Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ «ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ «ԱՐԱՐԱՏ»

March 11, 2025
in Գաղութային
0
ԸՆԿԵՐ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ «ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ «ԱՐԱՐԱՏ»

 

Ողջունելի իրագործում մը վաստակաւոր արուեստագէտին կողմէ, որ մօտիկ անցեալին երազի համազօր բան մը կը թուէր ըլլալ: Մէկուկէս տարի առաջ անսպասելի արկածը ընկերոջ քամեց անկողնին, խզելով զինք իր ընտանեկան, ընկերային թատերական եւ եկեղեցական բոլոր յանձնառութիւններէն, շրջապատէն: Սակայն հաճընցիի յամառ ծիներն էին շատ հաւանաբար 84-ամեայ արուեստագէտին լիցքաւորողը՝ դանդաղօրէն վերականգնուելու եւ կեանքին հետ վերստին բարեկամական ձեռք երկարելու:

Ուրախութեամբ կը հետեւէինք ընկեր Ղազարոս Ալթունեանի օր ըստ օրէ բարելաւուող առողջական վիճակին: Ան ճռնիկի (walker) օգնութեամբ վերջին ամիսներուն սկսաւ երթեւեկել՝ մէկ թաղ անդին գտնուող ի՛ր Սբ. Գէորգ եկեղեցին, ուր դեռ երէկ որպէս դպրապետ կը ղեկավարէր «Գայիանէ» երգչախումբը: Անցեալ Շաբաթ օր, ան այս անգամ որոշած էր քանի մը թաղ աւելի հեռու երթալ ու համրաքայլ հասնիլ «Արարատ»ի խմբագրատուն՝ իր տիկնոջ՝ Սօսիի ընկերակցութեամբ:

Յարգելի ընթերցողին համար դժուար պիտի չըլլայ գուշակելը թէ ինչպիսի լիառատ եւ յագեցած ժամերով հանդիպում մը կրնայինք ունենալ այնպիսի այցելուի մը հետ ինչպիսին է ընկեր Ղազարոսը: Արուեստագետ մը, որ որպէս Ռահպանի եղբայրներու եւ անզուգական Ֆէյրուզի թատերախումբի անդամ, տարբեր ֆիլմերու մէջ նկարահանուած դերասան մեծ ներդրում ունեցած է հայ եւ լիբանանեան թատրոններու համագործակցութեան մթնոլորտին: Համեստ ազգային մը, որ որպէս Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր անդամ, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Աղասի» մասնաճիւղի երբեմնի ատենապետ, Ն.Ս.Մ. Միութեան երբեմնի ատենապետ, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ծառայած դպրապետ-խմբավար ամբողջ կեանք մը նուիրած է ի խնդիր ազգին, շրջապատին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան:

Աւարտին, Ալթունեան ամոլը Տէրունական աղօթքով անակնկալ մը մատուցեց նորոգ հանգուցեալ խմբագիր Սարգիս Նաճարեանի յիշատակին: Խունկի ծուէններուն հետ վեր բարձրացան նաեւ մաղթանքներ՝ ընկեր Ղազարոսին առողջութիւն, եւ «Արարատ»ին՝ անխափան ընթացք աղերսող:

 

Share69Tweet43
Previous Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Next Post
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԹԷ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.