Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

March 11, 2025
in Այլազան
0
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

 

 

Իսկապէս եզակի երեւոյթ է Լիբանանի հայութեան թէ աշխարհատարած Սփիւռքի մէջ, որ իր կեանքին 90-րդ սահմանին մօտեցող տարիքին՝ Մկրտիչ Պուլտուքեան հայորդին շարունակէ մասնագիտական թէ պատմական բազմալեզու գիրքեր հրատարակել, ներկայացնել տեղական թէ միջազգային գիրքերու ցուցահանդէսներուն…:

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչը, միջազգային տնտեսագէտ, ֆինանսագէտ, համալսարաններու դասախօս եւ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ մեր բազմատաղանդ հայրենակիցը իր բազմահազար ընթերցողներուն եւ պատմաբան-ֆինանսագէտներուն կը ներկայանայ իր բազմարժէք «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան Կայսրութեան մէջ» եռալեզու հրատարակութեամբ՝ լիբանանեան գիրքի 42-րդ փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ գլխաւոր դահլիճին մէջ:

Հինգշաբթի, 6 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէին, ժամը 5-ին, «Անթիլիասի Մշակութային Շարժում» կազմակերպութեան այս փառատօնի նախաձեռնութեան գլխաւոր հովանաւորը Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Զօր. Ժօզէֆ Աունն էր:

Իսկ յառաջիկայ 14 Մարտ 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 3-5 Մկրտիչ Պուլտուքեանի պատուին պիտի կազմակերպուի «Հայ սեղանաւորները Օսմանեան Կայսրութեան մէջ» եռալեզու հատորներու մակագրութեան արարողութիւն, հեղինակին կողմէ:

Երկրագունդի չորս ցամաքամասերու վրայ բազմաթիւ խորհրդաժողովներու մասնակցած, պետութիւններու կողմէ (նաեւ Մայր Հայրենիքի) հրաւիրուած դրամատնային թէ ֆինանսական համակարգերը բարելաւելու միտումով անգնահատելի աշխատանքներ իրագործած Լիբանանի հայ տնտեսագէտ- ֆինանսագէտը, նաեւ վերոյիշեալ հատորները կը նուիրաբերէ հայ նոր սերունդին՝ ծանօթացնելու հայ մեծագոյն սեղանաւորներու կեանքն ու գործունէութիւնը, երեք ցամաքամասերու վրայ տարածուած, երբեմնի հզօր Օսմանեան Կայսրութեան մէջ: Նաեւ այն ողբերգական իրողութիւնը, որ այդ մեծահարուստ սեղանաւորներուն հսկայական նիւթական թէ ֆինանսական կարողութիւնները յափշտակուեցան եւ իւրացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան դահճապետներուն եւ մերօրեայ թրքական հանրապետութիւն կոչուած բռնատէրերու կողմէ:

Կը շնորհաւորենք Մկրտիչ Պուլտուքեանը, մաղթելով քաջառողջութիւն ու երկա՜ր տարիներ եւս հայ թէ լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան մէջ:

 

Հ.Մ.

 

Նկարը՝ Լիբանանի Մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէ եւ տիար Մկրտիչ Պուլտուքեան լիբանանեան գիրքի 42-րդ փառատօնին:

Share66Tweet41
Previous Post

ԸՆԿԵՐ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ «ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ «ԱՐԱՐԱՏ»

Next Post

ՔԷՄՓԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Next Post

ՔԷՄՓԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.