանանի «Մօն Լա Սալ»ի վարժարանին մէջ եւ գծագրութեան դասապահերուն աչքի ինկած է որպէս խոստումնալից ուսանող: Ան երկու անգամ նուաճած է միջդպրոցական «Ֆապրիանօ» նկարչական մրցոյթին առաջնութիւնը:

Սեդրիկ Քուքճեանը աւարտած է Անգլիոյ «Պրիսթոլ» համալսարանի (UWE Brisrol) նախ տնտեսագիտութեան, ապա ոսկերչական զարդեղէններու եւ քանդակագործութեան բաժինները: Ունի բազմաթիւ արուեստի գործեր, որոնք ցուցադրուած են ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ աշխարհի տարբեր երկիրներու բաց երկինքին տակ:

 

ՆԱԶՕ Ճ.

Share71Tweet44
Previous Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

«ՈՐ ԵՐԱԶՈՒՄ ԵՐԱԶԵՑԻՆՔ ՈՒ ԱՆՑԱՆՔ…» (ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post
«ՈՐ ԵՐԱԶՈՒՄ ԵՐԱԶԵՑԻՆՔ ՈՒ ԱՆՑԱՆՔ…»  (ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

«ՈՐ ԵՐԱԶՈՒՄ ԵՐԱԶԵՑԻՆՔ ՈՒ ԱՆՑԱՆՔ...» (ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.