«ԱՐԱՐԱՏ», 16-21 Փետրուար 1970
Ծանօթ պատմագիր Արսէն Կիտուր (1883-1976), այս շաբաթ, վեց յաջորդական թիւերով ընդարձակ հատուած մը վերատպեր է թերթին մէջ՝ իր «Պատմութիւն Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան» հատորէն։ Այս արտատպումը կատարուեր է պատասխանելու համար Պէյրութ տպուած գրքոյկի մը, որ ,– ինչպէս կրցանք ստուգել,– Մոնթէվիտէոյի ու Սան Փաւլոյի Զէյթունի հայրենակցական միութիւնները հրատարակեր են Պէյրութի մէջ (տպ. Շիրակ, 1969), իրենց կարգին՝ հակազդելու համար հնչակեան գործիչ Աղասիի (Թուրսարգիսեան) անունով նախորդ տարի (1968) վերահրատարակուած «Զէյթուն եւ իր շրջակաները» ծաւալուն հատորին։ Այնպէս կը թուի, որ Հարաւային Ամերիկայի Զէյթունի միութիւնները,– թերեւս կուսակցական հակամարտութիւններէ մղուած…,– փորձած են թերագնահատել կամ նսեմացնել Աղասիի դերը Զէյթունի 1895-ի Բ. ապստամբութեան մէջ, ինչ որ զայրոյթ պատճառեր է պատմագիր Կիտուրին ու զինք մղեր՝ վերապատմելու խնդրոյ առարկայ ժամանակաշրջանի դէպքերը։ Արսէն Կիտուր Զէյթունի ապստամբութեան գլխաւոր կազմակերպիչը կը նկատէ հաճընցի Աղասին, մանրամասն կը գծէ Պէյրութի, Հալէպի, Մուսա Լեռան, Տէօրթ Եօլի, Քիլիսի, Այնթապի, Մարաշի մէջ անոր գողածածուկ շրջագայութիւնները, կազմակերպչական ընդյատակեայ գործերը, որոնք իվերջոյ պիտի յանգէին 1895-ի ապստամբութեան։
17 Փետրուարի թիւին խմբագրականը կ՛անդրադառնայ Սփիւռքի մաշող երեւոյթին։ «Արարատ» համոզուած է, որ Սփիւռքը հետզհետէ պիտի չքանայ, ձուլուի։ Հետեւաբար՝ հարկ է քաջալերել հայրենադարձութիւնը, մա՛նաւանդ որ Խորհրդային Հայաստանը ուշագրաւ նուաճումներ կ՛արձանագրէ այլազան մարզերու մէջ։ Հոն, հայը պիտի գտնէ ազգային ապահովութիւն, մօտիկ ապագային ալ՝ տնտեսական բաւարարութիւն։ Ա՛յս է թերթին անխախտ համոզումը։
Թերթին Հալէպի թղթակիցը երկու անջատ գրութիւններով տեղեկութիւններ հաղորդեր է Նոր Գիւղ թաղամասի Կիլիկեան ու Տաւուտիէ թաղամասի Վարդանեան վարժարաններուն մասին, որոնք առհասարակ կը մատակարարուէին հնչակեան շրջանակներու կողմէ։ Այժմ (2025), այս զոյգ դպրոցները պատմութեան կը պատկանին. չկան շատո՜նց (փակուած են 70-ականներու Բ. կէսին)։ Բայց այդ օրերուն, կէս դար առաջ, անոնք բաւական կենսունակ էին։ Ըստ թղթակցին, Կիլիկեանի տնօրէնութիւնը կը վարէր ընկ. Հրանդ Մուրատեան (1945-էն իվեր)։ Դպրոցը ունէր 400 աշակերտ։ Միւսը՝ Վարդանեանը, կը տնօրինուի եղեր (1961-էն իվեր) Յակոբ Գույումճեանի կողմէ։ Ունի 250 աշակերտ։
Հալէպի նոյն թղթակիցը անջատ զեկոյցով մըն ալ ընդհանուր պատկերացում մը տուեր է Հ.Մ.Մ.-ի Հալէպի կազմին տարաբնոյթ գործունէութեան մասին։ Մի առ մի նշուեր են անունները միութեան հովանիին տակ գործող մարմիններու (ընկերային դիւան, ֆութպոլի, պասքէթպոլի, փինկ-փոնկի յանձնախումբեր, սկաուտական խորհուրդ) վարչականներուն։
Գրախօսուեր է Հրանդ Գանգրունիի նորատիպ «Մեր նաւը» վէպը (Պէյրութ, տպ. Տօնիկեան, 1969), որ հեղինակին հինգերորդ գիրքն է եղեր։ Գրախօսը՝ Աւետիս Եափուճեան, սոյն գրախօսականը լոյս ընծայեր է Գահիրէի «Արեւ»–ին մէջ (որուն խմբագիրն էր ինք), ուրկէ արտատպեր է «Արարատ»։ Եափուճեան գնահատեր է գործը։ Ըստ իրեն՝ հեղինակին լեզուն «պարզ է, վճիտ եւ անսեթեւեթ, ոճը՝ խրթնութիւններէ զերծ, դիւրահասկնալի՝ մտաւորական ամէն մակարդակի ընթերցողի համար»։
Զուտ գրական նիւթ մը կը շօշափէ Ս. Պալաթոնի յօդուածն ալ. «Վերյուշը Ստեփան Զօրեանի ստեղծագործութեանց մէջ (ծննդեան 80-ամեակին առիթով)։ Յօդուածագիրը կը գնահատէ Ստ. Զօրեանի (1889-1967) արձակ գործերը ու չի մոռնար ընդգծել, թէ ան «ընդհանուր առումով, չհետեւեցաւ պրոլետ գրողներու թխածոյ բանաձեւերուն, այլ անհատականացուց, տիպական դարձուց իր հերոսները, օժտելով զանոնք ազգային յատկանիշերու խտացմամբ, տեղային բարքերու գունաւորմամբ»։
Մինաս Գանգրունի՝ թերթին երաժշտական նիւթերու աշխատակիցը, դարձեա՛լ լուսարձակ բացեր է «Երաժշտական ու գեղագիտական հարցեր»-ու վրայ (գրութեան խորագիրն է)։ Սակայն, ինչպէս ըսած էինք տարբեր առիթով մը, յօդուածագրին լեզուն ու բառամթերքը մատչելի չեն։ Անհասկնալի են իր բացատրութիւններն ու մեկնութիւնները լայն չափով։ Հարց կը ծագի. ոմանք ինչո՞ւ կը սիրեն չարչարել բառերը…։
Այս շաբթուան «Գրական էջ»–ին մէջ կը տեսնուին երեք սիւնակներ։
Նախ՝ թատրոնի մասին խմբագրութեան ընթացիկ հարցարանը, որուն այս շաբաթ պատասխաներ է ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունի (1902-1980)։ Ըստ իրեն՝ հայ թատերգութիւնը հազիւ վեց անուն կրնայ հաշուել. Սունդուկեան, Շիրվանզադէ, Շանթ, Պարոնեան, մասամբ ալ Կոստան Զարեան եւ Յ. Օշական։ Քաղաքակիրթ միւս ազգերու մօտ ալ պատկերը տարբեր չէ։ Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանին, Որբունի կը գրէ. «Խորհ. Հայաստան, ուր կարեւոր թիւով թատրերգակներ կան, միջակութենէն անդին չ՛անցնիր թատերական արտադրանքը»։ «Արարատ» այս բուռն հաստատումին տեղ տուեր է առանց վերապահութեան, առանց ընդդիմախօսութեան… (թէեւ երկու շաբաթ առաջ ընդվզեր էր նոյն հարցարանին պատասխանող տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի շա՛տ աւելի մեղմ արտայայտութեանց դիմաց…)։ Էջին երկրորդ սիւնակը գրաւեր են Հայաստանէն Գէորգ Էմինի ու Սիլվա Կապուտիկեանի յղած նամակները Պէյրութ, ողջունելու համար իրենց 50-ամեակին առթիւ սարքելի գրական ձեռնարկը։ Գ. Էմին կը յիշեցնէ որ իր սերունդը «1937 թուականին» (կ՛ակնարկէ ստալինեան մաքրագործումներուն — Լ.) 17-18 տարեկան էր, իսկ Բ. Աշխարհամարտի դաժան տարիներուն՝ 21-25 տարեկան, եւ այս բոլորը՝ «այնքան էլ նպաստաւոր չէին կեանքի եւ մանաւանդ երիտասարդութեան ու ստեղծագործութեան համար…»։ Էջին երրորդ սիւնակն ալ ձօնուեր է Պէթհովէնի ծննդեան 200-ամեակին։ Տրուեր է գերմանացի աշխարհահռչակ երգահանին կեանքը (1770-1827, յօդուածագիրը՝ Մինաս Գանգրունի)։
Տեղական թղթակցութիւն մը համառօտ կերպով կը նկարագրէ միջվարժարանային այն ցերեկոյթը, որ նախաձեռնած էր Ս.Դ.Հ.Կ.-ի երիտասարդական-ուսանողական դիւանը, Փետրուար 5-ին, Վարդանանցի առիթով, Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի սրահին մէջ։ Ձեռնարկին բացումը կատարեր է ընկ. Արսէն Տագէսեան։ Զանազան դպրոցներէ աշակերտներ ներկայացուցեր են գեղարուեստական յայտագիր մը։ Օրուան խորհուրդին մասին խօսք առեր է ընկ. Յարութիւն Կէրկէրեան։ Ֆոթօ Շիրազն ալ (Յովհաննէս Ճէրէճեան) ցուցադրեր է իր նշանաւոր հայկական լուսանկարները, որոնք լայն հետաքրքրութիւն գտեր էին այդ օրերուն։
Տեղական այլ թղթակցութիւն մը կ՛անդրադառնայ Հայաստանէն ժամանած Շահէ Տատուրեանի Պէյրութի դասախօսութեան։ Բացումը կատարեր է կազմակերպիչ միութեան՝ Թ.Մ.Մ.-ի ատենապետ Երուանդ Պապայեան։ Դասախօսը, որ հայրենադարձ է, խօսեր է սփիւռքահայ գրականութեան մասին։ Ան վեր առեր է արձակագրուհի Լասի «Հարցականի ուղիներով» վէպը, որով՝ Սփիւռքի հայութեան փրկութեան կայք ցոյց կը տրուէր Մայր Հայրենիքը։ Տատուրեան նկատել տուեր է որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ամէն 5-6 տարին անգամ մը գրական ասպարէզ կ՛իջնէ նոր սերունդ մը։ Ան «կարելիութիւններ» մատնանշեր է Միջին Արեւելքի մէջ սփիւռքահայ գրականութեան ծաղկումին համար։
Թատերական ակնարկ մը ստորագրեր է Ալպեր Մինասեան՝ երկու թատերական օտարալեզու ներկայացումներու մասին, ի Պէյրութ։ Այս յօդուածագիրը անծանօթ է մեզի, սակայն իր մեկնաբանութիւնները կը մատնեն հմտութիւն մը ու կ՛ընթերցուին հաճոյքով։
Այս շաբթուան ազգային-միութենական ծանուցումները հետեւեալներն են.
— Բալուի հայրենակցական միութիւնը ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը կազմակերպեր է եղեր Ժան տ՛Արք փողոցի «Սայաթ-Նովա» ճաշարանին մէջ (21 Փետրուար)։
— Կեսարիոյ աղքատախնամ ընկերութիւնը իր ճաշկերոյթ-պարահանդէսին համար թուական ճշդեր է եղեր Մարտ 21-ը, պանդոկ Ֆենիսիայի մէջ։ (Ի դէպ, հայրենակցական միութիւնները, իրենց ծանուցումներով, մտածել կու տան երեւոյթի մը մասին, որ շա՜տ տխուր է։ Այդ միութիւններէն ոմանք այսօր չկան. իսկ եթէ կանգուն են տակաւին՝ տկարացեր են ու կորսնցուցեր իրենց երբեմնի աշխուժութիւնը…։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ պատճառով մեր հայրենակցական գունագեղ միութիւնները փետրաթափ եղան տարիներու ընթացքին ու չքացան հրապարակներէն…։ Անոնք պէտք չէ՞ր որ ապրեցնէին, կենդանի պահէին կորսուած Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ յուշը, յիշատակը, անո՛ւնը…)։
— Հայկազեան գոլէճի Հայագիտական ամբիոնը դասախօսութեան մը հրաւիրեր է հանրութիւնը՝ նիւթ ունենալով «Խտրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։ Դասախօս՝ Լեւոն Վարդան (Գոլէճի հանդիսասրահ, 25 Փետրուար)։
— Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի «Տարեկան շքեղ պարահանդէս»-ը տեղի պիտի ունենայ եղեր «Գազինօ Սէպիլ»-ի մէջ, նախագահութեամբ տիար Սարգիս Սարգիսեանի (21 Փետրուար)։
— Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը «Երգահանդէս»-ի մը հրաւէրը ուղղեր է հանրութեան։ Պիտի մեներգէ եղեր Էլիզապէթ Աւետիսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ մեթր Միշէլ ՉեսքինոՖի («Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, 28 Փետրուար)։
— Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը բազմաձայն զրոյցի մը ծանուցումը կատարեր է, արծարծելու եւ շօշափելու համար «Հայ վարժարաններու կրթական հարցերը» («Կոմիտաս» սրահ, Քանթարի, 24 Փետրուար)։ Զրոյցին իրենց տեսակէտները պիտի պարզեն եղեր Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (տնօրէն Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի), պրն. Բենիամին Ժամկոչեան (տնօրէն Սահակեան լիսէի), պրն. Հրաչ Տասնապետեան (տնօրէն Նշան Փալանճեան ճեմարանի) եւ պրն. Եդուարդ Էլոյեան (տնօրէն Սուրէն Խանամիրեան գոլէճի)։
Այսքանը ահագին բան է արդէն շաբթուան մը համար։ Չէ՞ք կարծեր։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)