Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

March 7, 2025
in Լիբանանեան
0

 

Լիբանանեան սահմանային որոշ բարձունքներու վրայ տակաւին դիրքաւորուած եւ այդպիսով պայմանաւորուածութիւնները ոտնակոխող իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ իր զինուորական գործողութիւնները հարաւի ամբողջ տարածքին՝ Հըզպալլայի վերազինումն ու հարաւ վերադարձը արգիլելու պատճառաբանութեամբ: Իսրայէլեան անօդաչու սարքեր երէկ ինքնաշարժ մը թիրախաւորեցին Նաքուրայի ճամբուն վրայ՝ վիրաւորելով երկու եղբայր, ապա վերադառնալով երկրորդ հարուած ուղղեցին նոյն շրջանին՝ հաւաքուած քաղաքացիները հեռացնելու նպատակով: Ըստ իսրայէլացի բանբերին, կործանուած ինքնաշարժը զէնք կը փոխադրէր Հըզպալլային:

«Բարգաւաճում եւ ազատագրութիւն» խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ անընդունելի համարեց լիբանանեան հողի վրայ իսրայէլեան ներկայութիւնը, զայն համարելով բռնագրաւում: Անոր խօսքով, Լիբանանի գերիշխանութիւնը կարելի չէ տարանջատել արժանապատուութենէն, ուստի լիբանանեան հողի պաշտպանութիւնը կը մնայ ազգային պարտականութիւն: Իսկ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հետաքննութիւն բանալու Լիբանանի դէմ պատերազմին ընթացքին առողջապահական խումբերուն, ինքնաշարժներուն եւ կեդրոններուն նկատմամբ կատարուած յարձակումներուն նկատմամբ, զանոնք համարելով պատերազմական ոճիրի օրինակներ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԸ ԶՍՊԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄ

Next Post

ՇՈՒՏՈՎ՝ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ

Next Post
ՇՈՒՏՈՎ՝ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ

ՇՈՒՏՈՎ՝ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.