Եգիպտոսի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Գահիրէի մէջ կը հիւրընկալեն Կազային վերաբերող քննարկումներ, մասնակցութեամբ ամերիկեան, իսրայէլեան եւ քաթարեան պատուիրակութիւններուն: Խորհրդակցութեանց նպատակն է արծարծել կայունութիւնը ամրացնելու միջոցները եւ Կազայի վերակառուցումին մանրամասնութիւնները: