Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

March 13, 2025
in Գաղութային
0
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ ատենադպիր Յակոբ Ճըղըլեանի, Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2025-ին, տեսակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի հետ՝ քննարկելու մարզական դիւանագիտութեան, երիտասարդներու ներգրաւուածութեան եւ լիբանանեան ու հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հիմնական նախաձեռնութիւններ:

ՀԵԸ-ի պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Միութեան մարզական, սկաուտական եւ համալսարանական ու երիտասարդական ընդարձակ գործունէութիւնը, որ կը ներառէ պասքէթպոլ, ֆութպոլ, մինի-ֆութպոլ, փինկ փոնկ, թէիքուանտօ, ճատրակ, թենիս, մարմնակրթութիւն, սկաուտութիւն եւ երիտասարդական ու մշակութային ծրագրեր:

Շնորհաւորելով անոր նախարար նշանակումը, պատուիրակութիւնը դոկտ. Պայրագտարեանին ներկայացուց ՀԵԸ-ի նախաձեռնութիւնները եւ երկուստեք քննարկուեցաւ, թէ ինչպէս կարելի է նպաստել երիտասարդութեան հզօրացման ուղղուած նախարարութեան տեսլականին՝ մասնակցելով անոր ծրագրերուն:

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

Share64Tweet40
Previous Post

ԴԵՐԱՍԱՆ ՅԱՐՈՒԹ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՐԳԱՍԻՔԸ

Next Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ՝ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.