Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՀԻՆԳ ԲԼՈՒՐՆԵՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԸ»

March 13, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՀԻՆԳ ԲԼՈՒՐՆԵՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԸ»

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ժողով գումարեց հարաւային զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան հետեւող միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ եւ պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի գործադրուին բանաձեւին բոլոր յօդուածները եւ Իսրայէլ քաշուի սահմանային բռնագրաւեալ հինգ բարձունքներէն: Ժողովէն ետք, Եգիպտոսի դեսպանը վստահեցուց, որ իրենք աշխատանք կը տանին արագացնելու սահմանային բռնագրաւեալ կէտերէն իսրայէլեան ուժերու նահանջը: Հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտարարեց նաեւ, թէ իսրայէլեան ուժերը այսօր ազատ պիտի արձակեն ու Լիբանանին յանձնեն լիբանանցի մը, որ գերեվարուած էր երկամսեայ պատերազմին ընթացքին եւ  արգելափակուած էր իսրայէլեան բանտի մէջ: Այս մասին յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահութինը՝ գերեվարուած չորս լիբանանցիներու ազատ արձակումէն ետք: Գերիներու փոխանցումը տեղի ունեցաւ Նաքուրայի ծովեզերեայ սահմանային անցակէտին մօտ, ուրկէ ազատ արձակուած լիբանանցիները Կարմիր խաչի մեքենաներով ուղղուեցան հիւանդանոց՝ բժշկական անհրաժեշտ քննութիւններ կատարելու համար: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, թէ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ համաձայնութիւն գոյացած է կազմելու սահմանային կէտերուն տարակարծութիւնները լուծող յանձնախումբ մը: Այսուհանդերձ, իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն խախտել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ թիրախներ հարուածել հարաւի եւ Պեքաայի մէջ: Բանակին բանբերը նախանցեալ օր յայտնած էր, թէ օդային միջոցներով թիրախաւորած ու սպաննած է Հըզպալլայի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պատասխանատուՀասան Ապպաս Իզզըտտինը:

 

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ լիբանանեան զինուորական խումբ մը սահմանի լիբանանեան հաստուածէն վերացուցած է փշաթելը, որ իսրայէլեան ուժերը քանի մը օր առաջ տեղադրած էին, հատելով սահմանը եւ ոտնակոխելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը: Ըստ բանակին, իսրայէլեան ուժերը նաեւ հողակոյտ բարձրացուցած են սահմանային Ռմէյշ գիւղին մերձակայ լիբանանեան բանակի դիրքին կից:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵ՞Ն ՄԵԶ – 1

Next Post

ՌԵԺԺԻԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ

Next Post
ՌԵԺԺԻԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ

ՌԵԺԺԻԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.