Սակաւաբանութիւն
Կը կոչուի նաեւ «նուազասացութիւն»:
Սակաւաբանութիւնը ոճաբանական այն յարատեւ ու համատարած օրէնքն է, որ խօսողը կը մղէ թօթափելու լեզուէն այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք ենթադրաբար անհրաժեշտ չեն կամ իբր այդպիսին չեն ընկալուիր հաղորդակցութեան շղթային մէջ եւ առանց անոնց ալ խօսքը կը շարունակէ պահել իր իմաստը:
Ան ձեւով մը աւելորդաբանութեան հակառակ երեւոյթն է:
Ան յատուկ է աշխարհի բոլոր լեզուներուն:
Այս գործընթացը կրնայ ընդգրկել ամբողջական նախադասութիւններ, բառեր, վանկեր ու հնչիւններ՝
ա) երբեմն առանց վնասելու խօսքի հաղորդակցական արժէքին, նոյնիսկ աւելի կուռ, հեզասահ ու տպաւորիչ դարձնելով զայն,
բ) իսկ երբեմն ալ աւելի կամ պակաս վնասելով անոր՝ իմաստային ու ոճական զոյգ հարթակներու վրայ:
Բոլոր պարագաներու ան թելադրուած է ուժերու տնտեսումի այն մնայուն օրէնքով, որ կը մղէ մեզ նուազագոյն ճիգով եւ խօսքային նուազագոյն ատաղձով շարադրելու մեր միտքերը:
Կը զանազանուին՝
1) Պատմական սակաւաբանութիւնը,
2) Հաւաքական սակաւաբանութիւնը,
3) Անհատական սակաւաբանութիւնը:
* * *
- Պատմական սակաւաբանութիւն
Պատմական սակաւաբանութեան հնագոյն ակունքներուն կը գտնենք մեր բաղադրեալ բառերը՝ բարդ եւ ածանցաւոր, որոնք սկզբնապէս եղած են շարահիւսական ազատ բառակապակցութիւններ եւ հետագային, լեզուի զարգացումին զուգահեռ, ամփոփուած են՝ ձերբազատելով իրենց կարգ մը տարրերէն, խտանալով ու կազմելով մէկ բաղադրեալ բառ:
Այս ալ կը նշանակէ, որ այսպիսիներուն իմաստը աւելին է քան իրենց բաղադրիչներու թուաբանական գումարը:
Օրինակ՝
—գետաձի «գետի ձի» չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ «գետի մէջ իր ժամանակը անցընող եւ ձիու նմանող անասուն մը»:
Բաղդատենք այս երկուքը. երկրորդը, որ բաղկացած է 10 բառէ, որքան հարուստ է այլազան հասկացութիւններով, որոնք զեղչուած են առաջինէն եւ որոնք սակայն լռելեայն կ’իմացուին լեզուն ճանչցողներուն կողմէ:
Նաեւ՝
—պատրաստակամ՝ «պատրաստ կամ(ք)» չի նշանակեր, այլ՝ «տուեալ քայլը յօժարութեամբ ստանձնելու տրամադրութիւն ունեցող»:
Պարագան աւելի կամ պակաս նոյնն է գրեթէ բոլոր «իսկական» կոչուած բարդ բառերուն:
Քիչ մը տարբեր են կցական բարդութիւնները, որոնց բառիմաստը շատ յաճախ հակամէտ է նոյնանալու իրենց բաղադրիչներու թուաբանական գումարով. օրինակ՝ այսօր կցական բարդ բառին նշանակութիւնը գրեթէ հաւասար է այս օր շարահիւսական ազատ կապակցութեան իմաստին. այնպէս ալ՝ նոյնպէս-նոյն պէս, այսքան-այս քան եւ այլն. սակայն նոյնիսկ ասոնց պարագային շատ յաճախ նկատելի է իմաստային որոշ անհամապատասխանութիւն մը. «այսքան» կը նշանակէ «ասոր քանակութեամբ» կամ «այս քանակութիւնը ունեցող», ուր երկու բացատրութիւններն ալ իրենց ծաւալով կը գերազանցեն բարդ բառին արմատներու քանակութեան գումարը:
* * *
Ածանցաւոր բառերուն մէջ կը զանազանենք նորագոյն ածանցները, եւ պատմական ածանցները, որոնց ծագումնաբանութիւնը մթագնած է:
Նորագոյն ածանցով օժտուած բառերը շատ կը մօտենան սովորական բարդ բառերուն, որոնց բաղադրիչները ծանօթ են:
Օրինակ՝
–«հանդարտ–օրէն» մակբայը կը նշանակէ «հանդարտ ընթացքը կամ գործելաձեւը իբրեւ օրէնք ընկալելով»:
Մինչ «իւղ-ոտ» ածականը բացատրելու համար ստիպուած ենք ծանօթ բառով մը փոխարինել անոր ածանցը, օրինակ՝ «իւղ-ունեցող» կամ «շատ իւղ պարունակող»:
Հարկ չկայ ըսելու, թէ մեր խօսքը որքան պիտի խեղճանար, եթէ կարելի չըլլար բարդ ու ածանցաւոր բառերով արտայայտել շարահիւսական վերոնշեալ ազատ կապակցութիւնները, ժամանակի ու ճիգերու որքան մեծ կորուստ պիտի պահանջէր մարդկային հաղորդակցութիւնը, չհաշուած տակաւին հարցին գեղագիտական երեսը, որ իր կարգին շատ պիտի տուժէր:
Բարդ ու ածանցաւոր բառերու կազմութիւնը պէտք է շատ հին՝ հազարամեակներու երեւոյթ եղած ըլլայ հայերէնի մէջ: Անոր նմանակը կը գտնենք հնդեւրոպական այլ լեզուներու՝ մասնաւորաբար յունարէնի, այլեւ լատիներէնի մէջ:
Այս ծիրէն ներս անշուշտ եւ անխուսափելիօրէն պէտք է տեղի ունեցած ըլլան զանազան փոխառութիւններ: Ինչ կը վերաբերի հայերէնի կատարած հաւանական փոխառութիւններուն, ապա նկատելի է փոխառութիւնը թարգմանաբար` մաքուր հայկական արմատներով կատարելու մնայուն ճիգ մը:
Օրինակ՝
—Գետաձի բառացի թարգմանութիւնն է յունարէն ἱπποπόταμος-ին` “hippopotamos”, ուր hippos կը նշանակէ ձի, potamos`գետ:
Լատիներէնն ու անոր հետագայ բարբառները՝ իտալերէնը, ֆրանսերէնը, սպսներէնը, փորթուգալերէնը եւ այլն պարզապէս կրկնած են յունականը:
***
Սակաւաբանական մեծ փոփոխութիւններ կրեցին գրաբարեան բազմաթիւ բայերու անցողական սեռի բայերը՝ անցնելով աշխարհաբարի:
Օրինակ՝
—մեծացուցանել (5 վանկ) մեծցնել (2 վանկ)
—բնակեցուցանել (6 վանկ) բնակեցնել (3 վանկ)
—դառնացուցանել (5 վանկ) դառնացնել (3 վանկ)
—զօրացուցանել (5 վանկ) զօրացնել (3 վանկ)
Ասոնք աշխարհաբարի մէջ եւս կը պահեն իրենց անցողական սեռը:
Ունինք այնպիսիները, որոնք վերածուած են պարզ բայերու. Օրինակ՝
–ազատեցուցանել ազատել
–ազդեցուցանել ազդել