Կրթական ցանցի նուիրեալներուն օրն էր Մարտ 9-ը:
Մի քանի բառեր ունինք կրթական ասպարէզը ընտրած նուիրեալներուն համար.- դասատու, մանկավարժ, վարժապետ-վարժուհի, ուսուցիչ, դաստիարակ, ուսումնապետ եւ այլն: Անշուշտ, իւրաքանչիւրը փոքր երանգով մը կը տարբերի միւսէն:
Ուսուցիչը դասարանէն ներս գիտելիք փոխանցողը չէ լոկ՝ պարտականութեան մը հետամուտ պաշտօնեան. կամ՝ շունչ սպառող, գիտութիւն հայթայթող եւ նիշեր արձանագրող անձը: Ուսուցիչը աւելի լայնածիր ոլորտ ընդգրկող առաքեալն է, մտատիպարը շուրջիններուն: Մի գուցէ դասապահ չունենայ, դասարանի մէջ ներկայ չըլլայ, սակայն իր ակնածելի հեղինակութեամբ, հմայքով ու վարքուբարքով օրինակ ծառայէ ընկերութեան: Ուսուցիչը համակարգ, սերունդներ եւ մթնոլորտ կերտող ու ստեղծող ուխտեալն է կարծէք՝ իր կոչումին հաւատարիմ երդումով: Ուսուցիչին քալուածքը, շարժուձեւերն ու ճաշակը նոյնիսկ պարտին տարբերիլ ուրիշներէ:
Մարտ 9-ին, այս առաքելութեան նուիրեալները ի պատուի էին հասարակութեան զանազան խաւերուն կողմէ: Գովեստի եւ դրուատիքի պակաս չկար բնականաբար: Երբեմն ծափահարութիւնները խելայեղ էին՝ տպաւորիչ տարողութեամբ. ծաղկեփունջերը՝ գունագեղ եւ բուրումնաւէտ: Շատ լաւ:
Մարտ 9-ը տարուան մէջ մէկ օր է միայն: Սակայն ուսուցիչներու ցանած հունտերը, շաղ տուած սերմերն ու անմնացորդ աղապատանքը իրենց արգասիքով կը վերաբերին սերունդներու, ազգերու ճակատագիրին եւ գալիք հորիզոններու: Ի՜նչ իմաստալից են նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի այս դրոշմող բառերը՝ դաստիարակին ուղղուած.
Եւ այսպէս օր մ’երբոր ըլլայ զոհ մը ծեր,
Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք,
Պիտ’ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք՝
Թէ՝ իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ’ապրի՜ դեռ:
Հակառակ ուսուցիչին յղուած շքեղ ու գունեղ տիտղոսներուն, անցեալէն ժառանգուած բացասական երանգ մը տակաւին կը յամենայ մարդկանց յիշողութիւններուն մէջ: «Վարժապետ» բառը հեգնախառն եւ արհամարհոտ բոյր մը ունի իր մէջ, որ կրնայ թունոտ ասեղի նման խայթել կրթական ցանցին ներկայացուցիչները: Անցեալի մեր գրողները բազմաթիւ կերպարներով վեր հանած են վարժապետին հոգեվիճակը, աջէն ու ձախէն ստացած հարուածները, մեծամեծներու դիմաց գլուխ ծռելու հարկադրանքը եւ այլն: Անուղղակի կերպով վարժապետը համարուած է խորթ զաւակը ընկերութեան, որ կ’ապրի ժողովուրդին հաշուոյն, բեռ մըն է ընկերութեան համար եւ մնայուն տաղտուկ մը՝ նիւթականի միշտ կարօտ:
Այս թանձր պատկերը վերացած չէ ցարդ: Ուսուցչաց օրուան առիթով ե՞րբ բարձրացած է ուսուցիչներու կենսամակարդակի բարելաւման օրակարգը: Ո՞վ յանդգնած է արմատական փոփոխութիւն մտցնել ուսուցիչին նիւթաբարոյական կարգավիճակին մէջ: Ո՞վ խօսքէն անցնելով գործի՝ ուսուցիչին վիճակը հասցուցած է գրաւիչ մակարդակի:
Յառաջադէմ պետութիւններ, նկատի առնելով ուսուցիչին վերապահուած պատասխանատու առաքելութիւնը եւ ընդոծին կոչումը, քաղաքացիական բարձր գիտակցութեամբ կրթական մշակին կենսամակարդակը հասցուցած են նախանձելի վիճակի: Արժանիօրէն գնահատելով ուսուցիչը՝ պետութիւնը այդ միջոցաւ արդարօրէն կը ցանկայ երկրին համար պատրաստուած տեսնել զարգացած, տիպար եւ պիտանի քաղաքացիներ: Այսինքն՝ յանուն լաւագոյն արգասիքի, լաւագոյնս պէտք է արժեւորուի դպրոցն ու գիտութիւնը, ուսուցիչն ու դաստիարակը: Տուր եւ առի օրինաչափութիւն մը, որ արդիւնաւէտ կ’ըլլայ ինքնաբերաբար:
Հայ կեանքը անըմբռնելիօրէն տակաւին հեռու է այդ մօտեցումէն: Տարիներու օրացոյցները փոխուած են, բայց հին-հին սովորոյթները կը մնան նոյնը: Մանաւանդ այն ուսուցիչներու պարագային, որոնք հայագիտական նիւթերը ընտրած են կեանքի եւ առաքելութեան ասպարէզ: Աշխատանքի հնարաւորութիւնները կը նեղնան երթալով, գաղութները կը նօսրանան հետզհետէ. դէպի օտար վարժարաններ հոսքը կը կքէ հայկական կրթօճախները. լեզուին եւ ազգային դիմագիծին հետ կը նահանջէ դասատուին հոգեկանը. մշուշոտ հեռանկարը աւելի կը մթագնի: Բայց… ծափահարութիւնները այսօր անզուսպ են ու խօսքերը մեղրաթաթախ: Շնորհակալութիւններ ծափահարութեանց համար. յետո՞յ:
Մինչ ուսուցիչը իր ուսերուն կրելով իր առաքելութեան ողջ մարտահրաւէրները, արդեօ՞ք ապրուած իրականութիւնը հակապատկերը չէ իրեն շռայլուած շքեղագեղ խօսքերուն: Անիմաց ծնողներ, ձախաւեր պատասխանատուներ, կեանքէն հարուածուած երեխաներ, տնտեսական գահավէժ իրավիճակներ, յաճախ, ցաւ ի սիրտ, դաստիարակին կեանքը կը դարձնեն Գողգոթա բարձրանալու համազօր տառապանք մը: Ինչո՞ւ այս անբաղձալի կացութիւնը: Առաքելութիւնը պիտի մնայ իր բարձրութեան վրայ, իր նուիրական պատուանդանին վրայ եւ ոչ թէ ըլլայ Գողգոթայի փշալի կեանք մը՝ յումպէտս սպառած:
Էական հարց մըն ալ կայ կիզող, որ վերջապէս պիտի ծառանայ օր մը.- ի՞նչ պիտի ըլլան այն ուսուցիչները որոնց ապրուստը պայմանաւորուած է հայագիտութեամբ… երբ հայ վարժարան չմնայ եւ հայութեամբ հետաքրքրուող չըլլայ…: Դարձեա՞լ ծափահարել, մեծարել… խօսքով եղինձ եփել…:
Մտածենք վաղուան մասին. երբ նոր սերունդը տեսնէ հայագիտական ուսուցիչներու անհրապոյր վիճակը, անոնցմէ մին պիտի բաղձա՞յ այդ ասպարէզը, մեծեր պիտի թելադրե՞ն հետեւիլ հայերէնագիտութեան: Ուրեմն, ի՞նչ հեռանկար կը սպասուի հայկական վարժարաններու հայագէտ ուսուցիչներու փաղանգին: Մէջբերում մը Անդրանիկ Ծառուկեանէն.-
« «Հիները կ’երթան, ո՞վ պիտի լեցնէ անոնց թողած պարապը»:
Յատկապէս նման պահերու է որ կ’ուզես հանդիպիլ վերջին տողը գրողին: Հանդիպումը ըլլա՜յ մսավաճառի մը խանութին առջեւ, վերէն վար կախուած ոչխարի թարմ թոք մը ըլլայ- հռչակաւոր տժվժիկը- վար առնես կախուած տեղէն, ամուր մը ճանկես խռչափողին ծայրէն, պարսատիկի պէս դարձնես գլուխէդ վեր, դարձնես-դարձնես գլուխէդ վեր, դարձնես-դարձնես դարձնես՝ եւ ամբողջ ուժովդ, թաց թաց եւ թա՛փ՝ փակցնե՜ս քիթին բերնին: Եւ ըսես.
-Ողջ եղած ատե՞նը ինչ տեղ տուած էիր իրեն- տեղը գիտէի՞ր արդեօք- որպէսզի իրաւունք ունենաս խօսելու պարապ մնացած տեղին մասին, ա՜յ թշուառական…»: («Առկայծող Հայեր Եւրոպայի Լոյսերուն Մէջ», 1999, Պէյրութ, էջ 40-41):
Հիմա՝ բի՜ւր շնորհակալութիւններ ծափահարութեանց: Յետո՞յ…:
Ծափահարութիւնները կ’արժեն այն ժամանակ, երբ այլեւս չենք մտմտար Գողգոթային մասին…:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ