Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր զարգացումները՝ ապահովական եւ քաղաքական նորութիւնները: Աուն ներկայացուց Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան մանասմասնութիւնները, ապա խօսեցաւ Եգիպտոսի մէջ Արաբական լիկայի արտակարգ գագաթաժողովին իր մասնակցութեան, արտասանած խօսքին եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին: Աունի եւ Պըրրիի ժողովին մէջ լայն տեղ գրաւեց նաեւ Լիբանանի հարաւային զարգացումներուն թղթածրարը: