Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԷՄՓԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

March 11, 2025
in Այլազան
0

 

Գրեց ՏՈՔԹ. ԲԻՒԶԱՆԴ ՀԱՏԻՏԵԱՆ

Գաղթականները աստիճանաբար կը շատնային, եւ ահա օր մը վեր․ Հատիտեան, ձգելով քաղաքի եկեղեցին, կը ստանձնէ քէմփի եկեղեցիի հովուութեան աւելի բարձր եւ հաճելի պաշտօնը: Քէմփը շատ հետաքրքրական տեղ էր։ Հոն ձմեռը փողոցները կէս ոտք խորութեամբ ցեխով սալայատակուած կ’ըլլային եւ հոն քալողները յաճախ կօշիկով կը մտնէին եւ առանց կօշիկի դուրս կ’ելլէին: Իսկ ամառը ճանճերու եւ մժեղներու մեղեդին միանալով փողոցի փոշիին եւ ամէն տունէ եւ խանութէ արտաշնչող մասնաւոր հոտերուն՝ քէմփին մթնոլորտը կը դարձնէր խիստ ներշնչիչ։ Եկեղեցիին շէնքը տախտակաշէն էր եւ հազարումէկ ճեղքերու շնորհիւ շատ օդասուն՝ ամառ ու ձմեռ։ Տանիքը մասնաւորաբար շինուած էր թիթեղէ, որպէսզի Կիրակի օրեր պաշտամունքի ժամանակ իր վրայ նետուող քարերու ռմբաձայն որոտումը ժողովուրդին յիշեցնէր աշխարհի վերջին օրերու արհաւիրքը։

Ես ալ՝ քէմփի Ջանիցի անարժան առաջնորդ, պատիւը ունեցած եմ ճաշակելու այս բացառիկ վայելքները։ Քէմփի տուները մեծաւ մասամբ շինուած էին երկյարկանի· առաջին յարկը կ’օգտագործուէր իբր գործատեղի, իսկ երկրորդ յարկը՝ իբր բնակարան: Բայց երբեմն այս երկուքը իրարու կը խառնուէին, ինչպէս որ պատահեցաւ իրիկուն մը, երբ պատուելին պսակի խորհուրդը կը կատարէր երկրորդ յարկի մը վրայ եւ սենեակը լեցուած էր խուռներամ ժողովուրդով։ Վերջապէս տախտակը տախտակ էր։ Յանկարծ տախտակամածը տեղի տուաւ եւ միակտուր ինկաւ վար, հետը տանելով հարս ու փեսան, պատուելին եւ բոլոր հարսնեւորները, որոնք իրենք զիրենք առանց ասանսէօրի գտան առաջին յարկին վրայ:

Դպրոցներ կը բացուին թէ՛ քաղաքին եւ թէ՛ քէմփին մէջ։ Վեր․ Հատիտեան ամէն տեղ է։ Յաճախ ստիպուած է նոյն ժամանակ մի քանի տեղ ըլլալ։ Առտուան ժամը վեցէն մինչեւ կէս գիշեր քաղաքի ամէն կողմէն զինք տեսնելու եկող ժողովուրդը կ’ակնկալէ որ օրուան որեւէ ժամուն զինք տունը գտնէ։ Գիշերային մնայուն այցելուներ ալ պակաս չեն ըլլար : Այդ օրերու Հօթէլ Սէն Ճորճը պատուելիին տունն էր: Իր տունը Ռաս Պէյրութի թրամվայի գիծին վրայ «Պէյթ Վալի» կայարանին մօտ էր: Շատ հայեր կը կարծէին, թէ կայարանին անունը «Պատուելի» է։ Օր մը իրեն կ’ըսեն. «Պատ. Հատիտեան, որքա՜ն ճանչցուած ես հոս, նոյնիսկ թրամվայճիները` քեզ գիտեն։ «Պատուելի» ըսելով թիքէթ կ’առնենք, «Պատուելի» ըսելով կ’իջնենք։

Share63Tweet39
Previous Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post

ԱՅՆԹԱՊԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՔԱՅԼԵՐԳ

Next Post
ԱՅՆԹԱՊԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՔԱՅԼԵՐԳ

ԱՅՆԹԱՊԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՔԱՅԼԵՐԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.