Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

March 3, 2025
in Գաղութային
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

 

Հինգշաբթի, 27 Փետրուար 2025-ի առաւօտուն, սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ «պատմութիւնը առաքինի քաջերուն, որոնք պատերազմեցան» եւ «պատմութիւնը անոնց, որոնք լքեցին, նահանջեցին, ընկրկեցան, դաւաճանեցին ու հեռացան» Եղիշէ պատմիչի բառերով։ Ան ըսաւ, որ յոռետես ըլլալու կարիք չկայ, սակայն պէտք է ըլլալ ճշմարտատես ու ճշմարտախօս, որպէսզի առիթ ունենանք ինքնաճանաչումի ու ինքնասրբագրումի։ Քարոզիչ սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ սրբոց Վարդանանց յիշատակը մեզ կը հրաւիրէ, համաձայն եբրայեցիներու ուղղուած նամակին, հեռանալու վատութենէ ու ստութենէ եւ միանալու հաւատքին շուրջ՝ հայոց ուխտի միաբանութեան համար։ Ուստի, ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը տարանջատուած ու անմիաբան է եւ այսօր պէտք ունինք Վարդանանց ոգիին ու անոր ներշնչող ներկայութեան՝ միաւորման ու հաւատքի նորոգման ի խնդիր։

 

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հայրապետական թափօրին վեհարան բարձրանալէն ետք, Դպրեվանքի աշակերտները վարդանաշունչ երգերով ոգեւորուեցան ու ոգեւորեցին ներկաները՝ հոգշ. Տ. Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի խմբավարութեամբ։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եկաւ ամբողջացնելու օրուան խորհուրդը։ Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց ազգերու կեանքին մէջ խորհրդանիշներու իմաստը՝ վստահեցնելով, որ անոնք կ՚անդրանցնին ժամանակի սահմանները եւ չեն կորսնցներ իրենց առաքելութիւնն ու պատգամը։ Այս իմաստով, մեր ողջ պատմութեան ընթացքին Վարդան Մամիկոնեանն ու Ղեւոնդ Երէցը դարձան անմահներ ու խորհրդանիշներ։ Հայրապետը յայտնեց, որ Մամիկոնեանն ու Երէցը իրարմէ անջատել կարելի չէ. անոնք մէ՛կ ամբողջութիւն են եւ մէ՛կ պատգամ կը փոխանցեն մեզի։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին, իբրեւ Վարդանի ու Ղեւոնդի թոռներ, հաւատարիմ մնալու այն հաւատքին, որ մեզ ամուր պահեց պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց, ցեղասպանութիւններու ընթացքին յոյս տուաւ եւ գոյատեւելու մեր կամքը ամրացուց։

 

«Այսօր, երբ ամէն տեղ կը նշենք Վարդանանքը, հարց կու տամ՝ ինչո՞ւ։ Անոնք պէտք չունին մեր յիշատակութեան, մեր տօնախմբութեան, երգերուն ու պատգամներուն…։ Անոնք սրբացած անմահներ են։ Մե՛նք է, որ կարիքը ունինք անոնց. մե՛նք պէտք ունինք անոնցմէ եկող ոգիին, հաւատքին, տեսլականին եւ այն բոլոր արժէքներուն ու արժանիքներուն, որոնց հարազատ թարգմանը եղան անոնք եւ պահեցին մեր ժողովուրդը։ Այսօր, մեր ժողովուրդը կոչուած է նոյն ոգիով, հաւատարմութեամբ եւ կեանքի հզօրութեամբ «ո՛չ» ըսելու, Հայաստանէն սկսեալ ամէն տեղ, այն բոլոր փորձերուն, որոնք կը փորձեն մեր քրիստոնէական հաւատքը նսեմացնել եւ մեր ազգային ինքնութիւնը գունաթափել։ Վարդաններու ու Ղեւոնդներու յաջորդները՝ մենք, բոլորս, կոչուած ենք «ո՛չ» ըսելու այն բոլոր փորձերուն, որոնք Հայաստանի գերիշխանութիւնը, ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը ու անվտանգութիւնը հարցականի տակ կը դնեն», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։

 

Իր պատգամի աւարտին Նորին Սուրբ Օծութիւնը հրաւիրեց մեր ժողովուրդի զաւակները միասնաբար ու հաւաքաբար վերանորոգելու մեր հաւատքը, ամրացնելու մեր կամքն ու յոյսը եւ վառ պահելու մեր տեսլականը՝ «վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» ամրապնդման ու անսասանութեան։

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Next Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԹՈՄԸՍ ԿՐԻՆՇԻԼԾԻ «THE SETTLEMENT OF ARMENIAN REFUGEES IN SYRIA AND LEBANON, 1919-1939» ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԸ

Next Post
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ  ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԹՈՄԸՍ ԿՐԻՆՇԻԼԾԻ «THE SETTLEMENT OF ARMENIAN REFUGEES IN SYRIA AND LEBANON, 1919-1939» ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԸ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԹՈՄԸՍ ԿՐԻՆՇԻԼԾԻ «THE SETTLEMENT OF ARMENIAN REFUGEES IN SYRIA AND LEBANON, 1919-1939» ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.