Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱԶԱՐ ԶՈՀ

March 11, 2025
in Միջազգային
0
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱԶԱՐ ԶՈՀ

 

Ապահովական զարգացումներուն առումով, Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ շուրջ 1070 քաղաքացի զոհուած է Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած բախումներուն եւ զինեալ յարձակումներուն հետեւանքով: Յիշեցնենք, որ սուրիական ապահովական եւ զինուորական ուժերը անցեալ շաբաթ գործողութիւններու ձեռնարկեցին Լաթաքիա եւ Թարթուս նահանգներուն մէջ, ուր Ասատի փլուզուած վարչակարգը ամբաստանեցին արտերկրեայ օգնութեամբ ապահովական ուժերը թիրախաւորելու եւ յեղաշրջումի փորձ կատարելու մէջ: Ընդդիմադիրները սակայն կը պնդեն, որ նոր իշխանութեան ուժերը եւ անոնց օժանդակող իսլամական զինեալ կազմակերպութիւնները յարձակած են ալաուի գիւղերուն վրայ, հրկիզած են տուներ, գողցած են ինքնաշարժներ, թալանած են հաստատութիւններ եւ կոտորած են ամբողջ ընտանիքներ՝ ներառեալ կիներ, տարեցներ ու երեխաներ, տեղի ունեցածը համարելով ալաուիներու կոտորած:

Երէկ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ Հալէպի մէջ: Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնեց զինուորական լայնածաւալ գործողութեան աւարտը, վստահեցնելով որ կարելի եղած է ճզմել նախկին վարչակարգի մնացորդացին մշակած անակնկալ գրոհը: Այլ գիծի վրայ, սուրիացի բանբերը յայտնեց, թէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր քրտական կազմակերպութիւնը յարձակում գործած է Հալէպի Աշրաֆիէ թաղամասի ճակատին վրայ, ուր ընդհարումներ եղած են բանակին հետ: Նշենք որ Աշրաֆիէն կը համարուի Հալէպի քրտաբնակ գլխաւոր շրջանը եւ կը գտնուի հայաշատ Վիլաներ, Նոր Գիւղ եւ Սուլէյմանիէ շրջաններուն մօտ:

Սուրիոյ անցումային շրջանի նախագահ Ահմատ Շարաա անդրադարձաւ երկրի արեւմտեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած խնդիրներուն սակայն մերժեց խօսիլ յանցագործներուն ինքնութեան մասին: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ ծովեզերքի միջադէպերը կրնան ազդել իշխանութեան գծած ուղեգիծին վրայ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք Անթոնիօ Կութերեշի անունով մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ նկատուած արիւնալի մագլցումին առնչութեամբ, կոչ ուղղելով անյապաղ վերջ տալու արիւնահեղութեան եւ պատժելու յանցագործները: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կարեւորած է անցումային արդարութիւնը եւ ամբողջական հաշտութիւնը՝ յանուն մնայուն խաղաղութեան: Ան պահանջած է նաեւ Սուրիոյ մէջ երաշխաւորել անկախ լրատուամիջոցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը:

Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց սուրիական արիւնահեղութիւնը եւ քաղաքացիներուն թիրախաւորումը: Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարները եւս դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ իրագործուած սպանդները, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ քաղաքացիներու թիրախաւորումին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.