Դպրոցը, ուր կը պաշտօնավարեմ ես, կը պատկանի Հ. Բ. Ը. Միութեան։ Եւ այդ հանգամանքն ալ մղած է կ՛երեւի վարժարանին երբեմնի պատասխանատուները՝ որ Միութեան նախկին երկարամեայ նախագահ ու մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի լուսանկարը պատշաճօրէն կախեն շէնքին Ա. յարկի միջանցք-սրահին պատէն, տեսչութեան սենեակին դռան գրեթէ քովը։ Ապակեպատ շրջանակեալ սեւ-ճերմակ մեծղի լուսանկար մը, որ ո՜վ գիտէ քանի տասնամեակէ իվեր հոն է, նո՛յն պատին վրայ, եկող-գացող սերունդներու աչքին առջեւ։
Գիտենք, որ Ալեք Մանուկեան (1901-1996) Բարեգործականի նախագահի պաշտօնը ձեռնհասօրէն վարեց երկա՜ր տարիներ, 1953-1989։
Տարիներէ իվեր, բնազդաբար կամ ներքին գիտակցական մղումով մը, ամէն առաւօտ երբ դպրոցին սանդուխներէն վեր կը բարձրանամ դէպի Բ. յարկ, վերոնշեալ միջանցքին մէջ աչքերս կը հանդիպին… Ալեք Մանուկեանի աչքերուն։ Կարծէք առաջին «Բարի լոյս»-ը իրե՛ն կ՛ըսեմ…։ Այդ լուսանկարը կը գրաւէ զիս, բա՛ն մը կ՛արթնցնէ իմ տոհմիկ ապրումներուն մէջ։
Քանի մը օր առաջ, երբ դասարան մտայ, հարցում մը ուղղեցի իմ աշակերտներուն.
— Տղա՛ք, վարի յարկի միջանցքին պատէն կախուած լուսանկարը որո՞ւն կը պատկանի։ Ո՞վ է այդ դէմքը։
Տիրեց քար-լռութիւն։ Ո՛չ մէկ պատասխան ստացայ։ Հիասթափուեցայ։
Այս աշակերտները, արդէն 16-17 տարեկան, առնուազն տա՛սը տարիէ այս վարժարանը կը յաճախեն ու օրուան զանազան պահերուն կ՛երթեւեկեն վերոնշեալ միջանցք-սրահին մէջ, Ալեք Մանուկեանի… հայեացքին տակ, բայց հիմա կը պարզուի որ չէին հետաքրքրուած, թէ ո՛վ էր վերէն զիրենք դիտողը…։
Բայց կար աւելի՛ ողբերգականը։ Տղաքը գրեթէ չէին լսած մեծանուն նախագահին ու բարերարին անունը։ Անոնք գաղափար անգամ չունէին, թէ Իզմիրի կողմերէն դէպի Ամերիկա գաղթած այդ հնարամիտ հայորդին ինչպէ՜ս կազմաւորեց ինքզինք, ինչպէ՜ս հիմնեց հսկայ գործատուներ, ազգասիրական ու կրթասէր հազուագիւտ մղումով՝ քանի-քանի ամէնօրեայ հայ դպրոցներ բացաւ Ամերիկայէն մինչեւ Արժանթին, Մոնթէվիտէոյէն մինչեւ Թեհրան…։
*
Այս դէպքը մղեց զիս, որ պահ մը մտածեմ… պատէն կախուած լուսանկարներու մասին։ Անոնք ո՞րքանով կ՛ազդեն մեր վրայ, կրնա՞ն ներշնչել մեզ։
Շա՜տ տարիներ առաջ, երբ տակաւին նախակրթարանի աշակերտ էի ու թերխաշ դպիր՝ Հալէպի մեր Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցիէն ներս, քահանայից խորհրդարանին մէջ խո՛րապէս տպաւորուեր էի պատէն կախեալ երկու խոշոր լուսանկարներէն։ Մին կը ներկայացնէր Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան վշտակիր կաթողիկոսը, միւսը՝ անոր աթոռակից Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեանը։ Սպիտակ պատկառելի մօրուքով երկու հոգեւորականներ…։
Հարցումս հետեւեալն է. պատէն կախուած լուսանկար մը կրնա՞յ կայծ մը բռնկեցնել զայն դիտողին հոգիին մէջ։
Մտաբերեցէ՛ք պահ մը մեր ազգապատկան սրահներուն կամ միութենական ակումբներուն պատերէն կախուած երեւելի դէմքերու լուսանկարները։ Ատոնք ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնան գործել մեր վրայ, կամ արդեօք ազդեցութիւն կը գործե՞ն իսկապէս։
Օ՜, պատէն կախուած լուսանկարները…
Երբ մուտք կը գործեմ քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ ներքնասրահը՝ հայեացքս պահ մը անպայման սեւեռուած կը մնայ կարտինալ Աղաճանեանի պատէն կախուած լուսանկարին վրայ։
Մխիթարեան հայրերու վանատան մէջ մի՛շտ ալ յուզում մը ապրած եմ՝ նայելով Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր պատէն կախուած լուսանկարին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբի սրահին մէջ երկա՜ր-երկա՜ր դիտած եմ կողք-կողքի կախուած լուսանկարները Շաւարշ Քրիսեանին, Գրիգոր Յակոբեանին ու Յովհաննէս Հինդլեանին։
Ճեմարանի տեսչարանին մէջ հայեացքս սեւեռաբիբ ինկած է դանիացի հայասէր բարերարուհի օրդ. Քարէն Եփփէի լուսանկարին վրայ։ Հայ Ծերանոցի դահլիճին մէջ՝ Մեծն Ներսէս հայրապետի նկարին վրայ (դեռ Դ. դարուն՝ ան հիմնած էր առաջին ծերանոցներն ու մարդասիրական տուները Հայաստանի մէջ):
Ամէն անգամ որ Թէքէեան Տան մէջ դասախօսութեան մը ներկայ եղած եմ՝ իմ ուշադրութենէն չէ վրիպած Վահան Թէքէեանի պատէն կախուած լուսանկարը։ Ու մրմնջած եմ գողունի.
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Եւ այսպէս, ամէն տեղ՝ լուսանկար մը, լուսանկարնե՜ր…։
Լ. Շ.