«Ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորենք բեկումնային ԱԲ-ը
սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ» յօդուածին. Հեղինակ՝ Փրոֆ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
ՏԱՐԲԵՐԱԿ 21
https://tinyurl.com/298skvc5
Պիտի խոստովանեմ, որ գերագոյն հաճոյքով կարդացի մեր սիրելի բարեկամ Արա Սայեղի հերթական յօդուածը: Դժուար է անտարբեր մնալ ի դէմս հեղինակի իմաստուն, ճիշդ մտածելակերպի, անխափան տրամաբանութեան ու աւելի քան կատարեալ հայոց լեզուի պատշաճ կիրառմանը, որ սրտանց կը շնորհաւորեմ, քանի որ ցաւօք հազուագիւտ է հայ մամուլի պարագային, ՀՀ թէ Սփիւռքի պայմաններում, երբ ոմանց էջերը մեծ ի մասամբ յագեցած են իշխանութիւն վարկաբեկելով եւ հրաժարականի հիւանդագին պահանջով:
Հեղինակն կարեւոր ահազանգ է հնչեցնում, «ի՞նչը, ո՞ւր, ե՞րբ եւ յատկապէս՝ ո՞վքեր պիտի իմաստաւորեն», արդի ի սփիւռս աշխարհի, զարգացող ու տարածուող «Արհեստական բանականութիւն»(ԱԲ)- համակարգը հայ իրականութեան անբաժան մաս դարձնել եւ դառնալ մասնակից-գործակից: Այս կոչը իր հարցական բնոյթով միայն խուլ ականջների համար չէ, այլ հասցէագրուած է պետական, քաղաքական, կրթական, գիտական, ինչպէս նաեւ հոգեւորական ճշմարիտ ղեկավարութեանը, ուստի անելիք շատ կայ բոլորի համար՝ «թափանցիկ, դատարկ լոզունգներու պարունակէն դուրս ու հռետորաբանական ինքնախաբէութենէ եւ կրաւորականութենէ հեռու»:
Կատարեալ ճշգրտութեամբ եւ անհամար մանրամասնութեամբ մեր բարեկամ Արա Սայեղը մի քանի էջերի ընդմիջով ներկայացնում է ԱԲ արդի կարեւորութիւնը եւ ժամանակի անհրաժեշտութիւնը, առանց մոռանալու, որ այն կրթական միջավայրի անբաժան մաս դարձնելը արդէն հրամայական է որպէսզի այն դառնայ աւելի համատարած ու օգտագործելի:
Մի քանի էջ պարունակող յօդուածը առօրեայ կարգի եւ ԱԲ զարգացման բազմաթիւ հարցեր է ցուցադրում, որոնց մասին երկար մտածելու պահանջ ունեն մեր մեծ ու փոքր ղեկավար աթոռ գրաւած մեր ազգակիցները, որոնցից կարեւորագոյնը մեր երիտասարդներին սատար լինելն է կրթական մակարդակը բարձրացնելու միտումով՝ տարբեր համալսարաններում կրթութիւն ստանալու պայմանով՝ այդ է մեր ապագայի գրաւականը:
Կրկին շնորհաւորեմ ու խորին գոհունակութիւնս յայտնեմ մեր սիրելի Արային՝ մաղթելով, որ դեռ այլ առիթ եւ մտորումներ կ’ունենայ հայ համընդհանուր միջավայրի զարգացման նպատակով արտայայտուելու:
Յարգանքով ՝
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
ՀԻԱՍՔԱՆՉԵԼԻ ԵՒ ՈՒՍԱՆԵԼԻ ԳԻՏԱՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՏՈՐԻ ՄԸ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ Ի ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅՈՒԱԾ Է ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԳԻՏԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԿՐԹԱՄՇԱԿ ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՍՆ ՄԵՐ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԵՐԱՐԴԻԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ: Եզնիկ Բալայեան
Իսկապէս գերգնահատելի է, որ ժամանակէն շատ առաջ ճախրելով այս ուսումնասիրութիւնդ մամուլին յանձնեցիր: Ողջ լերուք փրոֆ. Արա Սայեղ: Շնորհակալութիւնս: Շաքէ Մանկասարեան-Կրոկըն