Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԹՈՄԸՍ ԿՐԻՆՇԻԼԾԻ «THE SETTLEMENT OF ARMENIAN REFUGEES IN SYRIA AND LEBANON, 1919-1939» ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԸ

March 3, 2025
in Այլազան
0
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ  ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԹՈՄԸՍ ԿՐԻՆՇԻԼԾԻ «THE SETTLEMENT OF ARMENIAN REFUGEES IN SYRIA AND LEBANON, 1919-1939» ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԹԵԶԸ

 

 

Հատորը լուսարձակի տակ կ’առնէ 20 Հոկտեմբեր 1921-ին կնքուած ֆրանքօ-թրքական համաձայնագիրին հետեւանքները՝ պապենական հողեր վերադարձած հայ խլեակներուն վրայ:

Արդարեւ, Ցեղասպանութենէն վերապրած, տասանորդուած հայ մնացորդացին կարեւոր մէկ մասը հաւաքուած էր Կիլիկիա՝ այնտեղ հայկական պետութիւն հիմնելու երազներով:

Սակայն, այդ երազները փշրուեցան վերոյիշեալ տխրահռչակ համաձայնագիրով, որ Կիլիկիան յանձնեց նորածիլ քեմալական Թուրքիոյ: Հայութիւնը ստիպուած էր կրկնաքսորի դատապարտուիլ՝ խուսափելու համար երկրորդ ցեղասպանութենէ մը: Արդարեւ Մուսթաֆա Քեմալի քաղաքականութիւնն էր Թուրքիան թրքացնել, երկիրը վերածելով միատարր ազգութեան:

Կրկնաքսորի ելած հայութեան մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ Սուրիա-Լիբանան, իսկ աւելի փոքր թիւերով հայեր գաղթեցին Կիպրոս, Եգիպտոս, Պաղեստին եւն.:

Սուրիա-Լիբանան հասած հայ գաղթականներուն տեղաւորման, կենցաղային, ընկերային, առողջապահական, որբանոցային եւ այլեւայլ կարիքներուն օգնութեան հասան միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ, Նիր Իսթ Ռիլիֆը, միսիոնարական խմբաւորումներ, հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւնները, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, բարոյական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեց նաեւ Հայ Եկեղեցին:

1970-ականներուն Տըրհէմ համալսարանի ուսանող Թոմ Կրինշիլծ եղաւ այն երիտասարդ աշխատասիրողը, որ դոկտորականի իր թեզին նիւթ դարձուց Սուրիա-Լիբանան տեղաւորումը կրկնաքսորուած հայ գաղթականութեան: Հիմնուելով Ազգերու լիկայի արխիւային, ինչպէս եւ այլ արխիւներու նիւթերուն թէ ժամանակակից մամուլին ու պարբերականներուն մէջ լոյս տեսած համապատասխան տեղեկագրերու եւ լրատուութիւններու վրայ, երիտասարդ գիտաշխատողը ներկայացուց գիտական կարեւոր աշխատութիւն մը, որ իր տեսակին մէջ ցարդ կը մնայ անգերազանցելի:

Իր գիտական արժէքին պատճառով, ուսումնասիրութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, որ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ծերունազարդ հեղինակին հետ: Վերջինս ազնուօրէն ընդառաջեց թեզը գիրքի ձեւաչափով հրատարակելու փափաքին:

Գիրքը անզուգական, բացառիկ, լայնածիր, մանրամասն ուսումնասիրութիւն մըն է՝ ժողովրդային աշխարհագրութեան (human geography) բնագաւառին համար: Ան կարեւոր սկզբնաղբիւր է գաղթականութեան, գաղթականներու տեղաւորման, հիւր երկիրներու հաւաքականութիւններուն համարկումին ուսումնասիրութեանց առումով: Ան խորունկ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէ գաղթական զանգուածներու տեղաւորման գործընթացին ընկերային, աշխատանքային, կրթական, մշակութային, առողջապահական, տնտեսական, աշխարհագրական թէ այլ մարտահրաւէրները:  Աշխատասիրութիւնը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ բաղդատական կորիզ՝ հայ գաղթականութեան Կիպրոս, Յունաստան, Եգիպտոս թէ Պաղեստին տեղաւորման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ աղէտին հետեւանքով յոյն եւ հայ գաղթականութեան Յունաստան տեղափոխման եւ տեղաւորման գործընթացներուն առնչութեամբ, իսկ ընդհանրապէս՝ Միջին Արեւելքի թէ աշխարհի այլ մասերու մէջ գաղթականութեան տեղաւորման գործընթացներուն:

Հուսկ, գիրքը գիտական պատումն է 1919-1939 Լիբանան եւ Սուրիա հաստատուած հայութեան տեղաւորումի գործընթացին՝ իր այլազան երեսակներով:

Հատորը լոյս տեսած է նուիրատուութեամբ Ատալեան ընտանիքին՝ ի յիշատակ իրենց մօր, Արաքսի Տէր Պօղոսեանի եւ իր հօրեղբօր՝ Փօլ Տէր Պօղոսեանի, որ աշակերտը եղած է Արմենակ Հայկազեանի:

 

Հատորը կարելի է ներբեռնել հետեւեալ հասցէներէն.-

https://arar.sci.am/dlibra/publication/412398 , https://doi.org/10.62811/hup.032

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ

Next Post

ՄԵՐ ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Next Post
ՄԵՐ ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

ՄԵՐ ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.