Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԱՊԱԿԱՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ

March 11, 2025
in Այլազան
0
ԱՆԹԱՊԱԿԱՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ

 

Ազգականի ըրածը կարիճը չ’ըներ։

Ալիւրի վրայ թափած իւղը կորուստ չէ։

Աղբ թափողը քիթը կը բռնէ:

Աղջի՛կ քեզի կ’ըսեմ, հարսնուկ դո՛ւն իմացիր:

Աղջիկը տե՛ս լուացքի տաշտին ետեւ կամ բաղնիքը։

Ճամին ո՛րքան մեծ ըլլայ մոլլան իր գիտցածը կը կարդայ:

Անօթի մի՛ ձգեր՝ գող կ’ընես, շատ մի՛ խօսիր՝ կը շփացնես:

Անօթիին վիճակէն անօթին կը հասկնայ:

Առատաձեռնի գրպանը ծակ կ’ըլլայ:

Աստուած ազգի մը որ պատուհաս պիտի տայ նախ մեծերը կ’առնէ:

Բարի անունը ոսկիէն ու արծաթէն նախընտրելի է։

Բարկութեամբ ոտքի ելլողը վնասով կը նստի:

Բարձ փոխելով բախտ չի փոխուիր։

Գաւազանի ցաւը կ՚անցնի, գէշ խօսքին ցաւը կը մնայ:

Գաւաթ մը ջուր տուողին յիշատակը չի կորսուիր։

Գետին կը նայի՝ տուներ կը քանդէ:

Դուն քեզի օգնէ որ Աստուած ալ քեզի օգնէ:

Եթէ հովիւը ուզէ թէքէյէն (արու այծ) դալամա (կաթ) կը հանէ:

Երբ անձրեւ գայ, հաւերուն կեր տուող շատ կ՚ըլլայ։

Զօրին (զօրաւոր) թեւը չի պրկուիր։

Զօրով գեղեցկութիւն չ’ըլլար։

Էշդ ամո՛ւր կապէ, դրացիդ գող մի հաներ:

Լերան վրայի կաքաւին հազարը մէկ փարայի է։

Լուրը կա՛մ պզտիկէն առ կա՛մ խենթէն:

Խաղողը խաղողին նայելով կը սեւնայ:

Խելքի պակասութիւնը աչքի կուրութենէն աւելի վատ է։

Խօսք կայ խօսելիք, խօսք կայ կլլելիք։

Ծոյլին ըսեր են . օրը մէկ կանգուն կրնա՞ս քալել։ Հարցուցեր է․ Լայնքի՞ն թէ երկայնքին։

Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը չեն կապեր։

Կամքը որո՛ւ որ սիրէ, գեղեցիկն ա՛ն է:

Հեռուի սուրբը զօրաւոր կ՚ըլլայ:

Հիւրը հիւր չ’ուզեր, տանտէրը՝ երկուքն ալ:

Ձեռքը ձեռք կը լուայ, երկու ձեռքն ալ՝ երես։

Ձի, կին եւ զէնք վարձու չեն տրուիր։

Ձին ձի ընողը հեծնորդն է։

Ճամբայ մի՛ երթար անփորձի հետ, հազար փորձանք կը բերէ գլխուդ։

Ճնճղուկը ի՞նչ է որ ձագը ի՛նչ ըլլայ։

Մահամերձ շունը մզկիթի մօտ կ’աղտոտէ։

Մայրիկին անունը իր աղջկան օժիտ է։

Մեծ մարդիկ փոքր սխալ չեն գործեր։

Մեղր ձեռնողը իր մատը կը լիզէ:

Նայելով եթէ կարելի ըլլար արհեստ սորվիլ, շունը մսագործ կ’ըլլար:

Նուէր տրուած ձիու գլուխին չեն նայիր։

Շունը դրամի համար չէ որ կը հաջէ։

Ուրիշի ձին նստողը շուտ վար կ’իջնէ:

Չեն հարցներ. որո՛ւ աղջիկն ես: Կ’ըսեն. որո՛ւ հարսն ես։

Պառկող շունի պոչին մի՚ կոխեր։

Վարպետի ապտակ չուտողը չի կրնար վարպետ ըլլալ:

Փուշը մտած տեղէն կը հանեն:

Օրուան մը պէյութիւնը «պէյութիւն» է։

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԱՅՆԹԱՊԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՔԱՅԼԵՐԳ

Next Post

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԳՈՂԳՈԹԱ (ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Next Post

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԳՈՂԳՈԹԱ (ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.