Յարութ Թորոսեան մեր բեմերուն վրայ միշտ փնտռուած դերասան է՝ արժանացած ջերմ ծափերու: Ան իր ներդրումը ունի Լիբանանի վաստակաւոր թատերագիր-բեմադրիչներու ղեկավարած թատերախումբերուն մէջ: 1995-էն սկսեալ, ան մաս կազմած է հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչներու Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած թատերական ներկայացումներուն եւ թատերական ելոյթներով գտնուած է Կիպրոս, Յորդանան, Երեւան, Կիւմրի, Արտաշատ: 1998-ին, լիբանանահայ թատերական կեանքը եղած է յատկանշականօրէն աշխոյժ, որուն ապացոյցն է Յարութ Թորոսեանի խաղարկութիւնը չորս երախտաշատ բեմադրիչներու գործերուն մէջ:
Յարութ Թորոսեան իբրեւ հաղորդավար եւ խօսնակ կը յայտնուի LIBANO Հայ Ազգի Ձայն ռատիոկայանէն՝ ներկայացնելով «Աստղերը կ’երգեն» յայտագիրը: Իսկ, 2009-2018, որպէս հաղորդավար-խօսնակ ռատիօ «Սեւան»-էն: Այդ ինը տարիներուն, ան կը ներկայացնէ «Լաւագոյն տասնեակ» յայտագիրը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր:
2010-ին, Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան կողմէ Յարութ կը ստանայ ոսկի մետալ սփիւռքահայ թատերական արուեստին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Դերասան Յարութ Թորոսեանի կենսագրական գիծերուն մասին խօսելէ առաջ, գրի կ’առնեմ 30 տարիներու՝ 1995-էն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը անոր 35 թատերական ներկայացումներու մասին համառօտ տեղեկութիւններ:
Այսպէս.-
1995, «Բամբասանք չէ, բանն ասանկ է», Բեմադրիչ Վահէ Գամպուրեան, Յարութին դերը՝ Rako եւ Յարութիկ:
1998, «Չորեքշաբթի գիշեր», բեմադրիչ՝ Գրիգոր Տէկիրմէնճեան, դերը՝ Հայկազ:
1999, «Կիները բնաւ սուտ չեն խօսիր», բեմադրիչ՝ Գրիգոր Տէկիրմէնճեան, դերը՝ Jimmy Scot: Հիւրախաղերով հանդէս եկած են Յորդանան, 20 եւ 21 Նոյեմբեր 1999-ին, եւ Կիպրոս, 4 դեկտեմբեր 1999-ին:
Յարութ Թորոսեան մաս կազմած է նաեւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկար տարիներու ղեկավար, վաստակաշատ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի ներկայացումներուն.
1997, «Պրիզպանի գաղթականը», դերը՝ Չիչիօ:
1998, «Cherie Noir», դերը՝ նոտար, գրագիր: Այս ներկայացումը հիւրախաղով ելոյթ կ’ունենայ Կիպրոս:
1998, Լեւոն Շանթի «Կայսրը» թատերախաղին մէջ, Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է Ներքինիի դերով:
1998, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի «Աղուէսն ու Աղասին», տիկնիկային թատերախաղի մէջ հանդէս եկած է «աքլոր»-ի դերով, բեմադրութեամբ հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ (հանգուցեալ) Արտաշէս Յովհաննիսեանի:
2001-2013 տարիներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի 12 թատերախաղերու մէջ դերասան Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է տարբեր դերակատարութիւններով, բեմադրութեամբ՝ հայրենի վաստակաւոր բեմադրիչ (հանգուցեալ) Երուանդ Ղազանճեանի: Այսպէս.-
2001, «Մենակութեան վերջին կանգառը», Միչի դերով:
2002, «Երեխաները կը մնան երեխաներ», Ricardo-ի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով կ’ունենայ Հալէպ եւ Կիպրոս:
2003, «Պաղտասար սղբար», Կիպարի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով ելոյթ կ’ունենայ Կիպրոս, Երեւան եւ Կիւմրի:
2004, «Խաղաղ մենաստան», Jefferry-ի դերով:
2005, «Ատամնաբոյժ արեւելեան», Նիկոյի դերով: Երգախառն կատակերգութիւն, հայրենի վաստակաւոր դերասաններու՝ Մարիամ Ղազարեան եւ Պորիս Պեպանեան կողքին:
2006, «Ստախօս կ’ուզուի», գլխաւոր ստախօսի դերով՝ Տոդորոս:
2007, «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ», Robert-ի դերով:
2008, «Սալեմի վհուկները», գլխաւոր John Prokter-ի դերով:
2009, «Տէր մի թողուր մեզ անտէր», Սէն-ի դերով:
2010, «Շողոքորթը», գլխաւոր շողոքորթի դերով: Այս ներկայացումը հիւրախաղով ելոյթ կ’ունենայ Երեւան եւ Արտաշատ:
2012, «Ազգային գործիչը», Գրիգորի դերով:
2013, «Եզովբոս», Եզովբոսի դերով: 3, 8, 9, 10 Մարտ 2013-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Եզովբոս»-ի արեւմտահայերէնի վերածումը աշխատանքն էր լիբանանահայ բեմադրիչ ու դերասան Յարութ Գնդունիի:
Համազգայինի պարարուեստի միաւորին «Քնար» պարախումբի գեղարուեստական բազմամեայ վաստակաշատ հայրենի ղեկավար եւ պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեան (այժմ հանգուցեալ) լիբանանահայ պարարուեստի կեանքի աշխուժացման մէջ ունեցած է 18-ամեայ նուիրական գործունէութիւն: 24-28 Յունիս 2009-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»ի սրահին մէջ տեղի կ’ունենան «Քնար» պարախումբի «Չառլի Չափլին, Տը շո մասթ կօ օն…» պարային հինգ ելոյթները: Տարբեր ազգերու պարերուն կողքին, հանդիսատեսները կը ծանօթանան Չափլինի տիպարին ու անոր մարդասիրական դիմագիծին: Դերասան Յարութ Թորոսեան մաս կազմած է «Charlie Chaplin»-ի դերով:
Թատերագիր, արձակագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Վաչէ Ատրունիի անունը ծանօթ է Պէյրութի եւ Հալէպի, Երեւանի եւ ամբողջ սփիւռքահայ թատերասէր ու գրասէր հանրութեան եւ մասնագէտներուն: Դերասան Յարութ Թորոսեան մաս կազմած է Վաչէ Ատրունիի հետեւեալ ներկայացումներուն.-
2011, «Մեր թաղը», դերը՝ Գրիգոր եւ Սերոբէ եհովաճի:
2013, «Մարաշ թիւ 46 փողոց», դերը՝ Միխայէլօ:
2014, «Ծերունին եւ լեռը», դերը՝ Թորոս:
2015, Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը կը ներկայացնէ «Գարնան երեք օրերը» թատերախաղը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Թատերախաղին հեղինակն ու բեմադրիչն էր Վաչէ Ատրունի: Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է Շանթ Յովակիմեանի դերով: Թատերախաղը ներկայացուած է 2015-ին, 7-էն 10 Մայիսին յաջորդաբար, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի ներկայացումներուն մէջ Յարութ Թորոսեան հանդէս եկած է.-
2014, «Պիտի ըլլայ, պիտի չըլլայ», դերը՝ Սերժ Խուտիկեան:
2015, «Բեմ 2000» թատերախումբը, համագործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, հանրութեան կը ներկայացնէ «100 տարի ետք կամուրջին տակ» տխուր կատակերգութիւնը, որուն հեղինակն ու բեմադրիչը Վարդան Մկրտիչեանն է: Ներկայացման մէջ Յարութ Թորոսեան ստանձնած էր հայերէնի ուսուցիչի (Հայկ) դերը: Նիւթը 3 անտունիներու մասին է, որոնք կ’ապրին կամուրջին տակ. Հայկը (Յարութ Թորոսեան) նախապէս հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ, ցնորած է եւ կը խօսի բանաստեղծութիւններով: Ան անդադար իսկական հայը, նաեւ տուֆ քարը գտնելու փնտռտուքի մէջ է:
2016, «Առանց տափատի անձնասպանը», դերը՝ անձնասպանը:
2017 «Սառնարան, դրամ, փախլավա» կատակերգութիւն, դերը՝ Խաժակ:
2018, «Քաղաքավարութեան վնասները», մեծանուն հայ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կատակերգութիւնը: Յարութ Թորոսեան՝ Գասպար աղայի դերով:
Բեմադրիչ Վիգէն Ստեփանեանի հետ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի հիմնադիր եւ աւելի ուշ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայրենի բեմադրիչ-դերասան Վիգէն Ստեփանեանի (այժմ հանգուցեալ) բեմադրութեամբ «Խաղալիքներու արկածները» Ամանորեայ հեքիաթ թատերախաղին մէջ հանդէս եկած է Ճոգօ դերով, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, 18-էն 28 Դեկտեմբեր 1997, Պէյրութ:
Բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի հետ 2018, «Կամուրջէն դիտուած»:
Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018-ին եւ յաջորդական երկու օրերու վրայ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Թէաթրոն» թատերախումբին, կը բեմադրուի Արթըր Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Ալֆիերի` պատմողի եւ փաստաբանի դերով Յարութ Թորոսեան մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսը իրազեկ կը դարձնէ յաջորդ տեսարանի ընկալման եւ դերակատարներու հոգեվիճակին: Յայտնենք, որ «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղի թարգմանութիւնը կատարած եւ նախապէս բեմադրած է բազմավաստակ բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեան:
2019, Լիլի Թոմասեանի հեղինակած «Կոմիտաս» Երգախառն թատերգութիւնը անգլերէնէ կը թարգմանէ եւ կը բեմադրէ Սուրէն Խտըշեան՝ մեկենասութեամբ «ԳՈՀԱՐ» համոյթին։ Ձեռնարկին երաժշտական բաժինը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Ի յարգանս Կոմիտաս վարդապետի մեծ դերին եւ ի գնահատանք խումբ մը երիտասարդներու այս նախաձեռնութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին անձնապէս ներկայ կը գտնուի ձեռնարկին։ Յարութ ներկայացումին մէջ հանդէս կու գայ Դերձակեանի դերով:
Վերջին 2-3 տարիներուն, իր թատերական եւ հաղորդավարութեան կեանքին մէջ ստացած փորձառութիւնները համատեղելով, Յարութ կը ներկայացնէ stand-up comedy-ներ տարբեր ելոյթներու կամ պարահանդէսներու ընթացքին: Ան հանդէս եկած է Տուպայի մէջ, Le Meridien Dubai Hotel & Conference Centre Wasl Ballroom սրահին մէջ, նոր տարուայ խրախճանքին, 31 Դեկտեմբեր 2023-ին, կազմակերպութեամբ Էմիրութիւններու Հայոց թեմի վարչութեան:
2024-ին բեմադրած է իր դուստրին՝ Կայէլ Թորոսեան-Ճէրէճեանի մանկական թատրոնները՝ «Կրեթան եւ ոսկեայ հաւկիթը»՝ 30 Մարտ 2024-ին, «Կրեթան եւ կաղանդի նամակներ»՝ 21 Դեկտեմբեր 2024-ին, ներկայացուած են «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Կենսագրական գիծեր.
Յարութ Թորոսեան ծնած է 1971-ին, Պէյրութ, Լիբանան, պուրսացի հօրմէ եւ այնթապցի մօրմէ: 1984-1990 տարիներուն, Յարութ կը յաճախէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ կ’աւարտէ յաջողութեամբ: Իր ուսման տարիներուն, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տնօրէնուհիներ եղած են տիկին Սօսի Պետիկեան (1976–1985), տիկին դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան (1985–1988):
Յարութ երանութեամբ կը յիշէ գծագրութեան եւ երգի ուսուցիչ, արուեստագէտ, խմբավար-ղեկավար Սեպուհ Աբգարեանը, որ իր ներդրումը ունեցած է արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ինչպէս թատրոնի եւ արուեստի պատմութեան յատուկ դասապահերով:
Հայերէնի ուսուցիչ ունենալով Մինաս Գոճայեանը, երախտագիտութեամբ կը յիշէ անոր քաջալերանքները, որուն շնորհիւ Յարութ մեծ մղումով ու անխոնջ կամքով ալ աւելի կը ջանայ տիրապետել մայրենիին՝ իր բառապաշարի հարստացման եւ խօսքի զարգացման ուղղութեամբ: Ուսման տարիներուն Հայոց պատմութիւն դասաւանդողները եղած են Մինաս Գոճայեան եւ տիկին Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեան (նախապէս ուսուցչուհի, ապա տնօրէնուհի Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան վարժարանի:
Յարութ Թորոսեան 13 տարեկան էր, երբ առաջին անգամ ընտանիքէն կը բաժնուի ու կը մեկնի Կիպրոս: Ան կը յիշէ Մելգոնեան յաճախելու առաջին գիշերը, երբ միա՛յն ու միա՛յն տուն (Պէյրութ) վերադառնալու արցունքներով անցուցած է անքուն գիշերը: Ուսումնական վեց տարիներէն ետք, Յարութ դարձեալ արցունքով ու լալով անցուցած է հրաժեշտ տալու գիշերը, եւ այս անգամ ծանր էր բաժանումը Մելգոնեան հաստատութիւնէն, ընկեր-ընկերուհիներէն…:
Մելգոնեան դպրոցի ուսանողներու որդեգրած աւանդութիւններէն Յարութ կը պատմէ boyfriend-girlfriend հասկացողութիւնը. ուսանող պատանին իր ընտրած կամ սիրած դասընկերուհիին կ’ուղարկէր Մելգոնեանի սիրուած ճաշերէն մէկը՝ լահմաճուն եւ այն ալ Չորեքշաբթի օրերը միայն, որովհետեւ տղոց եւ աղջկանց հանրակացարաններու ճաշացուցակը կը տարբերէր Չորեքշաբթի օրերը:
Մելգոնեան դպրոցը ոչ միայն կրթական հաստատութիւն էր իմաստասիրութիւն, մեթոտաբանութիւն, հոգեբանութիւն եւ ընդհանուր պատմութիւն ուսուցանելու, այլեւ տաղանդներ յայտնաբերուելու կրթարան, ուր երգն ու պարը, արուեստն ու նկարչութիւնը, մարզանք, կարի ու ճաշ եփելու դասընթացքներով կը կերտուէր հայ ուսանողը:
«Տարբերակ 21»