Խօսք՝ Յ. Աղայեանի
Եղանակ՝ Լեւոն Յ. Լեւոնեանի (Թ. Լեւոն)
Հեռու կեցէք, դուք վախկոտներ,
Մենք նոր սերունդ նոր Հայկեան.
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն որ ինկան:
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն որ ինկան:
Ձայնը ահեղ մեր ռումբերուն,
Ի զէն հայեր կը գոռան․
Նահատակաց թարմ դիակներ,
Հողին տակէն կը խայտան:
Ա՜խ, հայրենիք, դու Կիլիկիա,
Սրբէ՛ արցունքդ ալ յետին,
Զի քո սիրոյդ տառապանքիդ
Ապրիլ գիտցաւ Այնթապցին: