Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ

March 13, 2025
in Միջազգային
0
  ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ

 

Ամերիկեան եւ սէուտական միջնորդական նախաձեռնութեամբ, անցնող երեք օրերուն բազմացան Ուքրանիոյ մէջ զինադադար յայտարարելու եւ հակամարտութեան վերջ տալու ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տանելու ջանքերը: Ուքրանիոյ նախագահութիւնը յայտարարեց, թէ համաձայնած է 30 օր զինադադար յայտարարելու Ուաշինկթընի առաջարկին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ դրական նշաններ ստացած է Ուքրանիոյ մէջ զինադադար յայտարարելու վերաբերեալ, նշելով որ իր ուքրանացի պաշտօնակիցը պիտի հրաւիրէ Սպիտակ տուն եւ հաղորդակցի Ռուսիոյ նախագահին հետ: «Գնդակը այժմ Ռուսիոյ մօտ է եւ ուղարկեցինք պատուիրակներ, մաղթելով որ շուտով յայտարարուի զինադադար», ըսաւ Թրամփ: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի շեշտեց, որ բանակցութեան մէջ իրենց համար կարմիր գիծ են Ուքրանիոյ բռնագրաւեալ հողերը, որոնք պէտք չէ ենթակայ ըլլան ռուսական գերիշխանութեան: «Մենք տեղական ռազմարդիւնաբերութեան միջոցներով կը հակադարձենք ռուսական հարուածներուն: Ան որ պատերազմը սկսաւ պէտք է ակնկալէ հակադարձութիւն», շեշտեց Զելենսքի: Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն ՆԱԹՕ-ի ուժերու ներկայութիւն Ուքրանիոյ մէջ, այդ համարելով Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք: Ռուսական բանակն ալ յայտարարեց, թէ ուքրանական ուժերը քաշուած են Ռուսիոյ սահմանային Քուրսք նահանգի հինգ դիրքերէ, որոնք վերջերս գրաւած էին սահմանային ներթափանցումի գործողութիւններով:

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՋԱՆՔԵՐ

Next Post

  ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԺԱՄԿԷՏ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Next Post

  ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԺԱՄԿԷՏ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.