Անցեալ եւ նախանցեալ երկու շաբաթավերջերը (22 Փետրուարէն մինչեւ 2 Մարտ), Անթիլիասի մայրավանքէն ներս յատկանշուեցան հոգեւոր ու ազգային ապրումներու ջերմ դրսեւորումներով, որոնք անպայման հետք մը կը թողուն մեր ժողովուրդին ընդհանուր տրամադրութեան վրայ։ Նոր աւիշ կը ներարկեն եկեղեցական կեանքին։
Կատարուեցան ձեռնադրութեան երկու արարողութիւններ. մին` եպիսկոպոսական, միւսը` աբեղայական։
Առաջին շաբաթը, եպիսկոպոսական աստիճան ստացան ու Հայ Եկեղեցւոյ ԻՇԽԱՆ դարձան Կիլիկեան Ուխտի միաբան երեք ծայրագոյն վարդապետներ` Հ. Սահակ Եմիշեան (նորընտիր առաջնորդ Յունաստանի թեմին), Հ. Պետրոս Մանուէլեան (կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ շրջակայից) ու Հ. Տաճատ Աշըգեան (դիւանապետ կաթողիկոսարանի)։ Այսուհետեւ, անոնք պանակէ մը պիտի կախեն իրենց վզին ու Պատարագի ընթացքին իրենց ուսին պիտի կրեն ծանրածանր եմիփորոն, իսկ իրենց գլուխն ալ պիտի զարդարեն խոյրով` փոխան սաղաւարտի…։ Իրենց անունին սկիզբը պիտի դրուի «գերաշնորհ» վերադիրը, որ յատուկ է եպիսկոպոսներուն։
Երկրորդ շաբաթը, կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրուեցան երկու խոստմնալից երիտասարդներ` Կարէն սրկ. ԵօսուլքաՆեան եւ Յակոբ սրկ. Ճուլֆայեան։ Անոնք վեղար ստացան իրենց գլխուն ու պաշտօնապէս անդամ դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան։ Կարէն սրկ. վերակոչուեցաւ ՄՈՎՍԷՍ աբղ., իսկ Յակոբ սրկ.` ԱԲՐԱՀԱՄ աբղ.։ (Ի դէպ, երկու նորընծաները կը ճանչնանք անձամբ։ Զարգացեալ, համակրելի, ծառայասէր ու պարկեշտ հայորդիներ են, որոնք կրնան փառաւորել իրենց ընդգրկած սրբազան ասպարէզը` իբրեւ «մշակ առանց ամօթոյ»)։
Ձեռնադրութիւնը եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մին է։ Սրբազա՜ն խորհուրդ մը։ Անիկա օրինական իրաւասութիւններ կը շնորհէ ձեռնադրեալներուն, զանոնք կը դնէ առաքելութեան կամ պարտականութիւններու ճամբուն վրայ եւ միաժամանակ կ`ապահովէ հոգեւոր սպասաւորներու սերունդին շարունակականութիւնը, որ անհրաժեշտ է նոյնինքն եկեղեցւոյ գոյութեան եւ գոյատեւման համար։
Եկեղեցական նուիրապետութիւնը, իր ստորին ու վերին աստիճաններով, ինքն իր մէջ, կը ներկայացնէ գունագեղ ու բազմերես պատկեր մը, հետաքրքրական դրուածք մը, որ դժբախտաբար շատ ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, երիտասարդներ ըլլան անոնք, թէ չափահասներ։ Թերեւս սխալած չենք ըլլար, եթէ պնդենք, որ նոյնիսկ կանոնաւոր հերթականութեամբ եկեղեցի յաճախող մեր հաւատացեալներուն լայն մէկ զանգուածն անգամ յստակ ու ճշգրիտ ծանօթութիւն մը չունի Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աստիճաններուն, անոնց իրաւասութեանց, հոգեւորականներու տարազին կամ յարակից այլ տուեալներու մասին։ Մեր երիտասարդ տղաքն ու թարմատի օրիորդները գիտե՞ն արդեօք, թէ ինչ կոչականով պարտին դիմել եպիսկոպոսի մը, վարդապետի մը կամ քահանայի մը ու բարեւել զանոնք…։
Մեր վարժարաններուն մէջ թերի է կրօնքի ուսուցումը։ Թերի է կամ գրեթէ անգոյ է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցումը։ Ձեր շուրջբոլորը քանի՞ հայորդի կրնաք գտնել, որ կարենայ թուել Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետական 4 աթոռներու գահակալներուն անունները…։
Ահա՛ ասպարէզ մը, ուր իրենց լուման պէտք է ներդնեն հայ հոգեւորականները, երէցներն ու նորընծաները, եպիսկոպոսները, աբեղաներն ու քահանաները…։
Գիտելիքներու հայթայթումի այս մարզին մէջ` անփոխարինելի օճախը Դպրեվանքն է անշուշտ։ Պիքֆայայի Դպրեվանքը, ուր 40-ի չափ սաներ կ’ուսանին այսօր, կը հանդիսանայ բաբախող սիրտը Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին։ Ապագայ սերունդները հոնկէ՛ պիտի գան, հո՛ն է որ պիտի մշակուին մտքերը, կոփուին աստուածահաճ հոգիները, կազմաւորուին Հայ հոգեւոր զինուորները…։
Կայ օղակ մը եւս, որ դերակատար է այս շրջածիրին մէջ։ Անիկա ՀԵՀՈՄ-ն է` Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը, որ կաթողիկոսարանի անմիջական հովանին վայելող մարմին մըն է եւ ունի կէս դարու անցեալ ու գործունէութիւն։
Պէտք է գործել, մի՛շտ գործել, առանց վհատելու եւ ընկրկելու։
Այո՛, ոգեւորիչ պահեր ապրեցանք Անթիլիասի մէջ։
Թող պտղաբերի՜ այդ ոգեւորութիւնը եւ իր շուքը տարածէ մեր ազգային֊համայնքային կեանքին վրայ։
Լ. Շ.