Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-22

March 11, 2025
in Յօդուածներ
0

 

                        ԶԱՅՐՈՅԹ  ԵՒ  ՆԵՐՈՒՄ

Առօրեայ կեանքի մէջ մարդ արարածը յաճախ կը դիմակայէ անարգական,  յարձակողական, նոյնիսկ վայրագ վերաբերումներ։ Հակազդեցութիւնը կախում ունի ենթակային խառնուածքէն։ Յարձակողին կարելի է հակազդել  յարձակողական արարքով, անարգողը նոյնպէս անարգելով,  բռնութեան դէմ ուժ կիրարկելով` եթէ կարող ենք։ Այսուհանդերձ եթէ վերոյիշեալ արարքները անիրաւ են եւ կու գան խրոխտ անձերէ, կարելի է հակադարձել առանց ուժի կիրարկութեան, ամենայն հանդարտութեամբ։ Որովհետեւ զայրոյթ եւ բռնութեան դէմ գոյութիւն ունի նաեւ ներելու արարքը։

Ներումը եւ ոչ-բռնութիւնը սերտօրէն կապուած են իրարու։ Հոս ի հարկէ զգուշաւոր վերաբերումը, նոյնիսկ փախուստը չէ որ կ՛ուզենք շեշտաւորել։ Անշուշտ  երբ ուժերու անհամեմատութիւն խնդրոյ առարկայ է, յարձակումի կամ բռնութեան նոյն ձեւով փորձել հակազդել  յանձնարարուած չէ։ Ներքին մղումէն մեկնած ոչ-բռնութիւնը կ՛արտայայտուի ներումի ձեւով։

Մեզմէ շատերուն որոշ պարագաներու տակ պատահած է գտնուիլ արտակարգ զայրոյթի  հոգեվիճակին մէջ, որմէ դիւրին չէ արագօրէն ձերբազատիլ, որովհետեւ մեր ջիղերը պրկուած են, հոգեպէս անհանդարտ ենք եւ անհանգիստ։  Մենք մեզի արդեօք հարց տուա՞ծ ենք, մեր ներքին պահանջը գոհացնելու  ուղղութեամբ , ներողութիւն խնդրել այն անձէն, որու դէմ թերեւս անտեղի, սակայն վիրաւորական արարք մը գործած ենք։ Ներումը, ըլլայ ան տրուած կամ ստացուած, մարդու մտային առողջութեան հիմնաքարը կը կազմէ։

Ներումը քրիստոնէութեան  հիմնական արարքներէն է, թէպէտեւ Աստուածաշունչը այս ուղղութեամբ շար յստակ դիրքորոշում  չի ցուցաբերեր։ Ներել  այո՛․․․ սակայն ամէն անձ կարո՞ղ է ներել։  Ամէն անձ ունի՞ այդ վեհոգի նկարագիրը։  Յետոյ ամէն յանցանք ներելի՞ է։  Ի՞նչ կը պատահի եթէ չենք ներեր։ Առաջին հետեւանքը վրէժխնդրութեան զգացումն է։ Այս վերջինը ծածուկ, սովալլուկ, ժխտական  կեցուածք մըն է, քինախնդրութեամբ խառն, մեր դիմացինին նկատամբ, որուն չենք ուզեր ներել։ Վրէժխնդրութիւնը շատ բնական է, որովհետեւ կը բխի տեսակ մը արդարութեան բնազդէն․ «դուն ինծի ցաւ պատճառեցիր, ես ալ նոյն ձեւով ցաւ պիտի պատճառեմ քեզի»։  Հրեաները ուզեցին որ վրէժխնդրութեան գործընթացին մէջ տեսակ մը մեղմացում գոյութիւն ունենայ, համարժէք պատիժի սկզբունքին վրայ, այսպիսով հնարեցին «թալիոն»-ի օրէնքը, ակն ընդ ական, ատամ ընդ ատամայ։ Եթէ իմ աչքս հանես, պէտք է որ ես ալ քու աչքդ հանեմ, բայց պիտի չերթամ աւելի հեռուն։ Այս օրէնքը կը միտի վրէժխնդրութեան մէջ չչափազանցել։

Կան անձեր, որոնք կ՛ըսեն «վրէժ պիտի չլուծեմ, սակայն երբեք պիտի չմոռնամ, պիտի չներեմ»։ Այսպիսով անոնք իրենց մէջ կը զարգացնեն տեսակ մը վերզգացումի գաղափարը։ Վերզգացում  կը նշանակէ զգալ երկու անգամ։ Ոմանք կրնան պահել այդ ոխը երկար տարիներ, բայց ընդունելի ըլլալու արտաքին երեւոյթին տակ, այս վերաբերումը վրէժխնդրութեան ուրիշ մէկ տեսակը կը ներկայացնէ․ կրաւորական վրէժխնդրութիւն։

Եթէ չենք ներեր եւ եթէ վերոյիշեալ վերզգացումը մեր մէջ կը պահենք, յարատեւ ջղապրկումի  ենթակայ կ՛ըլլանք։ Այս վերզգացումը չարտայայտուած զգացումներու յոռեգոյնն է, որ մարդու առողջութեան կը սպառնայ գերճնշումի, յօդատապի, նոյնիսկ քաղցկեղի ախտանշաններու ծնունդ տալով։

Ներումը մոռնալ  չի նշանակեր, որովհետեւ հոգեկան վէրքեր երբեք չեն մոռցուիր, պարզապէս կը թաղուին ենթագիտակցութեան մէջ եւ կը շարունակեն ծածուկ գործել։ Այսուհանդերձ, ներելու պարագային վէրքը կը սպիանայ։ Ինչպէս սպիացած վէրքը իր գոյութիւնը կը յիշեցնէ, բայց ալ ցաւ չի պատճառեր, հոգեկան վէրքն ալ նոյն ձեւով իր  գոյութիւնը կը պահէ, բայց ներումի պարագային ալ չի տառապեցներ ենթական։

Ներումը պարտաւորիչ չէ։ Արարքը բարձրոգի եւ բարի կամեցողութեան արտայայտութիւնն է։ Կարելի է ներում խնդրել եւ չստանալ։

Պատրաստեց`

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԳՈՂԳՈԹԱ (ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post

ՊԱՏԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵ՞Ն ՄԵԶ – 1

Next Post
ՊԱՏԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ    ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵ՞Ն ՄԵԶ – 1

ՊԱՏԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐՇՆՉԵ՞Ն ՄԵԶ - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.