Վատիկան յայտարարեց, թէ Ֆրանչիսկոս պապը հանգիստ գիշեր մը եւս անցուցած է եւ արդէն կը շնչէ ինքնուրոյն, առանց սարքերու օգնութեան: Ըստ յայտարարութեան, սրբազան քահանայապետին առողջական վիճակը կայուն է եւ ան չի տառապիր ջերմութենէ: Նշենք, որ պապը աւելի քան երկու շաբաթ առաջ հիւանդանոց փոխադրուած էր երկկողմանի թոքաբորբի պատճառով: