Լիբանանի Հ․Մ․Մ․-ի այս տարածուն շրջանները եւ հոն գործող խումբերը պատահականութեան ձգելը անխոհեմութիւն պիտի ըլլար։ Հրամայական անհրաժեշտութիւն էր, նաե՛ւ նպատակայարմար, միութենական կեդրոնաձիգ դրութեամբ կարգ կանոն հաստատելը։
Արդարեւ, 1940-ական թուականներէն սկսեալ, հակառակ Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ստեղծած շատ մը անպատեհութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, Հ․Մ․Մ․-ի ղեկավարները մտածուած եւ ծրագրուած աշխատանքով լծուեցան իրենց հիմնական նպատակի ու մտադրութեան իրագործման։
Նախ, առաջին անգամ ըլլալով, Միութեան բոլոր շրջաններու պատասխանատու ընկերներու մասնակցութեամբ, գումարուեցաւ արտակարգ պատգամաւորական ժողով։ Հոն քննուած միութենական զանազան հարցերու կարգին էր կազմակերպականը։ Առաջին առթիւ որոշուեցաւ ուժ տալ դաստիարակչական գործին։ Բարձրացնել անդամներուն ազգային ու ընկերային գիտակցութեան մակարդակը։
Երկրորդ՝ որոշուեցաւ ստեղծել, առաջին անգամ ըլլալով 1942-ին, Հ․Մ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութիւն, որուն ատենապետութիւնը պիտի վարէր ընկ. Արմէն Ղարիպ։ Քարտուղարութիւնը՝ ընկ․ Անդրանիկ Քեշիշեան, գանձապահութիւնը՝ ընկ. Ստեփան Եղիազարեան, իսկ հաշուապահութիւնը՝ ընկ․ Յարութիւն Չէքչէնեան։
Նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան առաջին գործը պիտի ըլլար՝ մշակել Միութեան գոյութիւնը հիմնաւորող ծրագիր-կանոնագիր մը։ Գործադրութեան փորձառական շրջան մը բոլորէ ետք, գումարուեցաւ, Միութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջաններուն մասնակցութեամբ, Բ․ Պատգամաւորական ժողովը։ Կայացուեցան համապատասխան որոշումներ։ Կարեւորագոյնը՝ վաւերացուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ մշակուած Հ․Մ․Մ․-ի Ծրագիր-Կանոնագիրը, որ ի զօրու է մինչեւ այսօր, նոր օրերուն համապատասխանող կարգ մը յօդուածներու յաւելումով անոր հիմնական մասին վրայ։ Ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւն բաղկացած ընկերներ՝ Արմէն Ղարիպէ, Սարգիս Քիւփէլեանէ, Անդրանիկ Քեշիշեանէ, Ստեփան Եղիազարեանէ եւ Յարութիւն Չէքչէնեանէ։ Ասկէ մէկ տարի ետք գումարուած Գ․ Պատգամաւորական ժողովին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւն կազմուած ընկերներէ՝ Արմէն Ղարիպ, Ստեփան Եղիազարեան, Յարութիւն Չէքչէնեան, Արսէն Ճէրէճեան եւ Ասատուր Կիւլվարդեան։ Իսկ յաջորդ Դ․ Պատգամաւորական ժողովին ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական վարչութիւն, ատենապետութեամբ՝ նուիրեալ Հ․Մ․Մ․-ական ընկ․ Մինաս Խաչիկեանի (ծանօթ՝ «Չաւուշ» մակդիրով)։
Մեծամտութիւն պիտի չըլլայ եթէ յայտնենք, թէ այդ թուականներուն, Հ․Մ․Մ․ Սփիւռքի հայկական առաջին մարզական կազմակերպութիւնն էր, որ կ’օժտուէր Կեդրոնական վարչութեամբ եւ կ’ունենար յատուկ Ծրագիր-Կանոնագիր։
Նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքային Ա․ ծրագրին մտասեւեռումը կազմեց, ըստ Ծրագիր-Կանոնագրին, կազմակերպել եւ միաւորել Հ․Մ․Մ․-ի գործող բոլոր շրջանները, խմբելով զանոնք մէկ յայտարարի տակ եւ զիրենք դարձնելով բազմաճիւղ, կեդրոնաձիգ եւ ծաւալուն կազմակերպութիւն։
Հետագայ տարիներուն հարկ եղաւ վերանայիլ եւ բարեփոխել զայն, ու որդեգրել աւելի գործնական ու յարմարաւէտ դրութիւն մը։
Այսպէս՝ յետխորհրդակցութիւններու կ’որոշուի՝ տեղական վարչութիւններու պաշտօնավարութեան ժամանակամիջոցը վերածել երկու տարիի։ Իսկ Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան լիազօրութիւնը սահմանել չորս տարի։ Այն վերապահութեամբ սակայն, որ այս փոփոխութիւնը լոկ փորձառական շրջանէ մը ետք պիտի տեղ գրաւէ կանոնագրութեան մէջ, երբ իր արդիւնաւէտ ըլլալը հաստատուած է… ինչպէս որ ի զօրու է ներկայիս։
Սակայն, Կեդրոնական վարչութեան ամէնէն յիշարժան եւ հայրենասիրական նախաձեռնութիւնը եղաւ 1945-ին, Մայր Հայրենիքէն եկած ներգաղթի հրաւէրին առթիւ, իր հրատարակած կոչը, որ կը մէջբերենք այստեղ յապաւումով․-
ՀՐԱՀԱՆԳ -ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ
Հ.Մ.Մ.-ի բոլոր շրջաններու տեղական վարչութիւններուն
… Հայ Ազգի պատմա-անհատական գոյութեան վերջին վեց դարերու երազին իրագործումը խինդով ողջունեցինք… Աստանդական մեր կեանքի տեւողութեան ընթացքին մէկ ցանկութիւն ունեցանք՝ Մայր հայրենիք վերադառնալ…
Ներկայիս, հայրենի աշխարհէն հասնող ներգաղթի աւետիսը անհուն ոգեւորութեամբ կը լեցնէ մեր հոգիները… Սոյն շրջաբերականով կը հրահանգենք Ձեզ երախտագիտութեամբ արձագանգել հայրենի կոչին, նիւթա-բարոյական ամէն աջակցութիւն ընծայել ներգաղթի կոմիտէներուն եւ պատրաստ գտնուիլ ամէն աշխատանքի ու զոհողութեան…
Արժանի ըլլանք մեր կոչումին եւ միսեային:
Հ.Մ.Մ.-ի Մերձաւոր Արեւելքի Կեդրոնական Վարչութիւն
Անտարակոյս, որ հայրենադարձութեան աւետիսը անսահման գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն պատճառեց Սփիւռքի հայրենասէր հայութեան։
Այդ պատմական իրադարձութեան առթիւ, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կոչը, յատկապէս ուղղուած Միութեան բոլոր անդամներուն եւ հայրենասէր զանգուածին, պատճառեց մեծ ոգեւորութիւն եւ քաջալերեց հայրենակարօտ հայութեան որ ընդառաջէ հրաւէրին եւ նուիրումով աջակցի ներգաղթի կազմակերպման գործընթացին։ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայրենադարձի Կեդրոնական կոմիտէի կազմին մէջ էին ընկերներ՝ Գէորգ Պապոյեան եւ Վահրիճ Ճէրէճեան (Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան ատենապետ)։ Կոմիտէի ենթամարմիններուն ներգրաւուած էին ընկերներ, որոնցմէ յիշենք ընկ. Մինաս Խաչիկեանը (Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ), որ Փոխադրական մարմինի պատասխանատուի յոյժ յոգնեցուցիչ պաշտօնը ան վարեց աշխուժութեամբ եւ մեծ ձեռնհասութեամբ, կարելի է ըսել՝ անթերի բծախնդրութեամբ։
Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջաններու Հ․Մ․Մ․-ական սկաուտները օրինակելի պարտաճանաչութեամբ եւ զոհաբեր աշխատանքով իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին ներգաղթողներու տեղափոխման եւ գոյքերու ապահովման աշխատանքներուն։
Հ․Մ․Մ․ Պէյրութի սկաուտներուն պարտականութիւնն էր՝ նաւու մէկ պաշտօնեային հետ, ստուգել բարձրացող ներգաղթողներուն տոմսերը եւ պահել ասոնց կտրօնները։ Ապա զանոնք յանձնելու համար Ներգաղթի կոմիտէին։
Հ․Մ․Մ․-ի բոլոր շրջաններու սկաուտներուն տքնաջան ու կանոնաւոր աշխատանքներուն մէջ յատուկ յիշատակութեան արժանի եղաւ Հալէպի շրջանի սկաուտներուն գերազանց գործունէութիւնը։ Ասոնք ոչ միայն Հալէպ քաղաքին եւ ասոր մերձակայ հայաբնակ գիւղերուն, այլեւ, մինչեւ իսկ, Քեսապի ներգաղթողները եւ անոնց բեռները ապահով պայմաններու մէջ հասցուցին Պէյրութ, կեդրոնացուցին Գարանթինա եւ հսկեցին որ, մաս առ մաս, բեռնակառքերով փոխադրուին քարափ- նաւահանգիստ, ու բարձրացուին նաւ: Պատահած է, որ նաւի ուշացումի պատճառաւ, բեռներուն հսկիչ սկաուտները, օրեր շարունակ, չբաժնուին իրենց հսկողութեան վստահուած բեռներէն, մինչեւ անոնց նաւ հանուիլը ապահով պայմաններու մէջ։ Ինչ որ ծանր, սպառիչ յոգնութիւն եւ զոհաբեր աշխատանք կ’արժէր պատանի-երիտասարդներուն, որոնց բարեխիղճ աշխատանքը արժանի էր բարձր գնահատանքի։
Այս առնչութեամբ՝ գոհունակութեամբ կ’արձանագրենք, որ Ներգաղթի Կեդրոնական կոմիտէն օրին բարձր գնահատած է Հ․Մ․Մ․-ական արիներուն ցուցաբերած պարտաճանաչութիւնը եւ ազգային ծառայութեան ոգին, եւ զիրենք վարձատրած՝ Պատուոյ Գիրով մը, որ կը մէջբերենք այստեղ․-
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական Խորհուրդին՝
Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայերու Ներգաղթի Կոմիտէն մասնաւոր շնորհակալութիւններ կը յայտնէ խումբիդ բոլոր սկաուտներուն, գուրգուրանքով եւ աշխուժով լի այն գործունէութեան համար, զոր անոնք ցուցաբերեցին հայրենադարձ կարաւանները ճամբու դնելու համար իրենց կատարած հսկողական, կարգապահական եւ փոխադրական պարտականութեանց կատարման մէջ, հեռաւոր վայրերէ մինչեւ Գարանթինա, քարափ ու շոգենաւի վրայ:
Կոմիտէն կը մաղթէ որ ձեր բոլոր սկաուտները իրենց ծառայութեանց վարձատրութիւնը գտած ըլլան, հետզհետէ երթալով խտացնել հայրենիքի պիոներական խումբերուն շարքերը, հոն եւս շարունակելու համար իրենց հայրենասիրական նուիրումը:
Փայլուն գործունէութեան մը լաւագոյն մաղթանքներ:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայերու Ներգաղթի Կոմիտէ (կնիք)
Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն: