Հ.Մ.Մ.-Ի ԶԻՆԱՆՇԱՆԸ
Հ.Մ.Մ.-ի կարմիր-ճերմակ դրօշի վրայ զետեղուած զինանշանը ունի հետեւեալ խորհրդանիշերը.
ԶԱՆԳ. – Արթնացնող ձայնը,
ԼԵԶՈՒԱԿ. – Հնչող ձայնը՝ հնչակը։
ԱՍՏՂ. – Աստղի պէս փայլելու համար մարզական աշխարհի երկնակամարին վրայ եւ աշխարհով մէկ աստղերու պէս ցրուած ըլլալու խորհրդանիշը:
Իսկ Հ.Մ.Մ.-ի դրօշի գոյներէն առաջինը՝ կարմիրը, կը խորհրդանշէ միութեան հովանաւոր կուսակցութեան՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի դրօշի գոյնը, միատեղուած մարզական մաքուր հոգիին եւ մտքի ու գործի ազնուութեան խորհրդանիշ սպիտակի հետ:
ՇՈՒՇԱՆԱԾԱՂԻԿԸ
Միջազգային սկաուտներու նշանը Շուշանածաղիկն է (Fleur De Lys), որ Հ.Մ.Մ.-ի մէջ Բ. կարգի սկաուտը կրելու իրաւունքը ունի, իր պաշտօնական տարազին վրայ: Սկաուտական շարժման խորհրդանիշ այս նշանը տրուած է հիմնադիր՝ Պէյտըն Փաուըլի կողմէ:
Հայ սկաուտը սակայն իր շուշանածաղիկին վրայ ունի հայկական տարբերանշաններ։ Անոր կեդրոնին կը գտնուին փոքր նշանակ մը, որուն վրայ գծուած են Արարատ լեռը՝ իր Մեծ եւ Փոքր Մասիս գագաթներով, Արեւը եւ Արաքս գետը:
ԱՐԱՐԱՏը՝ խորհրդանիշն է մեր ժողովուրդի վեհութեան, անմահութեան եւ անսասան հաւատքին: ՄԵԾ ՄԱՍԻՍը կը ներկայացնէ մեր անցեալը, իսկ ՓՈՔՐ ՄԱՍԻՍը՝ մեր նորահաս սերունդը:
ԱՐԱՔՍ ԳԵՏը՝ մեր պապերուն թափած արիւնն է, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան: ԱՐԵՒը՝ խորհրդանիշն է մեր ապագայ սերունդին, որ պիտի տարածուի եւ փայլի ամէնուրեք եւ օր մըն ալ պիտի լուծէ մեր նահատակներու թափած արեան վրէժը ի խնդիր Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի, իսկ արեւուն 12 ճառագայթները կը խորհրդանշեն սկաուտական դաւանանքի 12 կէտերը։
«ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ» ՆՇԱՆԱԲԱՆԸ
Միջազգային սկաուտութեան նշանաբանն է «Միշտ պատրաստ», որուն անգլերէն թարգմանութիւնը «Be Prepared»-ը առնուած է հիմնադիրի անուան՝ Պէյտըն Փաուըլի սկզբնատառերէն:
Իւրաքանչիւր սկաուտ իր գլխարկին եւ գօտիին վրայ կը կրէ այս նշանաբանը։
Սկաուտը ինքզինք պէտք է պատրաստէ նախ մտածելով եւ գործադրելով ինչպէս վարուիլ արկածներու կամ անակնկալ դէպքերու պարագային, որպէսզի երբեք յանկարծակիի չգայ. ան պէտք է ճշգրիտ կերպով գիտնայ ինչ ընել, երբ անսպասելին ըլլայ:
Պէյտըն Փաուըլ իր «Scouting for Boys» գիրքի 3-րդ բաժնին մէջ կը բացատրէ այս նշանաբանին իմաստը.-
Միշտ պատրաստ ըլլալ կը նշանակէ, թէ սկաուտը ինչ պարագայի տակ ալ գտնուի միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ, միտքով եւ մարմնով, գործադրելու համար իր ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը:
«Միշտ պատրաստ» ըլլալ միտքով կը նշանակէ բարեկարգել ինքզինք՝ հնազանդելու ամէն հրամանի, ինչպէս նաեւ նախապէս մտածելով գիտնալ ճիշդը ընել՝ ճիշդ վայրկեանին, իր ամբողջական կամքով, երբ արկած մը պատահի:
«Միշտ պատրաստ» ըլլալ մարմնով կը նշանակէ ունենալ զօրաւոր եւ աշխոյժ մարմին, կարողութիւն ունենալու ընելու ճիշդը իր վայրկեանին, գործադրելով զայն:
Հիլըրի Սէյնթ Ճորճ Սաունտըրզ (Hilary Saint George Saunders) «The Left Handshake: The Boy Scout Movement during the War, 1939-1945» գիրքին մէջ մէկ առ մէկ բացատրած էր BE PREPARED նշանաբանի իւրաքանչիւր տառի իմաստը: Ընտրուած բառերն են.- Bravery (Արիութիւն), Enterprise (Նախաձեռնութիւն), Purpose (Նպատակ), Resolution (Հաստատամտութիւն), Endurance (Տոկունութիւն), Partnership (Ընկերութիւն), Assurance (Ապահովութիւն), Reformation (Բարեկարգում), Enthusiasm (Ոգեւորութիւն) եւ Devotion (Նուիրուածութիւն):
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳ
Ով Հայ արի, նախ բարձրացի՛ր,
Մարմնով, մտքով հսկայ դարձիր,
Ջանք, ճիգ թափէ դու ամէն օր,
Գործադրելու բարիք մը նոր:
Հնազանդէ մեծերուդ մի՛շտ,
Մի՛ պատճառեր ոչ ոքի վիշտ,
Ազգիդ համար միշտ աշխատէ,
Եղիր առոյգ եւ ճիշդ դատէ։
Հայ արենոյշ` ազնիւ, բարի
Դուն միշտ պատրաստ օգնութեան,
Քեզ է նայում ողջ հայութիւն,
Մեծ, պատանի, երեխայ։
Հայ Արենուշ զգաստ ու ժիր
Կուրծք տուր ամէն փորձանքի,
Որ ազգութիւն ազատ ապրի
Հայն էլ ազատ իր երկրում։
Նազելի Էպէեան-Նալպանտեանի «Հայ սկաուտին ուղեցոյցը» գիրքէն