* Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը աւելցած է՝ 2024 թուականի վերջաւորութեան դրութեամբ կազմելով 3 միլիոն 75 հազար 800 մարդ:
2024-ի սկիզբը բնակչութեան թիւը եղած է 2 միլիոն 991 հազար 200:
Համեմատութեան համար 2023-ի վերջաւորութեան դրութեամբ մշտական բնակչութեան թիւը կազմած է 2 միլիոն 991 հազար 200, 2022-ի վերջաւորութեան դրութեամբ՝ 2 միլիոն 937 հազար 500:
* ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնած է, որ ԼՂ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի լուսանկարը, որուն մէջ ան խոշտանգուած տեսք ունի, իր վրայ շատ ծանր տպաւորութիւն թողած է:
ԱԽ քարտուղարը վստահեցուցած է, որ իշխանութիւնը կ’օգտագործէ գոյութիւն ունեցող հնարաւոր բոլոր գործիքները, որ լուծում գտնուի։
«Լուծումն այն է, որ բոլոր գերիներն ազատուեն ու վերադառնան Հայաստան։ Մենք շարունակելու ենք աշխատել այս ուղղութեամբ, ջանքեր գործադրում ենք, որ ազատուեն բոլոր 23 գերիները»,- նշած է Գրիգորեան՝ միաժամանակ յաւելելով, որ հարցը շատ նուրբ է ու այդ ուղղութեամբ կը տարուի ամէնօրեայ աշխատանք:
* Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական ղեկավար Մարքուս Ռիթեր ըսաւ, որ երկու տարուայ ընթացքին աւելի քան 4500 պարեկութիւն իրականացուած է եւ անոնց շնորհիւ Հայաստանի սահմաններուն աւելի քիչ թիւով միջադէպեր արձանագրուած են: Անոր խօսքով՝ սահմանին այժմ եւս իրավիճակը հանգիստ է, բայց թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ ամրաշինական աշխատանքներ տեղի կ’ունենան: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանէն հնչող մեղադրանքներուն, թէ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը «լրտեսական» գործունէութիւն կ’իրականացնէ, եւ այդ գործունէութիւնը «չի նպաստեր» խաղաղութեան հաստատման, Ռիթեր ընդգծեց՝ իրենց գործունէութիւնը թափանցիկ է, լրտեսութիւն չեն իրականացներ: