Լիբանանը 11 միլիառ տոլարի կարիք ունի՝ վերակառուցելու համար պատերազմին ընթացքին կործանուածը եւ վերականգնելու երկիրը: Միջազգային դրամատունը արժեւորեց 2025-ին Լիբանանի ելեւմտական կարիքները եւ հասաւ 11 միլիառ տոլարի եզրակացութեան: Ըստ զեկոյցին, հանրային ոլորտը պէտք է յատկացնէ 3-5 միլիառ տոլար՝ վերանորոգելու համար ճամբաները, ջրամատակարարումի ցանցը, ուժանիւթային եւ այլ ենթակառոյցները, մինչ սեփական ոլորտէն ակնկալուած է 6-8 միլիառի ներդրում՝ վերականգնելու համար բնակարանները, արդիւնաբերական գօտիները եւ առեւտուրի հաստատութիւնները: