Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՐԻԶ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՔԱՇՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ»

March 3, 2025
in Միջազգային
0
ՓԱՐԻԶ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ՔԱՇՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈԼՈՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐԷՆ»

 

Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յստակացուց, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը յստակօրէն կը խօսի լիբանանեան բոլոր շրջաններէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջի մասին: Ըստ Փարիզի, համաձայնութիւնը կը վերաբերի նաեւ լիբանանեան հինգ բլուրներուն, ուր տակաւին տեղակայուած են իսրայէլացիները եւ կը մերժեն քաշուիլ՝ Հըզպալլայի շարժումները կանխելու պատճառաբանութեամբ: Նախապէս, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց պնդած էր, որ իրենք ամերիկեան կանաչ լոյս ստացած են՝ անժամկէտ մնալու լիբանանեան սահմանային գօտիին մէջ:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հաւաստիացուց, որ Լիբանանի մէջ ամբողջական կայունութիւն եւ անվտանգութիւն կարելի չէ հաստատել, առանց հարաւի բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջին: Հարաւային Սուր քաղաքի Պենուա Պարաքաթի անուան զօրամասին առջեւ բողոքի նստացոյց կազմակերպած սահմանային Տուհէյրա գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցած ատեն վարչապետը վստահեցուց, որ դիւանագիտական աշխոյժ աշխատանք կը տարուի՝ ապահովելու համար իսրայէլեան ուժերուն ամբողջական նահանջը Լիբանանի բռնագրաւեալ հողերէն: Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարարին հետ: Վերջինս Գահիրէի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին, խոստանալով շարունակել օգնութիւններու տրամադրումը:

Լիբանանեան հողերուն նկատմամբ շարունակուող ոտնձգութիւններու ծիրին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Հըրմէլի ուղղութեամբ իսրայէլեան անօդաչու սարքերու երեք հարուածներուն հետեւանքով զոհուած է անձ մը եւ վիրաւորուած ուրիշ մը: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըրմէլի նախանցեալ օրուայ հարուածին թիրախը Մոհամմատ Շահինն էր, որ կ’աշխատէր ապահովել սուրիական հողերէն Հըզպալլայի զինամատակարարումը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ մինչ այդ նշեցին, որ «բանակը չի բացառեր Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն թիրախաւորումը, եթէ շարունակուին Հըզպալլայի խախտումները»:

Իսկ Խիամի մէջ, Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, թէ որոնումներուն ընթացքին կարելի եղած է յայտնաբերել երկու զոհի աճիւն: Լիբանանեան բանակը իր կարգին Քֆարշուպայի շրջանին մէջ բացայայտեց իսրայէլեան լրտեսող սարք մը:

Share62Tweet39
Previous Post

  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ ՉԿԱՅ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ ՉԿԱՅ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ ՉԿԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.