Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի գլխաւորած պտուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Միհրան Շահինեանն ու Տիգրան Միհրանեանը, Հինգշաբթի, 6 Մարտ 2025-ին այցելեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթին՝ Քլեմանսոյի գրասենեակին մէջ: Հիւրընկալ կուսակցութեան կողմէ ժողովին ներկայ էին պետական երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆէր Նասէրը եւ Ճոմպլաթի քաղաքական հարցերով խորհրդական Հուսամ Հարպը:
Ժողովականները բարձր գնահատեցին ընկերվարական զոյգ կուսակցութիւններուն պատմական յարաբերութիւնները ու շեշտեցին այդ աւանդը ամրապնդելու եւ աւելի բարձր մակարդակներու հասցնելու հրամայականը։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկրի քաղաքական վերջին զարգացումներուն՝ յատկապէս նկատի առնելով նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք երկրին մէջ ընթացք առած նոր փուլը:
Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը հաստատեց Ս.Դ.Հ.Կ.-ի մասնակցութիւնը Քամալ Ճոմպլաթի նահատակութեան 48-րդ տարելիցի ոգեկոչումին, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Մարտի 2025-ին, Մուխթարայի մէջ:
Հանդիպումէն ետք ընկեր Տագէսեան իր մամլոյ յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Մենք տեսակցեցանք երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթին հետ եւ ընդգծեցինք երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական խոր յարաբերութիւնները, որոնք հաստատուած են մեր պապերու եւ հայրերու ժամանակաշրջանէն ու կը շարունակուին մեր ներկայ սերունդով: Քննարկեցինք նաեւ մեզի միաւորող ընդհանուր գաղափարական միտքն ու քաղաքական դիրքորոշումները, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի ներկայ իրավիճակի բարելաւումին եւ անոր ապագայի կերտումին: Խօսեցանք քաղաքական գալիք իրադարձութիւններուն՝ յատկապէս քաղաքապետական եւ թաղապետական, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին: Մեկնելով մեր ազգային քաղաքական յանձնառութիւններէն՝ քննարկեցինք լիբանանցիները յուզող, կենսամակարդակի ու տնտեսութեան բարելաւման, լիբանանցիին վայել բարօր կեանք ապահովելու եւ արժանապատւութեամբ ապրելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու միջոցները»:
Ընկեր Տագէսեան աւելցուց. «Մենք կառավարութեան կ’ուզենք յիշեցնել, որ մօտիկ ապագային պետական պաշտօններու նշանակումներուն հայ համայնքին իրաւունքները չանտեսուին, այլ պահպանուի Լիբանանի բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ արդարութեան եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը»։